ՂՊՏԻՆԵՐԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԶՈՀԵ՞ՐՆ ԵՆ

Իր կար­գին Հայր Պու­լոս Հա­լիմ, որ ղպ­­տի ե­կե­ղեց­ւոյ պաշ­տօ­նա­կան բան­բերն է, BBC Arabic կա­յա­նին խօ­սե­լով նկա­տել տո­ւաւ, որ թէեւ կա­նուխ է ընդ­հա­նուր գնա­հա­տա­կան մը տա­լու հա­մար, բայց եւ այն­պէս յստակ է, որ ա­պա­հո­վա­կան օ­ղակ­նե­րուն մէջ կան բաց­թո­ղում­ներ, ո­րոնք ար­ժա­նի են լուրջ քննար­կում­նե­րու: Բնա­կա­նա­բար Պու­լոս Հա­լի­մի կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թե­նէն զատ երկ­րի ընդ­դի­մա­դիր, բայց ոչ-իս­լա­մա­մէտ շրջա­նակ­նե­րուն մօտ ալ հնչե­ցին նման կար­ծիք­ներ, ո­րոնց մէջ բնա­կա­նա­բար կա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը քննա­դա­տե­լու ա­ռիթ փնտռող­ներ:

Պայ­թու­մէն օր մը ետք Ե­գիպ­տո­սի Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Եկ­ե­ղեց­ւոյ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Ա­շոտ Եպսկ. Մնա­ցա­կա­նեան շատ տե­ղին ար­ժե­ւո­րում­ներ կա­տա­րե­լով ներ­կա­յա­ցու­ցած է դէպ­քին մա­սին իր վեր­լու­ծու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ Գա­հի­րէի հայ­կա­կան հա­մայն­քի ընդ­հա­նուր վի­ճա­կը: Սրբա­զան Հայ­րը խօ­սե­լով նո­րա­բաց «Հայ ձայ­ն» կայ­քէ­ջին (www.haydzayn.am)՝ ը­սած է. «Մենք գի­տենք, որ այս բո­լո­րը ժա­մա­նա­կա­ւոր է եւ ինչ որ կը պա­տա­հի, նոյն­պէս կը դա­տա­պարտուի Ե­գիպ­տո­սի բնակ­չու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թեան կող­մէ: Այս մէ­կը մխի­թա­րիչ է մե­զի հա­մար, ո­րով­հե­տեւ կը զգան­ք, որ երկ­րի մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը չի կի­սեր ա­նոնց մտա­ծե­լա­կեր­պը»: Սրբա­զա­նը պատ­մած է, որ պայ­թու­մը ե­ղած է ոչ թէ ղպտի­նե­րու մայր տա­ճա­րին, այլ ա­նոր  մօտ  գտնուող ե­կե­ղե­ցիին մէջ: «Ներ­կայ պա­հուն մաս­նա­ւոր քայ­լեր չեն առ­նուած: Թա­ղա­մա­սը ամ­բող­ջու­թեամբ վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ է եւ ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­ներ կը փոր­ձեն պայ­թու­մի հետ կա­պուած ման­րա­մաս­ներ ճշդել ու ժամ առ ժամ կը փո­խուին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը՝ այն ի­մաս­տով, որ մին­չեւ ժա­մեր ա­ռաջ կաս­կա­ծեա­լը կին մըն էր, ա­ւե­լի վերջ տա­րա­ծուե­ցաւ քսա­ներ­կու տա­րե­կան ե­րի­տա­սար­դի մը ա­նունն ու նկա­րը, որ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ինք­նաս­պա­նու­թեան դի­մե­լով շատ կեան­քեր խլած էր», ը­սած է Սրբա­զան Հայ­րը, նկա­տել տա­լով, որ ա­րար­քը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ մտա­հո­գիչ է: «Մտա­հո­գիչ է ոչ միայն ա­նոր հա­մար, որ մեծ թի­ւով ղպտի­ներ կան Ե­գիպ­տո­սի մէջ եւ ա­նոնք ե­կե­ղե­ցի­ներ, հա­մայնք­ներ ու­նին ու շատ խիստ կեր­պով կա­պուած են ի­րենց ե­կե­ղե­ցիին՝ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով ու ծի­սա­կար­գե­րով, այլ նաեւ մտա­հո­գիչ է երկ­րի ընդ­հա­նուր կա­յու­նու­թեան ուղղուած ջան­քե­րուն ա­ռու­մով, ո­րով­հե­տեւ այս­պէ­սով կը խախ­տուին Ե­գիպ­տո­սի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուող մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը՝ երկ­րին մէջ խա­ղա­ղու­թիւն եւ ա­պա­հո­վու­թիւն հաս­տա­տե­լու ա­ռըն­չու­թեամ­բ», ը­սած է ան:

