ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԾԱՌԸ ԶԱՐԴԱՐՈՒԱԾ
Պատրիարքարանի մէջ արդէն յարդարուած է աւանդական տօնածառը։ Մինչ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ընդառաջ տօնական տրամադրութիւնը աստիճանաբար կը համակէ մեր հաստատութիւններուն մթնոլորտը, Պատրիարքարանի տօնածառն ալ զարդարուեցաւ տիկնանց կազմի անդամուհիներուն կողմէ։ Բացի տօնածառէն, Պատրիարքարանի պատմական շէնքը յարդարուեցաւ համապատասխան ձեւով։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան տօնածառի զարդարուելէն եւ ընդհանուր յարդարումէն վերջ տիկնանց կազմի անդամուհիներուն հետ մէկտեղուեցաւ թէյասեղանի մը շուրջ։ Ներկայ էր նաեւ տիրամայր Մարի Մութաֆեան։ Անմիջական զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը բարձր գնահատեց տիկնանց կազմի անդամուհիները, որոնք նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերեն Պատրիարքարանէ ներս աւանդութիւններու տեւականացման ուղղութեամբ։ Ընդհանուր Փոխանորդը բոլորին մաղթեց բարի տարի մը՝ փոխանցելով իր օրհնութիւնները։
Տիկնանց կազմի անդամուհիներն ալ խորապէս շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Սրբազնութեան եւ Ամանորի սեմին մաղթեցին առողջ տարիներ։ Անոնց մաղթանքն էր նաեւ, որ մեր Պատրիարքական Սուրբ Աթոռը երկար տարիներ մնայ պայծառ ու անսասան եւ Աստուած արժանի ընէ տակաւին քանի-քանի տօնածառերու զարդարման։