ՎԱՅԵԼՔՆԵՐՈՒ ՍԱՀՄԱՆԸ

Կեան­քի ներ­կայ բա­րիք­նե­րը եւ վա­յելք­նե­րը վա­յե­լել բնա­տուր ի­րա­ւո՛ւնք մըն է մար­դուն տրուած։ Ար­դա­րեւ, բա­րիք կամ վա­յելք վա­յե­լել որ­քան «ի­րա­ւունք» է, բայց ու­նի «սահ­ման» մը, ինչ­պէս բո­լոր ի­րա­ւունք եւ ա­զա­տու­թիւն­ներ ան­սահ­ման չեն։ Ար­դէն կեան­քը հա­մա­կար­գո­ղը եւ կա­ռա­վա­րո­ղը, եւ դիւ­րա­տար ը­նո­ղը այդ սահ­ման­ներն են։

Ի­րա­ւունք եւ ա­զա­տու­թիւն ե­թէ ի­րենց սահ­ման­նե­րը չու­նե­նա­յին, կեան­քը «քաոս» մը պի­տի ըլ­լար եւ ան­տա­նե­լի՝ մար­դուս հա­մար։ Բայց այն մար­դոց հա­մար՝ որ կեան­քը կ՚առ­նեն մա­կե­րե­ւու­թա­յին դա­տո­ղու­թեամբ եւ կամ կեան­քի ճշմար­տու­թեան նկատ­մամբ ան­փորձ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հո­գե­բա­նու­թեամբ, կեան­քը միայն «վա­յելք» մըն է, ուս­տի պէտք է վա­յե­լել ա­ռանց նկա­տի ու­նե­նա­լու ո­րե­ւէ ար­գելք, ո­րե­ւէ սահ­ման։ Բայց կեան­քը միայն վա­յելք չէ՛։ Կեան­քը ու­նի տար­բեր ե­րե­սակ­ներ, ապ­րում­ներ եւ ե­րե­ւոյթ­ներ՝ ո­րոնք իր ընդ­հա­նուր ըմբռ­նու­մով «վա­յելք» չեն, այլ, թե­րեւս տան­ջանք, տա­ռա­պանք եւ տուայ­տանք։ Ո­ւերմն կեան­քը միայն «ու­տել, խմել եւ զուար­ճա­նալ» չէ, եւ պէ՛տք է ըստ այնմ վա­րուիլ եւ ապ­րիլ զայն։ Այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րու ներ­քեւ խորհր­դա­ծել եւ վեր­լու­ծել ջա­նանք կեան­քի վա­յելք­նե­րը։

Ար­դա­րեւ կեան­քը միայն տե­սա­նե­լի եւ շօ­շե­փե­լի ե­րե­ւոյթ­նե­րը չեն, այլ կայ նաեւ բա­րո­յա­կան եւ հո­գա­ւոր ան­տե­սա­նե­լի եւ ան­շօ­շա­փե­լի ի­րե­րու եւ ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու տա­րա­ծու­թիւն մը, մարզ մը կեան­քին մէջ։ Կեան­քը ե­թէ ըլ­լար միա՛յն տե­սա­նե­լի եւ շօ­շա­փե­լի ի­րո­ղու­թիւն­նե­րէ կազ­մուած ե­րե­ւոյթ մը, մա­սամբ ի­րա­ւա­ցի պի­տի նկա­տ-ւէին ա­նոնք, որ կեան­քը կը կար­ծեն միայն վա­յելք­ներ վա­յե­լե­լու հա­մա­կարգ մը։

Բայց ո՛ւր որ չի ներ­գոր­ծեր հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րու, բա­րո­յա­կա­նի եւ կրօ­նի շուն­չը՝ հոն դժուար է թէ կեան­քը յայտ­նուի իր բո­լոր տե­սա­նե­լի եւ ան­տե­սա­նե­լի, շօ­շա­փե­լի եւ ան­շօ­շա­փե­լի գե­ղե­ցկու­թիւն­նե­րով։ Ուս­տի պէտք չէ՛ մոռ­նալ եւ հարկ է շեշ­տել թէ՝ «ճշմա­րիտ կրօ­նը կեան­քի լման հաս­կա­ցո­ղու­թիւնն է», ինչ­պէս կ՚ը­սէ Գա­րե­գին Պատ­րիարք Խա­չա­տու­րեան։

