ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ-ՀԱԺԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Կը տեղեկացնենք, որ մեր Լիբանանի պաշտօնակից՝ «Ազդակ»ի էջերուն մէջ սննդագիտական-առողջապահական նիւթերով բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ Քարլա Եարտըմեան-Հաժ ստացած է սննդագիտութեան տոքթորական աստիճան՝ Անգլիոյ Օքսֆորտ Պրուքս համալսարանէն: Քարլա իր ուսումնասիրութեամբ հետազօտած է սնունդի անապահովութեան ազդեցութիւնը Լիբանանի դպրոցական երախաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն վրայ («Studies on Child Food Insecurity in Lebanon»): Քարլան ուսումնասիրած է կենցաղային տարբեր գործօններ, որոնք կրնան առաջնորդել տան անդամներու, ի մասնաւորի երախաներու սնունդի անապահովութեան: Աւելի՛ն. ան ուսումնասիրած է ուտելիքի սխալ ընտրութեան բացասական ազդեցութիւնը երախաներուն բարեկեցութեան կամ առողջութեան վրայ, ըլլայ ան չափազանց սննդառութեան կամ սնունդի պակասի պարագային:
Հետազօտութեան մասնակցած են աւելի քան 3 հազար ընտանիքներ, որոնք ունին դպրոցական երախաներ, անձնական թէ պետական դպրոցներու մէջ, Լիբանանի տարբեր վարչական եւ աշխարհագրական շրջաններու մէջ տարածուած: Քարլային տոքթորականը մշակած է նաեւ կրթութեան նորօրինակ ու համապարփակ դերը՝ չափաւորելու համար ուտելիքի անապահովութեան հետեւանքները երախաներու առողջութեան վրայ եւ նպաստելու ու խթանելու անոր զարգացումն ու բարեկեցութիւնը:
Կը շնորհաւորենք Քարլա Եարտըմեան-Հաժի ձեռքբերումները եւ կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ՝ իր ապագայ գործունէութեան մէջ: