ՄԱՂԱՔԻԱ ԱՐՔԵՊՍ. ՕՐՄԱՆԵԱՆԻ «ԽՈՀՔ ԵՒ ԽՕՍՔ»ԷՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ
Ստորեւ հատուածներ կը ներկայացնենք Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի «Խոհք Եւ Խօսք»էն։
«Հայրս եռանդուն կերպով զաւակներուն կրթութեան եւ ուսման հետամուտ՝ առաջները տեղւոյն թաղական եւ տնական դպրոցներէ կ՚օգտուի, եւ վերջէն Վիչէնին ու Կոմիտասին Լաբլանշի վարժարանը լրացեալ ընթացք կատարել կու տայ, եւ Եւգինէն Սիմոնեանց մօտ գիշերօթիկ կը դնէ, եւ անոր երկու տարի մնալէն ետքը կը հանէ եւ Լուսիկը կը դնէ։ Մանչ զաւակներու ապագային համար, իմ արդէն եկեղեցականութեան մտած ըլլալովս, մէկը բժշկութեան եւ միւսը դեղագործութեան կը սահմանէ, եւ այս նպատակով Վիչէնը 1863 Սեպտեմբեր 19/1 Հոկտեմբերին ճամբայ կը հանէ Հռոմ, իտալական համալսարանի ընթացք ընելու, օգտակարագոյն դատելով ինծի մօտ ըլլալը եւ վանքի մէջ կանոնաւոր կեանքը։
«Թէպէտ Հայր Ռափայէլ Միասէրեան վանահայրը աշխարհական երիտասարդին համար քաղաքական կեանքը յարմարագոյն նկատելով՝ առջի օրեր Վիչէնը Ռուպինօ ուսուցիչին տունը կը զետեղէ, սակայն հօրս պնդելուն վրայ շուտով բնակակցութեան եւ սեղանակացութեան կ՚ընդունուի ամսաթոշակի վճարմամբ։
«Վիչէն երկու տարի իտալերէն եւ լատիներէն լեզուներու վարժուելէ եւ փիլիսոփայութեան դասերու հետեւելէն ետքը, համալսարանի մէջ բժշկական դասընթացքներու ձեռնարկեց, եւ կանոնաւորապէս շարունակեց, եւ վանական շրջանակի մէջ ապրեցաւ, միայն անգամ մը, 1868-ին ամառնային մեծ արձակուրդին, Կ. Պոլիս գնաց եւ դարձաւ։
«Կոմիտաս, որ դեղագործութեան սահմանուած էր, միջոց մը հօրենական դեղարանը վարժութիւններու հետեւեցաւ, եւ երբ Կ. Պոլսոյ զինուորական բժշկական վարժարանը սկսաւ ցերեկեայ ազատ աշակերտներ ընդունիլ, Կոմիտաս դեղագործութեան ճիւղը մտաւ, զինուորական համազգեստ հագնելով։
«Բայց Կոմիտաս շուտով միտքը փոխեց, աչքին ստորին եւ ծառայական երեւցաւ դեղագործութեամբ զբաղիլը, եւ փափաքեցաւ կատարեալ բժշկական ընթացք շարունակել։
«Թէպէտ եղբայրը արդէն բժշկութեան հետեւելու սկսած, սակայն հայրը չուզեց զաւակին փափաքին արգելք ըլլալ, եւ դիւրաւ հաւանեցաւ որ նա ալ բժշկութեան հետեւի Օսմանեան զինուորական վարժարանին մէջ, եւ այսպէս երկու եղբայրներ միանգամայն բժիշկ ըլլալու պատրաստուեցան։
«Օսմանեան վարժարանին ուսուցչական լեզուն գաղղիերէն էր երբոր Կոմիտաս կ՚աշակերտէր, անկէ ետքը գաղղիերէնը խափանուեցաւ եւ թուրքերէնը ուսուցչական լեզու ընդունուեցաւ։ Բայց միշտ Կոմիտասի Օսմանեան աշակերտութենէն ելլելը զինք աւելի՛ մօտիկ պահեց Թուրք տարրին, երբոր իբրեւ վկայեալ բժիշկ աշխատութեան ասպարէզը թեւակոխեց։
«Ընտանեկան կեանքը բնաւ երբեք տարբերութիւն չունէր այն կերպարանէն՝ զոր նախընթաց հատուածիս մէջ (հատուած ԶԸ) պատկերեցի եւ նորէն կրկնելու հարկ չեմ տեսներ, եւ կը բաւականանամ գլխաւոր դէպքերը քաղելով։
«Երբոր 1866 Փետրուարին Հռոմէն դարձայ, տան մէջ աւելցած երեք քոյրերէս զատ գտայ նաեւ Եէնիսէրքիսեան Սրբուհի հօրս մօրաքոյրը՝ որ թէպէտ տեսութենէ զրկուած, սակայն մեծապէս օգտակար կ՚ըլլար մօրս ո՛չ միայն տնական գործերու մէջ, այլ առաւելապէս պզտիկները զբաղեցնելու եւ պահպանելու համար։ Սուր լսելութեամբ եւ ամո՛ւր յիշողութեամբ ամէն բանի կը հետեւէր, եւ ակնկալութենէ շատ վեր գործունէութիւն ունէր։
«Գատըքէօյի մէջ հայ կաթոլիկ եկեղեցի չկար, եւ Գուշտիլի ու Սէօյիւտլի թաղաբաժիններու մէջ բաւական թիւով հայ կաթոլիկ ընտանիքներ կային։
«Իմ գալէս օգտուելու եւ գոնէ կիրակնօրեայ եւ տօնական պատարագներ ունենալու համար, կանուխէն, հայրս պատարագամատոյց սեղան մը կազմած եւ մայրս պատարագի զգեստ մը պատրաստած էին, եւ տան միջին սրահը մատուռի վերածելով՝ կանոնաւոր կերպով պատարագել սկսայ ի մխիթարութիւն հայ կաթոլիկ ընտանիքներու, որոնք 50-60 հոգիէ աւելի կը խռնուէին կիրակի եւ տօն օրերը, եւ ես ինծի պարք սեպեր էի անպակաս գտնուիլ, եւ ուրիշ պաշտօն յանձն չառնել։
«Մինչեւ 1867 Սեպտեմբեր, Կ. Պոլիս մնացած միջոցս ընտանեկան շրջանակի մէջ որեւէ նորութիւն տեղի չունեցաւ. եղբայրներս իրենց սժշկական ուսմունքը կը շարունակէին, Եւգինէ վարժարանէն հանուած էր՝ մօրը օգնական ըլլալու, Լուսիկ վարժարան կը մնար, եւ Ագապի դեռ տհաս մանուկ էր։
«Երկրորդ անգամ Հռոմէ դառնալէս ետքը՝ 1869 Փետրուար 15/27-ին վախճանեցաւ Միքայէլ հօրեղբայրս ալ, որ կանուխէն իւր Յարութիւն եւ Ստեփան զաւակները Հռոմի Անտոնեանց վանքը ղրկած էր, այլ անյարմար դատուելով ետ դարձուած էին, եւ հօրերնուն մահուան ատեն երկուքն ալ զինուորական դեղագործութեան մտած էին, աշակերտութիւննին աւարտելով, պետական ծառայութեան մտնելու միտքով, ինչպէս որ ալ գործադրեցին։ Ստեփան 1878 պատերազմին՝ Պոսնայի բանակին ծառայութեան ղրկուեցաւ, սակայն ո՛չ տեղը հասնելուն, եւ ո՛չ ուր մնալուն եւ ի՛նչ ըլլալուն լուրը կրցաւ առնուիլ եւ անյիշատակ անհետացաւ։ Իսկ Յարութիւն, Կ. Պոլսոյ մէջ բաւական յաջող ասպարէզ ունեցաւ, դեղօրէից շտեմարանին տեսուչ նշանակուեցաւ, եւ Կայսերական պալատ ալ ընդունուեցաւ՝ կենդանիներ զմռսելու պաշտօնով։
«Ընտանեկան յիշատակներս ասոնցմէ զատ նկատողութեան արժանի պատահար մը չեն ներկայեր, մինչեւ այն միջոցը՝ որ 1871-ին գործակատարութեան պաշտօնով չորրորդ անգամ Հռոմ դարձայ։
«Երբոր Հռոմ հասայ, Վիչէն իւր ընթացքին վերջերն էր, եւ 1872 Յուլիս 28/9 Օգոստոս-ին իւր աւարտական քննութիւնը տուաւ, եւ գործօն բժիշկի վկայականը ստացաւ կատարեալ յաջողութեամբ։
«Մինչեւ այն ատեն կենակից էինք երկուքնիս, եւ իբր բժիշկ երբ գործօն կեանքի պիտի սկսէր, Վիչէն ուզեց յարմար տեղ մը քիչ ժամանակ մը ազատ բժշկութիւն ընել եւ յանձն առաւ Անքոնա գաւառի մէջ Արչեվիա գիւղի պաշտօնական բժշկութիւնը։ Նոյն տարին Կոմիտաս ալ Կ. Պոլսոյ մէջ իւր ընթացքը աւարտեց, բայց հմտութիւնը ընդարձակելու եւ գիտութիւնը կատարելագործելու համար իմ մօտս եկաւ…»։
- Պատեհ առիթներով պիտի շարունակուին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 3, 2016, Իսթանպուլ