Ներ­կան, պա­հը վա­յե­լել, աշ­խար­հի բա­րիք­նե­րէն օգ­տուիլ՝ ո՛չ հրա­ժա­րե­լի է եւ ո՛չ ալ մե­ղադ­րե­լի։

Բայց երբ այդ վա­յել­քին հետ հա­մըն­թաց չէ ա­ւե­լի՛ բարձր գա­ղա­փար­նե­րու հե­տապն­դու­մը, ա­ւե­լի՛ մնա­յուն վա­յել­քի մը օգ­տա­գոր­ծու­մը, ազ­նիւ տե­սի­լի մը ներշն­չու­մը, ա­հա­ւա­սիկ, այն ա­տեն ան կը վե­րա­ծուի իս­կա­պէս անն­պա­տակ, ա­նի­մաստ ե՛ւ վնա­սա­կար մսխում մը, վատ­նում մը մարմ­նա­կան եւ հո­գե­ւոր ու­ժե­րու։

«Ա­մէն վա­յելք պէ՛տք է ու­նե­նայ իր ո­րոշ բե­ւե­ռա­կէ­տը», կ՚ը­սէ Գա­րե­գին Պատ­րիարք Խա­չա­տու­րեան, եւ կը շա­րու­նա­կէ. «ո՛ւր կեան­քը գտնէ իր ի­մաստն ու ամ­բող­ջա­ցու­մը»։ Ա­հա­ւա­սիկ, այս կը նշա­նա­կէ սահ­ման մը ուն­ե­նալ՝ ուր կը յայտ­նուի վա­յել­քին ի­մաս­տը եւ իս­կա­կան նպա­տա­կը։ Եւ դար­ձեալ այս կը նշա­նա­կէ՝ բա­րի­քը վա­յե­լել գի­տակ­ցա­բար, ըստ իր ի­մաս­տին եւ նպա­տա­կին եւ դուրս չի գալ այդ ո­րոշ սահ­մա­նէն՝ ի­մաս­տի եւ նպա­տա­կի սահ­մա­նէն։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ հոս, դար­ձեալ կը յայտ­նուի մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րու մէջ «չա­փա­ւո­րու­թեան» կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Կ՚ար­ժէ յի­շել ան­գամ մը եւս ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թեան այն յստակ եւ ամ­փոփ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը, ուր կ՚ը­սուի, թէ՝ չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը կէս աստուած է…։

Ու­րիշ ա­ռիթ­նե­րով ալ հար­ցու­ցած էինք. մարդ ըլ­լա­լո՞ւն հա­մար կեանք գո­յու­թիւն ու­նի, թէ՝ կեանք ըլ­լա­լուն հա­մար մարդ ստեղ­ծուած է։

Հա­տու, կտրուկ պա­տաս­խան մը տալ գրե­թէ ան­կա­րե­լի է, գո­նէ մե­զի հա­մար, բայց սա ի­րո­ղու­թիւն մըն է, թէ՝ ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան բարձ­րա­գոյն նպա­տա­կը կեա՛ն­քը ե­ղած է եւ ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին կա­րե­ւոր մէկ տա՛րրն է կեան­քը։ Եւ կեան­քի մէջ է որ մարդ կա՛յ։

Ար­դա­րեւ ո՛­չինչ կայ ան­սուրբ եւ գար­շե­լի՝ երբ ան կը պահ­պա­նէ, կը զար­գաց­նէ եւ կա­տա­րե­լու­թեան կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ այդ կեան­քը։