Տ. Ա­շոտ Սրբա­զան նաեւ պատ­մած է, թէ դէպ­քին օ­րը հա­յու­թիւ­նը կը գտնուէր Գա­հի­րէի հե­ռա­ւոր մէկ շրջա­նի Ս. Մի­նաս ե­կե­ղե­ցին, տօ­նախմ­բե­լու հա­մար սուր­բին տօ­նը եւ ը­սած՝ «Մենք Գա­հի­րէի մէջ ու­նինք մեր մայր ե­կե­ղե­ցին՝ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չը, որ ա­ւե­լի մօտ է ղպտի­նե­րու պատ­րիար­քա­րա­նին, բայց եր­կու գե­րեզ­մա­նա­տու­նե­րուն մէջ ու­նինք նաեւ մա­տուռ­ներ, ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին մէջ տա­րե­կան վեց ան­գամ պա­տա­րագ կը մա­տու­ցուի: Մեր հին գե­րեզ­մա­նա­տան ե­կե­ղե­ցին՝ Ս. Մի­նա­սը այ­սօր Ե­գիպ­տո­սի ա­մե­նա­հին ե­կե­ղե­ցին է, կա­ռու­ցուած 1843 թուա­կա­նին: Այդ օ­րը, Ս. Մի­նա­սի տօ­նին ա­ռի­թով մենք ուխ­տի օր սահ­մա­նած էինք ու կը գտնուէինք այդ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, որ բա­ւա­կան հե­ռու է թէ՛ մեր մայր ե­կե­ղե­ցիէն եւ թէ ղպտի­նե­րու ե­կե­ղե­ցիէն: Բայց ան­շուշտ լու­րը շատ ա­րագ տա­րա­ծուե­ցաւ եւ մենք զայն լսե­լով, ան­մի­ջա­պէս կար­գադ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցինք՝ ա­նակն­կալ պա­տա­հար­նե­րէ խու­սա­փե­լու հա­մար մուտ­քի հսկո­ղու­թիւ­նը զօ­րաց­նե­լո­վ»:

Ա­ւար­տին՝ Տ. Ա­շոտ Սրբա­զան ներ­կա­յաց­նե­լով Գա­հի­րէի մէջ տի­րող ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճակն ու առ­կայ մտա­վա­խու­թիւն­նե­րը շեշ­տած է. «Ան­շուշտ կա­տա­րուա­ծը եւ նման դէպ­քեր միշտ կը մտա­հո­գեն հա­մայն­քիս ան­դամ­նե­րը, թէեւ չեն ազ­դեր ա­նոնց ե­կե­ղե­ցի յա­ճա­խե­լուն եւ մեր ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու ըն­թա­ցա­կար­գին վրայ: Մենք գի­տենք, որ այս բո­լո­րը ժա­մա­նա­կա­ւոր է եւ ինչ որ կը պա­տա­հի, նոյն­պէս կը դա­տա­պար­տուի Ե­գիպ­տո­սի բնակ­չու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թեան կող­մէ: Այս մէ­կը մխի­թա­րիչ է մե­զի հա­մար, ո­րով­հե­տեւ կը զգանք, որ երկ­րի մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը չի կի­սեր ա­նոնց մտա­ծե­լա­կեր­պը եւ պատ­րաստ է իր հետ ապ­րող ժո­ղո­վուր­դին՝ ըլ­լան հա­յեր, ղպտի­ներ կամ այլ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­ներ, օգ­տա­կար դառ­նալ եւ ա­նոնց խա­ղա­ղու­թիւնն ու ա­պա­հո­վու­թիւ­նը պահ­պա­նել: Մենք միշտ վա­յե­լած ենք երկ­րի եւ կա­ռա­վա­րու­թեան անվ­տան­գու­թիւնն ու ժո­ղո­վուր­դի բա­րեա­ցա­կամ վե­րա­բեր­մուն­քը, նաեւ միշտ նկա­տած ենք, որ նման քայ­լեր յատ­կա­պէս հա­յե­րու դէմ չեն։ Միշտ պէտք չէ ան­պայ­ման կրօ­նա­կան բնոյթ փնտռել այդ ա­րարք­նե­րուն մէջ: Ծայ­րա­յե­ղա­կան­ներ շատ յա­ճախ նման ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կը կազ­մա­կեր­պեն ի­րենց կրօ­նա­կից­նե­րուն դէմ՝ ի­րենց իսկ մզկիթ­նե­րուն մէ­ջ»:

Խօ­սե­լով Գա­հի­րէի մէջ տի­րող ընդ­հա­նուր քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կին մա­սին, պէտք է նշել, որ հա­կա­ռակ իր եր­բեմ­նի սիւն­նի հա­րե­ւան­նե­րուն հետ ու­նե­ցած ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, Սի­սի այ­սօր դուրս մնա­ցած է «սիւն­նի­նե­րու ա­կում­բ­»էն: Ան­շուշտ, որ այս փո­փո­խու­թիւ­նը կապ ու­նի Մոս­կուա­յի հան­դէպ ա­նոր ու­նե­ցած բա­ցա­յայտ դրա­կան կեցուած­քին եւ հե­ռա­ւոր հիւ­սի­սի բա­րե­կա­մին մէջ տնտե­սա­կան եւ ա­պա­հո­վա­կան ի­րա­կան նե­ցուկ մը փնտռե­լուն հետ:

Այս բո­լո­րէն բա­ցի, կայ նաեւ Սու­րիոյ տագ­նա­պին մէջ Սի­սիի ա­րա­բա­կան աշ­խար­հին մէջ իւ­րա­յա­տուկ կե­ցուած­քը, որ յատ­կա­պէս վեր­ջին ա­միս­նե­րուն դար­ձաւ սու­րիա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հան­դէպ ի­րա­կան նե­ցուկ ներ­կա­յաց­նող ուժ: Այս բո­լոր տուեալ­նե­րը ի մի բե­րե­լէ ետք յստակ պի­տի դառ­նայ, որ Գա­հի­րէ եր­կար ճա­նա­պարհ ու­նի կտրե­լիք եւ ա­նոր հիմ­նա­կան թի­րա­խը ար­մա­տա­կան խմբա­ւո­րում­ներն են: Այս եր­կա­րա­շունչ պայ­քա­րին ըն­թաց­քին ալ չէ բա­ցա­ռուած, որ Ե­գիպտ­սո­սի փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն մէջ ա­մե­նէն մեծ ներ­կա­յու­թիւն եւ ազ­դե­ցի­կու­թիւն ու­նե­ցող ղպ­­տի հա­մայն­քը (Ե­գիպ­տո­սի 95 մի­լիոն բնակ­չու­թեան հա­զիւ 10 առ հա­րիւ­րը) դառ­նայ այս բա­խու­մի կա­նոն­նե­րուն մէջ ին­կած հիմ­նա­կան թի­րախ եւ վա­տա­գոյն պա­րա­գա­յին՝ ան­զէն զոհ:

շար. 2 եւ վերջ

ՀՊԱՆՑԻԿ ԱԿՆԱՐԿ՝ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՂՊՏԻՆԵՐՈՒՆ

Աշ­խար­հագ­րու­թիւն

Վիա­ճա­կագ­րու­թիւն­նե­րու մեծ մա­սը կը հաս­տա­տէ, թէ Ե­գիպ­տո­սի մէջ քրիս­տո­նեա­նե­րու թի­ւը չի գե­րա­զան­ցեր ամ­բողջ բնակ­չու­թեան 10 տո­կո­սը, այ­սինքն ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը 8 մի­լիոն անձ: Մինչ Շնու­տա Գ. Պա­պի կող­մէ յայ­տա­րա­րուած մար­դա­հա­մա­րի ար­դիւն­քին հա­մա­ձայն, որ հիմ­նուած է ե­կե­ղեց­ւոյ հա­շուար­կա­յին փաս­տա­թուղ­թե­րու վրայ, Ե­գիպ­տո­սի քրիս­տո­նեա­նե­րուն թի­ւը կը կազ­մէ ա­ւե­լի քան 12.7 մի­լիոն, իսկ Ե­գիպ­տո­սէն դուրս եր­կու մի­լիոն անձ, ո­րոնց մեծ մա­սը կեդ­րո­նա­ցած է Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ (900 հա­զար), Գա­նա­տա, Աւստ­րա­լիա, Զուի­ցե­րիա, Անգ­լիա, Ֆրան­սա, Գեր­մա­նիա, Նոր Զե­լան­տա, Ի­տա­լիա եւ Յու­նաս­տան, ինչ­պէս նաեւ Սու­տան, Լի­պիա եւ Ե­թով­պիա: Միւս կող­մէ, ա­մե­րի­կեան հե­տա­խու­զա­կան գոր­ծա­կա­լու­թեան (CIA) գնա­հատ­մամբ՝ քրիս­տո­նեա­նե­րու թի­ւը չի գե­րա­զան­ցեր Ե­գիպ­տո­սի բնակ­չու­թեան 9 տո­կո­սը: Իսկ «Ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի տե­ղե­կա­տուու­թիւն­նե­րու ատ­լա­ս­»ին հա­մա­ձայն, քրիս­տո­նեա­նե­րու թի­ւը կը կազ­մէ բնակ­չու­թեան 5.6 տո­կո­սը, այն ինչ որ հաս­տա­տուած է 2001 թուա­կա­նի ե­գիպ­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան վի­ճա­կագ­րու­թիւն­նե­րուն ար­դիւն­քով: Վա­տի­կա­նը եւս հրա­պա­րա­կած է, թէ Ե­գիպ­տո­սի քրիս­տո­նեա­նե­րուն թի­ւը կը հաս­նի շուրջ 4.5 մի­լիո­նի:

Լե­զուն

Ղպ­­տի լե­զուն ե­գիպ­տա­կան այ­բու­բե­նը յու­նա­րէ­նով փո­խա­րի­նե­լու փորձ մըն է: Հռչա­կա­ւոր ղպ­­տի լե­զուա­բան՝ Ան­թուան Զքրի, իր «Հին ե­գիպ­տա­կան լե­զուի բա­նա­լի­ն» գիր­քին մէջ, «Ղպ­­տի լե­զուն եւ ա­նոր գրա­ռում­նե­րը» վեր­նագ­րով բաժ­նին մէջ գրած է. «389 թուա­կա­նին, Թէո­դո­րոս կայս­րը ար­գի­լեց ե­գիպ­տա­կան հե­թա­նո­սա­կան կրօ­նը եւ ուղ­ղա­փառ կրօ­նը դար­ձաւ երկ­րի պաշ­տօ­նա­կան կրօ­նը: Այս­պէ­սով, վերջ­նա­կա­նա­պէս վե­րա­ցան մե­հե­նագ­րա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան (demotic) գրե­լա­ձե­ւե­րը, մէջ­բե­րուե­ցան յու­նա­կան տա­ռեր, ա­նոնց ա­ւել­ցուե­ցան եօթ ե­գիպ­տա­կան տա­ռեր հա­սա­րա­կա­կան գրե­լա­ձե­ւով, յու­նա­րէն այ­բու­բե­նին մէջ, բա­նա­ւոր հա­մար­ժէք հնչիւ­նի չգո­յու­թեան պատ­ճա­ռո­վ»: Սա­կայն Ե­գիպ­տո­սի ժո­ղո­վուր­դը մեր­ժեց գոր­ծա­ծել այս նախ­նա­կան եւ ծայ­րա­յեղ գրե­լա­ձե­ւը, որ յան­գե­ցուց անգ­րա­գի­տու­թեան: Ուս­տի ղպտի լե­զուն սահ­մա­նա­փա­կուե­ցաւ վան­քե­րուն մէջ:

Ղպտի լե­զուի փլուզ­ու­մը իր մեծ հա­րուա­ծը ստա­ցաւ Քի­րե­լիոս Պա­պի օ­րով, երբ ե­կե­ղե­ցին ան­տե­սեց ղպ­­տի լե­զուի ու­սու­ցու­մը՝ նա­խընտ­րե­լով ա­րա­բե­րէ­նը, որ դար­ձած էր երկ­րի կա­ռա­վա­րա­կան, շու­կա­յա­կան եւ ըն­կե­րա­յին լե­զուն: Սա­կայն այս լե­զուն զար­թօնք ապ­րե­ցաւ 19-րդ դա­րու կի­սուն եւ շա­տեր ծա­նօ­թա­ցան ա­նոր:

Ղպ­­տի ե­կե­ղե­ցին

Ակն­յայտ է, որ ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցին եւ յատ­կա­պէս ղպ­­տի ե­կե­ղե­ցին աշ­խար­հի բո­լոր քրիս­տո­նեա­նե­րուն ծա­նօթ հո­գե­ւոր եւ պատ­մա­կան ծան­րու­թիւ­նը ու­նի: Քրիս­տո­նէու­թիւ­նը՝ Ե­գիպ­տո­սի ա­ռա­ջին կրօնն է փա­րա­ւոն­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէն ետք: Սա­կայն ղպ­­տի ե­կե­ղեց­ւոյ իշ­խա­նու­թիւ­նը Ե­գիպ­տո­սի մէջ ան­կում ապ­րած է՝ իս­լամ­նե­րու տի­րա­պե­տու­թե­նէն ետք: Ներ­կա­յիս, ա­նոր հե­տե­ւորդ­նե­րուն թի­ւը չի գե­րա­զան­ցեր Ե­գիպ­տո­սի բնակ­չու­թեան 10 տո­կո­սը, բայց կը շա­րու­նա­կէ մնալ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մե­ծա­գոյն քրիս­տո­նեայ հա­մայն­քը: Գո­յու­թիւն ու­նի նաեւ կա­թո­ղի­կէ ղպ­­տի ե­կե­ղե­ցին, որ կա­թո­ղի­կէ ա­րե­ւե­լեան ան­կախ ե­կե­ղե­ցի է, որ ան­ջա­տուե­լով ուղ­ղա­փառ ղպ­­տի ե­կե­ղե­ցիէն, ամ­բող­ջա­կան ձե­ւով կա­պուած է Հռո­մի կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­րե­ւե­լեան թե­ւին, ըստ ո­րուն թոյ­լատ­րուած է կա­թո­ղի­կէ ղպ­­տի­նե­րուն պահ­պա­նել ի­րենց ղպ­­տի ե­կե­ղեց­ւոյ ծէ­սերն ու սո­վո­րոյթ­նե­րը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2016