ՔԱՌՈՐԴ ԴԱՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Ինչ­պէս տե­ղե­կա­ցու­ցած էինք, Հա­յաս­տան հրա­տա­րակ­չու­թե­նէն լոյս տե­սած է հայ­րե­նի պատ­մա­բա­նա­սէր, հա­յա­գէտ ու սփիւռ­քա­գէտ Ար­ծուի Բախ­չի­նեա­նի «Հա­յե­րը հա­մաշ­խար­հա­յին պա­րա­րուես­տին մէ­ջ» գիր­քը, որ կը ներ­կա­յաց­նէ աշ­խար­հի ա­ւե­լի քան քա­ռա­սուն եր­կիր­նե­րէ շուրջ եօթ հա­րիւր յի­սուն հայ կամ հայ­կա­կան ծա­գում ու­նե­ցող պա­րու­հի­ներ, պա­րա­դիր­ներ եւ պա­րու­սոյց­ներ:

Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­րա­րուես­տին մէջ հա­յազ­գի գոր­ծիչ­նե­րու մա­սին այս­պի­սի գիրք հրա­տա­րա­կե­լու հայ հե­ղի­նա­կին վա­ղե­մի ցան­կու­թիւ­նը ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած է պա­րա­րուես­տի ե­րախ­տա­ւոր, Ե­րե­ւա­նի պա­րա­րուես­տի ու­սում­նա­րա­նի ա­ռա­ջին սփիւռ­քա­հայ ու­սա­նող, Լի­բա­նա­նի ա­ռա­ջին ար­հես­տա­վարժ պա­լէի պա­րու­հի­նե­րէն, այժմ գա­նա­տաբ­նակ պա­լէի ու­սուց­չու­հի՝ Սօ­նա Փո­լա­տեան-Օր­ճա­նեա­նի սի­րա­յօ­ժար մե­կե­նա­սու­թեան շնոր­հիւ:

Ար­ծուի Բախ­չի­նեան, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի մէջ ծա­նօթ ա­նուն մըն է թէ՛ իր գիր­քե­րով եւ թէ՛ պատ­մա­բա­նա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ, 2009 թուա­կա­նէն ի վեր կ՚աշ­խա­տի Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միա­յի Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի Սփիւռ­քի եւ հայ­կա­կան գաղ­թօ­ճախ­նե­րու պատ­մու­թեան բաժ­նին մէջ, ուր ան սի­րով հիւ­րըն­կա­լեց ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ը, պատ­մեց թէ՛ իր նոր լոյս տե­սած գիր­քին մա­սին (մա­կագ­րե­լով զայն) եւ թէ՛ ալ հա­յա­գէ­տի, պատ­մա­բա­նա­սէ­րի այ­սօ­րուան այ­լե­ւայլ խնդիր­նե­րուն հան­դէպ իր մօ­տե­ցում­նե­րը ներ­կա­յա­ցուց։

-Ար­ծուի՛, կը յի­շեմ, որ քու հե­ղի­նա­կու­թեամբ նմա­նա­տիպ ու­րիշ աշ­խա­տու­թեան մը՝ «Հա­յե­րը հա­մաշ­խար­հա­յին շար­ժան­կա­րա­յին ա­րուես­տին մէ­ջ» ծա­ւա­լուն հա­տո­րին պատ­րաս­տու­թիւ­նը տաս­նեակ տա­րի­նե­րու աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քով լոյս տե­սաւ: Այս մէ­կը որ­քա՞ն ժա­մա­նակ ա­ռաւ:

-Այս մէ­կը նմա­նա­պէս եր­կար ժա­մա­նակ ա­ռած է. քսան­հինգ տա­րի աշ­խա­տած եմ հա­տո­րիս վրայ եւ աշ­խա­տած եմ իմ միւս գիր­քե­րուս հետ զու­գա­հե­ռա­բար: Ես ու­նիմ հե­տաքրք­րու­թիւն­ներ, եւ ա­մէն ան­գամ ո­րե­ւէ աղ­բիւր պրպտե­լու ժա­մա­նակ, բո­լոր հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րուս մա­սին տուեալ­նե­րը կը փնտռեմ ու կը հա­ւա­քեմ միեւ­նոյն ա­տեն: Իսկ իմ հե­տաքրք­րու­թիւն­ներս կար­ծէք, թէ անս­պառ են, բայց բա­ւա­կան սահ­մա­նա­փա­կած եմ զա­նոնք: Ա­ռա­ջի­նը ան­շուշտ՝ Սփիւռքն է, ա­նոր նշա­նա­ւոր մար­դի­կը, ա­նոր մա­նա­ւանդ ան­ծա­նօթ հայ­րե­նա­կից­նե­րը, ան­ծա­նօթ մնա­ցած հա­մայնք­նե­րը, ո­րոնց ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ կը զբա­ղիմ եւ այդ հան­գա­ման­քով նաեւ հրա­ւի­րուե­ցայ աշ­խա­տե­լու այս­տեղ՝ Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կին մէջ: Բայց ես մեծ գե­ղա­րուես­տա­սէր եմ, չեմ ալ գի­տեր՝ ա­ռա­ջի­նը շար­ժան­կա­րա­յին ա­րուես­տը ը­սեմ, թէ՝ պա­րա­րուես­տը. բայց այդ եր­կու ա­րուեստ­նե­րը հա­ւա­սա­րա­պէս սի­րե­լի ու հա­րա­զատ են ին­ծի: Ի՞նչ ալ ը­նեմ, կ՚ը­նեմ որ­պէս հա­յա­գի­տա­կան աշ­խա­տանք, չեմ ու­զեր, որ զիս ա­նուա­նեն շար­ժան­կա­րա­յին ա­րուես­տի մաս­նա­գէտ, ես պատ­մա-բա­նա­սէր եմ ու շար­ժան­կա­րա­յին ա­րուես­տի կամ պա­րա­րուես­տի ու­սում­նա­սիր­ման մէջ բա­նա­սի­րա­կան աշ­խա­տանք կը կա­տա­րեմ. իմ աշ­խա­տանքս բա­նա­սի­րա­կան նիւ­թի հի­ման վրայ պատ­մու­թիւն ստեղ­ծելն է:

Մա­նա­ւանդ հայ շար­ժան­կա­րա­յին ա­րուես­տի պատ­մու­թիւ­նը, հայ բե­մա­կան պա­րի նա­խա­պատ­մու­թիւ­նը, ան­ծա­նօթ մնա­ցած է­ջե­րը եւ հա­յու­թեան նպաս­տը՝ հա­մաշ­խար­հա­յին շար­ժան­կա­րի եւ պա­րա­րուես­տի մէջ, միշտ ե­ղած են իմ ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին:

-Իսկ ինչ­պէ՞ս սկիզբ ա­ռին Սփիւռ­քի՝ մա­նա­ւանդ ան­ծա­նօթ հա­մայնք­նե­րու հան­դէպ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներդ:

-Ա­մէն ինչ սկսաւ սկան­տի­նա­ւեան հա­մայնք­նե­րէն, ուր ես քսան տա­րի ա­ռաջ միայն տա­սը ա­միս ապ­րե­ցայ եւ տե­սայ, որ մե­զի վե­րա­բե­րող որ­քան նիւթ կայ այդ եր­կիր­նե­րուն մէջ: Յե­տոյ ան­ցայ եւ­րո­պա­կան այլ եր­կիր­ներ՝ Չե­խիա, Ալ­պա­նիա, Հա­րա­ւա­յին Ս­­լա­ւիա, յե­տոյ ա­ւե­լի հե­ռու­նե­րը՝ Ափ­րի­կէ, Չի­նաս­տան, Ճա­բոն, ա­սոնք այն եր­կիր­ներն են, ո­րոնց հա­մայնք­նե­րու պատ­մու­թեամբ կը զբա­ղիմ: Կը սի­րեմ քա­լել չտրո­րուած ճա­նա­պարհ­նե­րով ու տես­նել, թէ ո՞ր երկ­րի հայ հա­մայն­քի պատ­մու­թիւ­նը ան­տե­սուած է, պար­զա­պէս մար­դիկ չեն իսկ մտա­ծած, թէ այն­տեղ կրնայ ըլ­լալ հայ­կա­կան պատ­մու­թիւն, բայց մեր ժո­ղո­վուր­դը իս­կա­պէս ե­ղած է ա­մէն տեղ, կը մնայ միայն գտնել զա­նոնք:

Կո­մի­տա­սի տո­ղե­րը յի­շեմ՝ «Մտիր խո­րը, Գտիր նո­րը, Վա­նէ հի­նը, Բա­նէ մի­նը»: Ես այդ մէ­կը իբ­րեւ սկզբունք ըն­դու­նած եմ:

-Մե՞ծ ե­ղած է հա­յու­թեան բե­րած նպաս­տը շար­ժան­կա­րա­յին եւ պա­րա­յին ա­րուեստ­նե­րուն մէջ:

-Կը պար­զուի, որ ա­յո՛: Շար­ժան­կա­րա­յին ա­րուես­տի մէջ շատ մեծ ե­ղած է, բա­ւա­կան է միայն Ռու­բէն Մա­մու­լեան մը ու­նե­նա­լը: Պա­րա­րուես­տի մէջ ալ բա­ւա­կան ե­ղած է, հա­կա­ռակ որ ա­ռա­ջին հա­յեաց­քէն այդ­պէս չի թուիր, ո­րով­հե­տեւ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը մե­ծաւ մա­սամբ օ­տար ա­նուն­նե­րով հան­դէս ե­կած են: Բայց այն փաս­տը, որ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու ազ­գա­յին պա­րա­րուես­տի ազ­գա­յին դպրոց­նե­րու հիմ­նա­դիր­նե­րը ե­ղած են հա­յե­րը, մա­նա­ւանդ՝ ա­րե­ւե­լեան եր­կիր­նե­րու եւ խորհր­դա­յին հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու մէջ, այն փաս­տը, որ աշ­խար­հի ա­մե­նէն յայտ­նի դա­սա­կան պա­րի դպրո­ցի հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէ­կը՝ Ակ­րի­փի­նա Վա­կա­նո­վան հայ­կա­կան ծա­գում ու­նէր եւ հիմ­նած է «Ակ­րի­փի­նա Վա­կա­նո­վա» ա­նու­նով պա­րի լա­ւա­գոյն ու­սուց­ման դպրո­ցը, որ ճանչ­ցուած է աշ­խար­հի մէջ, ա­պա ա­սոնք բա­ւա­կան են ը­սե­լու, որ մեծ ե­ղած է նաեւ հա­յոց ներդ­րու­մը պա­րա­րուես­տի մէջ:

Ակ­րի­փի­նա Վա­կա­նո­վա­յի՝ հայ­կա­կան ծագ­ման մա­սին վեր­ջին տա­րի­նե­րուն նաեւ ռու­սե­րը սկսած են շատ խօ­սիլ։ Ես ան­շուշտ, գիր­քին մէջ ո­րոշ թէ-ա­կա­նու­թիւն ձգած եմ տա­կա­ւին, ո­րով­հե­տեւ քա­նի դեռ հա­րիւր տո­կոս հա­մո­զուած չենք, չեն ը­սեր:

Եւ այ­սօր կը տես­նենք հե­տաքրք­րա­կան սքան­չե­լիք մը, որ մա­նա­ւանդ եւ­րո­պա­կան պա­լէի խում­բե­րուն մէջ, յատ­կա­պէս Գեր­մա­նիոյ մէջ, չկայ խումբ մը, ո­րուն կազ­մին մէջ հայ­կա­կան մա­կա­նուն չըլ­լայ եւ կը տես­նես, որ ա­նոնք փայ­լուն ա­րուես­տա­գէտ­ներ են, ո­րոնք բո­լո­րը դուրս ե­կած են մեր Ե­րե­ւա­նի Պա­րա­րուես­տի ու­սում­նա­րա­նէն (որ հի­մա գո­լէճ կը կո­չուի): Այդ ան­շուք շի­նու­թիւ­նը, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, դար­ձած է տա­ղանդ­նե­րու հսկա­յա­կան «տա­նա­յան տա­կա­ռ» մը, ո­րով­հե­տեւ մենք շատ լաւ դրուածք եւ լաւ ու­սու­ցիչ­ներ ու­նինք այն­տեղ:

-Դուն կը խօ­սիս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տա­նէն գա­ցած պա­րա­յին ա­րուես­տա­գէտ­նե­րուն մա­սին, բայց ան­շուշտ մեծ է թի­ւը նաեւ Սփիւռ­քի զա­նա­զան հա­մայնք­նե­րուն մէջ ծնած եւ նշա­նա­ւոր դար­ձած հայ պա­րող­նե­րուն:

-Ես գիր­քին մէջ յստակ բաժ­նած եմ այդ մէ­կը, ի հար­կէ միշտ դէմ եմ սփիւռ­քա­հա­յու­թիւն եւ հա­յաս­տան­ցի­ներ բա­ժա­նու­մին, բայց գիր­քին մէջ կա­տա­րած եմ, քա­նի որ խօս­քը զա­նա­զան ե­րե­ւոյթ­նե­րու մա­սին է՝ թէ՛ մշա­կու­թա­յին, թէ՛ պատ­մա­կան ճա­կա­տագ­րի ա­ռու­մով:

Այլ բան է, երբ ռու­սա­կան պա­լէի դպրոց ա­ւար­տած հա­յաս­տան­ցին եր­թայ եւ դուր­սը աշ­խա­տի ու ներ­կա­յաց­նէ հայ­կա­կան թա­տե­րա­պա­րի (ballet) դպրո­ցը, որ ռու­սա­կան հիմ­քի վրայ է. մինչ­դեռ սփիւռ­քա­հա­յը, որ ծնած, մեծ­ցած է օ­տար ա­փե­րու վրայ, կը սոր­վի տուեալ երկ­րի պա­րա­յին ա­րուես­տը, նաեւ՝ դա­սա­կան ա­րուես­տը, որ մի­ջազ­գա­յին լե­զու է եւ ա­նոր կա­պը հայ ի­րա­կա­նու­թեան հետ չկայ, միայն մա­կա­նունն է հայ­կա­կան:

Ա­տոր հա­մար սփիւռ­քա­հա­յե­րը եւ հա­յաս­տա­ցի­նե­րը զա­տե­ցի հա­մաշ­խար­հա­յին պա­րա­րուես­տի մէջ: Բայց նո­րէն նոյն գիր­քին մէջ հա­ւա­քած եմ բո­լո­րը: Թէ՛ այն հա­յուն, որ հա­յե­րէն չի գի­տեր, թէ՛ հա­յաս­տան­ցիին, որ հպար­տու­թեամբ որ­պէս հայ պա­րող կը ներ­կա­յա­նայ աշ­խար­հի մէջ:

-Աշ­խա­տան­քի բե­րու­մով կ­­՚ա­ռըն­չուիս հա­յե­րու ցրուա­ծու­թեան հետ մին­չեւ աշ­խար­հի ամ­ե­նէն հե­ռա­ւոր եր­կիր­նե­րը: Ի՞նչ կ­­՚ը­սես՝ հարս­տու­թի՞ւն է մե­զի հա­մար այդ մէ­կը, թէ՞ դժբախ­տու­թիւն:

-Ո­րե­ւէ ե­րե­ւոյթ կա­րե­լի է դի­տել թէ՛ դրա­կան, թէ՛ բա­ցա­սա­կան կող­մե­րէ: Թէ՛ դժբախ­տու­թիւն է այդ մէ­կը, թէ՝ հարս­տու­թիւն: Ե­թէ այ­սօր ես, ըլ­լա­լով պալ­էի մեծ սի­րա­հար մը, կ­­՚եր­թամ մեր պա­լէի թատ­րո­նը եւ կը տխրիմ, քա­նի որ լաւ մե­նա­կա­տար­ներ չկան, ո­րով­հե­տեւ մեծ մա­սը գա­ցած են եւ Հա­յաս­տան այ­ցե­լած հիւ­րին չեմ կրնար ներ­կա­յա­ցում մը ցոյց տալ, ուր մեր աստ­ղե­րը փայ­լին կամ գո­նէ ներ­կա­յա­ցում մը ըլ­լայ, ուր մե­նա­կա­տար մը փայ­լի, այդ պա­հուն՝ կը տխրիմ: Բայց երբ Ի­տա­լիոյ մէջ իմ ա­մե­նէն սի­րած պա­լէի աստ­ղի՝ Ռո­պեր­թօ Պոլ­լէի կա­լա-­հա­մեր­գին ներ­կայ ըլ­լա­լով ծրագ­րին մէջ կը տես­նեմ եւ­րո­պա­կան աստ­ղե­րու ա­նուն­նե­րուն մէջ նաեւ եր­կու հայ տղոց ա­նուն­նե­րը, յե­տոյ շուրջս ի­տա­լե­րէ­նով ա­նոնց մա­սին կը լսեմ՝ հայ պա­րող­ներ, աշ­խար­հը զա­նոնք կը ճանչ­նայ իբ­րեւ հայ պա­րող­ներ, այդ պա­հուն հպար­տու­թիւն կը զգամ:

Ե­թէ այդ տղաքն ալ պար­փա­կուած մնա­յին մեր օ­փե­րա­յին թատ­րո­նին մէջ, ստա­նա­յին չնչին ամ­սա­կան եւ ա­մի­սը մէյ մը բեմ ելլ­էին կամ ՝ ոչ, այդ­պի­սի բե­մեր ու ճա­նա­չում չէին ու­նե­նար… Հի­մա ո՞ր մէ­կը ա­ւե­լի լաւ է… Ա­տոր հա­մար իմ մօ­տե­ցումս, իմ զգա­ցում­ներս այս ա­ռու­մով եր­կա­կի են:

Ի հար­կէ, միշտ փոր­ձենք ձգտիլ մեր ու­նե­ցած ա­մէն ին­չին մէջ դրա­կա­նը տես­նել եւ ե­թէ այ­սօր Սփիւռք ու­նինք, ու­րեմն այդ մէ­կը թող մեր հարս­տու­թիւ­նը ըլ­լայ եւ ե­րա­նի ու­նե­նա­յինք ճիշդ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, որ Սփիւռ­քի ողջ նե­րու­ժը ո­րոշ չա­փով ուղ­ղուէր դէ­պի Հա­յաս­տան:

-Գիր­քը պատ­րաս­տե­լու ժա­մա­նակ աղ­բիւր­նե­րու հար­ցին մէջ դժուա­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցա՞ծ ես, բա՞ց են, հա­սա­նե՞­լի են այն աղ­բիւր­նե­րը, ուր կա­րե­լի է հայ­կա­կան հետ­քեր փնտռել:

-Ինչ­պէս կ­­՚ը­սեն. «Ով որ փնտռէ՝ կը գտնէ»: Իսկ ես ամ­բողջ կեան­քիս ըն­թաց­քին կը փնտռեմ, մա­նա­ւանդ հի­մա, հա­մա­ցան­ցի անս­պառ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու պայ­ման­նե­րուն ոչ մէկ խնդիր կայ թէ՛ կա­պեր հաս­տա­տե­լու, թէ՛ զա­նա­զան շտեր­մա­րան­նե­րէ, գրա­դա­րան­նե­րէ օգ­տուե­լու ա­ռու­մով:

Երբ սկսայ հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րուս, չկար թուայ­նա­ցուած, առ­ցանց աշ­խարհ եւ չեմ գի­տեր՝ բնազ­դով կամ պար­զա­պէս կոյր ո­րո­նում­նե­րով կը փնտռէի։ Եւ տա­կա­ւին մին­չեւ հի­մա ալ կան շատ աղ­բիւր­ներ, ո­րոնք կը մնան թուղ­թե­րու վրայ, գրա­դա­րան­նե­րու, պա­հոց­նե­րու մէջ, պէտք է ե­տե­ւէն եր­թալ եւ գտնել զանոնք:

Օ­րի­նակ, հինգ տա­րի ա­ռաջ երբ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ էի, Նիւ Եոր­քի ա­մե­նէն մեծ գրա­դա­րա­նը գա­ցի եւ կէս օր ան­ցու­ցի այդ գրա­դա­րա­նին մէջ՝ աշ­խա­տու­թիւն­նե­րուս հա­մար նիւ­թեր քա­ղե­լով: Ես մոռ­ցած էի, որ պէտք է ու­տել, խմել, հանգս­տա­նալ, սան­դու­խը դրած կար­գով կը նա­յէի մէյ մը շար­ժան­կա­րա­յին ա­րուես­տին, մէյ մըն ալ պա­րա­րուես­տին վե­րա­բե­րող գիր­քե­րուն, յե­տոյ ան­ցայ սփիւռ­քա­գի­տու­թեան (Diaspora studies) մա­սին գիր­քե­րուն, կը լու­սան­կա­րէի: Ա­ռաջ այդ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը չկար, կը գրէի, այ­սօր կը նկա­րեմ…

-Թուր­քիոյ պա­րա­րուես­տին մէջ հա­յե­րու ներդր­ման անդ­րա­դարձ եւս կայ գիր­քին մէջ: Ի՞նչ է այդ ներդ­րու­մը:

-Ը­սեմ, որ Իս­թան­պու­լը, որ­պէս ա­րեւմը-տա­հայ մշա­կոյ­թի կեդ­րոն, նաեւ ա­ռա­ջին­նե­րէն մին հան­դի­սա­ցաւ հայ բե­մա­կան պա­րի սկզբնա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ: Թե­րեւս պա­տա­հա­կան չէր, որ ա­ռա­ջին հայ­կա­կան պա­լէի բե­մադ­րու­թեան, մին­չեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ ըլ­լա­լը, ա­ռա­ջին փոր­ձը Իս­թան­պու­լի մէջ ե­ղած է: Հար­կաւ ներ­կա­յաց­նո­ղը ա­րե­ւե­լա­հայ պա­րու­հի մըն էր՝ Ժե­նիա Ա­րիս­տա­կեան-Պո­լիա­կի­նա, որ «Տրդատ եւ Հռիփ­սի­մէ» ա­նու­նով պա­լէէն հա­տուած մը ներ­կա­յա­ցու­ցած էր Ի­սթանպու­լի մէջ:

Այս մէ­կը շատ կա­րե­ւոր է, որ Պո­լի­սը կրնանք հա­մա­րել ա­ռա­ջին հայ­կա­կան պա­լէի ներ­կա­յաց­ման վայր: Քա­նի որ հայ­կա­կան ա­ռան­ձին պա­լէի խումբ չէր կրնար ըլ­լալ, ու­րեմն հայ պա­րող­ներ սկսած են աշ­խա­տիլ տար­բեր ազ­գե­րու պա­լէի խում­բե­րուն մէջ, բայց հե­տաքրք­րա­կան է, որ այ­սօր ու­նինք ոչ միայն յա­ռա­ջա­տար պա­րող­ներ, մա­նա­ւանդ թրքա­կան ժա­մա­նա­կա­կից պա­րի աս­պա­րէ­զին մէջ, այ­լեւ սփիւռ­քեան ի­րա­կա­նու­թեան հա­մար անբ­նա­կան, նոյն պոլ­սա­հայ հա­մայն­քին մէջ ու­նինք հա­յե­րէ կազ­մուած ոչ թէ ժո­ղովր­դա­կան պա­րա­խում­բեր (ժո­ղովր­դա­կան ա­մէն տեղ ու­նե­ցած ենք եւ իմ գիր­քիս նպա­տա­կը այդ ներ­կա­յաց­նե­լը չէր), այլ ժա­մա­նա­կա­կից պար ներ­կա­յաց­նող խում­բեր:

Իմ նպա­տակս ե­ղած է ներ­կա­յաց­նել պա­լէի, փոփ պա­րի, ա­րե­ւե­լեան պա­րի (պոր­տա­պար) մէջ հա­յե­րու ներդ­րու­մը: Հայ­կա­կան պա­րա­խում­բե­րու պատ­մու­թեամբ ու­րի­շը թող զբա­ղի, այդ մէ­կը իմ ու­սում­նա­սի­րու­թեանս մէջ չէ:

-Պա­րա­յին ա­րուես­տին մէջ ի՞նչ հո­գե­հա­րա­զատ դար­ձած հայ ա­նուն­ներ կը նշես, կար­ծեմ պի­տի տաս Ար­մէն Օ­հա­նեա­նի ա­նու­նը, ո­րուն մա­սին ա­ռան­ձին գիրք մը գրած ես՝ Վար­դան Մա­տթէո­սեա­նի հա­մա­հե­ղի­նա­կու­թեամբ:

-Ա­յո, եւ այդ գիր­քը հի­մա անգ­լե­րէ­նով ալ կը պա­տրաս­տուի, անգ­լե­րէ­նը տա­կա­ւին չէ տպուած, ար­դէն սպա­նե­րէ­նի կը թարգ­մա­նուի, ո­րով­հե­տեւ Մեք­սի­քա ապ­րած է: Ար­մէն Օ­հա­նեա­ն ին­ծի շատ հա­րա­զա­տա­ցած կեր­պար մըն է, որ չէ դադ­րած զար­մաց­նե­լէ զիս: Իս­կա­պէս, հպարտ եմ, որ քսա­նե­րորդ դա­րու սկիզ­բին մենք այս­պի­սի մեծ պա­րու­հի (հա­կա­ռակ ա­րա­կան ա­նուն կրե­լուն, Ար­մէն Օ­հա­նեա­ն կին էր) մը ու­նե­ցած ենք: Իսկ այ­սօր շատ կը հաւ­նիմ ար­տերկ­րի մէջ աշ­խա­տող մեր տղա­մարդ պա­րող­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց բե­մա­կան տուեալ­նե­րով կ՚ա­պա­ցու­ցեն, որ հայ ազ­գը նաեւ այդ աս­պա­րէ­զին մէջ կրնայ տալ վառ տա­ղանդ­ներ եւ նաեւ կ­­՚ա­պա­ցու­ցեն աշ­խար­հին, որ սեղ­մա­տա­բատ (tircot) հագ­նի­լը, պա­լէ պա­րե­լը միայն կա­նա­ցի գործ չէ:

Այս տա­րի նաեւ գրքոյկ մը հրա­տա­րա­կե­ցի՝ հայր եւ որ­դի Նո­րայր եւ Ար­սէն Մեհ­րա­պեան­նե­րու մա­սին: Ար­սէն Մեհ­րա­պեա­նը, Տիգ­րան Մի­քա­յէ­լեա­նը, Ար­ման Գրի­գո­րեա­նը իմ սի­րե­լի պա­րող­ներն են, ո­րոնք այ­սօր հպար­տու­թիւն կը ներշնչեն եւ Հա­յաս­տա­նը կը ներ­կա­յաց­նեն աշ­խար­հի մէջ: Ա­մէն ան­գամ Հա­յա­ստա­նի մէջ ա­նոնց ե­լոյթ ու­նե­նա­լը կը վե­րա­ծուի պա­լէի մեծ տօ­նի:

Դա­սա­կան պա­րու­հիի կեր­պար մըն է ին­ծի հա­մար Թա­մա­րա Թու­մա­նո­վան, որ մօր կող­մէն հայ էր: Այ­սօր գոր­ծող­նե­րէն Սօ­նա Խա­ռա­տեա­նը շատ կը հաւ­նիմ, որ հի­մա Ա­մերիկայի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ է, բայց քա­նի մը ան­գամ Ե­րե­ւա­նի մէջ ե­լոյթ ու­նե­ցած է:

Շատ լաւ կ՚ըլ­լար, որ մեր դուր­սի պա­րող­նե­րը վե­րա­դառ­նա­յին եւ այդ պա­րա­գա­յին մենք կ­­՚ունե­նա­յինք աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն պա­րա­յին խում­բե­րէն մին:

-Իսկ այ­սօր ի՞նչ նոր աշ­խա­տանք­նե­րու մէջ ես:

-Ժո­ղո­վա­ծոյ մը պատ­րաս­տած եմ՝ «Հայ մա­մու­լի մէջ պա­րը՝ վաղ շրջա­նի­ն»: Հե­տաքրք­րա­կան աշ­խա­տու­թիւն մըն է։ Նա­խա­բանն ալ գրած եմ հայ բե­մա­կան պա­րի նա­խա­պատ­մու­թեան մա­սին, ար­դէն պատ­րաստ է տպագ­րուե­լու, ա­ջա­կից­ներ կը փնտռեմ, որ­պէս­զի տպագ­րեմ: Բա­ցի այդ, աշ­խա­տու­թիւն մը կը պատ­րաս­տեմ, որ իմ յի­շած պա­լէի ա­ռա­ջին պա­րու­հի­ներէն մէ­կուն՝ Ժե­նիա Ա­րիս­տա­կեա­նի յու­շերն են: Ան շատ հե­տաքրք­րա­կան կեանք մը ու­նե­ցած է, ապ­րած է Ռու­սաս­տան, Պո­լիս, Ե­գիպ­տոս, 1947 թուա­կա­նին հայ­րե­նա­դարձ­նե­րուն հետ հա­սած է Հա­յաս­տան:

-Ար­ծուի, իսկ Հա­յաս­տա­նի մէջ այս գոր­ծե­րով զբա­ղող մաս­նա­գէ­տին աշ­խա­տան­քը գնա­հա­տ-ւա՞ծ է. ի՞նչ դժուա­րու­թիւն­ներ կան ու­սում­նա­սի­րո­ղի, հա­յա­գէ­տի ճա­նա­պար­հին:

-Ես գոհ եմ, որ այ­սօր Ա­կա­դե­միա­յի Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի աշ­խա­տող եմ: Ի հար­կէ, ե­թէ մենք ստա­նա­յինք բա­ւա­րար աշ­խա­տա­վարձ, հո­յա­կապ կ­­՚ըլ­լար, ես ա­ւե­լի շատ կեդ­րո­նա­ցած կ­­՚ըլ­լա­յի այս աշ­խա­տան­քին վրայ, չէի մտա­ծեր թարգ­մա­նու­թիւն ը­նել՝ ըն­տա­նիք պա­հե­լու հա­մար: Կ­­՚ու­զէի, որ յա­տուկ հո­գա­ծու­թեան ա­ռար­կայ ըլ­լա­յին այս­պի­սի աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք ոչ միայն կը նպաս­տեն մեր ինք­նա­ճա­նաչ­ման, այ­լեւ մեզ ամ­բողջ աշ­խար­հի հետ կա­պող օ­ղակ­ներ կրնան ըլ­լալ: Ես կ­­՚ու­զէի ոչ թէ այ­սօր ժա­մա­նակս վատ­նել մե­կե­նաս գտնե­լով, թարգ­մա­նիչ գտնե­լով, որ աշ­խա­տու­թիւն­ներս նաեւ օ­տար լե­զու­նե­րով թարգ­մա­նուին, այլ զբա­ղէի բուն գոր­ծովս՝ նոր գիր­քե­րու պատ­րաս­տու­թեամբ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2016