«Կեան­քը ճանչ­նալ»ը սա­կայն ի­րա­պէս արուե՛ստ մըն է դժուա­րին եւ նուրբ։ Կեան­քը ճանչ­նալ, կեան­քը հասկ­նալ խո­հե­մու­թիւն, հմտու­թիւն կը պա­հան­ջէ, ան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն է, զայն ըստ ար­ժան­ւոյն կա­րե­նալ ապ­րե­լու եւ վա­յե­լե­լու հա­մար։ Եւ մար­դուս յա­ջո­ղու­թիւ­նը, գո­յա­պահ­պա­նու­մը եւ գո­յա­տե­ւու­մը կա­խում ու­նի այս ճա­նա­չու­մէն, այս ծա­նօ­թու­թե­նէն՝ ո՛ւր կեան­քը կը յայտ­նուի իր ի­րա­կան ե­րե­սակ­նե­րով։

Կեան­քը, այս ի­մաս­տով «պա­րապ» կամ ա­նի­մաստ, անն­պա­տակ վատ­նուե­լի ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը չէ՛, այլ ա­նոր ա­մէն մէկ սրա­հը ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ, ուս­տի ո՛չ թէ մսխել՝ չա­րա­չար ծախ­սել ու սպա­ռել, այլ ա­ռա­ւել չա­փով պէտք է օգ­տա­գոր­ծել եւ նպաս­տա­ւո­րուիլ ա­նոր բա­րիք­նե­րէն։

Ու­րեմն կեան­քի մէջ յա­ջո­ղե­լու հա­մար, կեան­քի պայ­քա­րէն յաղ­թա­կան ել­լե­լու հա­մար, կեան­քը կա­րե­նալ նուա­ճե­լու, յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար անհ­րա­ժե՛շտ է կեան­քը ճանչ­նալ, կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րէն եւ դա­սե­րէն օգ­տուիլ, օ­գուտ քա­ղել։

Ա՛յս է յա­ջո­ղու­թեան ճշմա­րիտ ճամ­բա՛ն։

Եւ ան­սայ­թաք ու ան­շեղ յա­ռա­ջա­նա­լու հա­մար այդ ճամ­բա­յէն՝ մար­դուս կազ­մա­ւո­րում­նե­րը եւ պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը պէտք է ան­թե­րի ըլ­լան եւ ա­նոր հո­գե­ւոր սպա­ռա­զի­նում­նե­րը լուրջ եւ հաս­տատ ըլ­լա­լու են՝ որ­քան որ կա­րե­լի է ան­շուշտ։

Ար­հա­մար­հան­քը ա­մե­նա­մեծ կեր­պով աննպաստ դեր մը կը խա­ղայ կեան­քը ճշդու­թեամբ հասկ­նա­լու մէջ։ Ուս­տի կեան­քը ճանչ­նա­լու էա­կան պայ­ման­նե­րէն մէ՛կն է զգու­շա­նալ ար­հա­մար­հան­քէ։ Թէ ի՛նչ է ար­հա­մար­հան­քը։ Ար­հա­մար­հան­քը կ՚են­թադ­րէ ա­նար­գանք, վի­րա­ւո­րանք մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան։ Մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը մարդ­կա­յին էու­թեան ան­բա­ժա­նե­լի եւ անհ­րա­ժա­րե­լի հան­գա­մանքն է եւ յատ­կու­թիւ­նը։ Հոն՝ ո՛ւր մարդ կայ, հոն կա՛յ նաեւ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւն, եւ ու­րեմն ար­հա­մար­հան­քը՝ անխ­տիր ա­մէն մար­դու հան­դէպ, ան­նե­րե­լի եւ քրէա­կան՝ ծանր պա­տի­ժի ար­ժա­նի յան­ցանք մը, ո­ճի՛ր մըն է։ Մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թեան հա­կա­ռա՛կ է ար­հա­մար­հան­քը՝ որ չու­նի ո­րե­ւէ ար­դա­րա­ցում, ան ո­ճիր մըն է անխ­տիր ա­մէն մար­դու հան­դէպ գոր­ծուած։

Ար­հա­մար­հան­քը կը մո­լո­րեց­նէ մարդ­կա­յին դա­տո­ղու­թիւ­նը եւ կը կու­րաց­նէ հո­գիին տե­սու­թիւ­նը։

Ար­հա­մար­հան­քը ա­նըն­դու­նակ, այ­սինքն ա­նա­տակ կ՚ը­նէ մարդս կռա­հե­լու եւ գնա­հա­տե­լու իս­կա­կան եւ գաղտ­նի, ծած­կուած ա­մէն ար­ժէք։ Եւ ար­հա­մար­հող մար­դը չի հասկ­նար եւ չ՚անդ­րա­դառ­նար հո­գե­կան ար­ժէք­նե­րու, մար­դոց նե­րաշ­խար­հին՝ որ կը կազ­մեն կեան­քի հի­մե­րը։

Մե­քե­նա­ներ, գոր­ծիք­ներ կա­րե­լիու­թիւն­ներ կ՚ըն­ծա­յեն մար­դոց՝ կեան­քը դիւ­րա­տար կ՚ը­նեն եւ ա­ւե­լի հան­գիստ կեանք մը կ՚ա­պա­հո­վեն՝ ա­ւե­լի ճո՛խ վա­յելք­նե­րով։ Ա­ռար­կա­նե­րը օգ­տա­կար են մար­դուն։

Եւ սա­կայն այս բո­լո­րէն վե՛ր կայ ու­րիշ խոր­հուրդ մը։ Այդ գե­րա­դաս խոր­հուր­դը՝ մարդ­կա­յին մի՛տքն է։ Եւ մտքին շնոր­հիւ է որ կը ստեղ­ծուին մե­քե­նայ, գոր­ծիք, ա­ռար­կայ՝ ո­րոնք կը նպաս­տեն մար­դուն՝ շնոր­հիւ իր գիւ­տա­րար ե­րե­ւա­կա­յու­թեա՛ն։ Սա ի­րո­ղու­թիւն մըն է, թէ՝ միտ­քը աս­տուա­ծա­յին ո՛ւժ մըն է՝ Աս­տու­ծոյ հա­րա­զատ պատ­կե­րը, որ կ՚ու­նե­նայ քննող, փնտռող, ու­սում­նա­սի­րող ակն­թարթ­ներ։ Ան է՝ որ կ՚ե­րե­ւա­կա­յէ եւ կը գտնէ՛։

Միտ­քը հո­գիին ա՛չքն է։ Աչք մը՝ որ խիղ­ճէն կ՚առ­նէ իր լոյ­սը, եւ ու­րեմն կո­րո­վա­միտ է, թա­փան­ցող եւ հե­ռա­տես. եւ քա­նի որ լոյ­սը կ՚առ­նէ խիղ­ճէն, ու­րեմն յստա­կա­տե՛ս է ան, եւ լու­սաղ­բիւր մը՝ ուր­կէ կեան­քը կ՚ու­նե­նայ իր ա­մե­նէն ա­նուշ հոս­ում­նե­րը։

Աս­տուա­ծու­րա­ցու­թիւն եւ աս­տուա­ծա­մերժ մտադ­րու­թիւն­ներ, ո՛չ մէ­կը կրնան խա­փա­նել եւ կա­սեց­նել աս­տուա­ծու­թեան ե՛ւ ան­մա­հու­թեան ձգտող մարդ­կա­յին հո­գին։

Կեան­քը մե­ղադ­րանք չու­նի այն վա­յելք­նե­րուն հա­մար՝ ո­րոնք մարմ­նի կազ­դոյ­րը կ՚ե­րաշ­խա­ւո­րեն, զայն ա­ռողջ ու կեն­սու­նակ կը պա­հեն եւ ա­նոր բնա­կան ա­ճու­մին կը նպաս­տեն եւ կը ծա­ռա­յեն ազ­նուաց­նե­լու եւ բարձ­րաց­նե­լու հո­գին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 9, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016