ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան վեր­ջերս հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ երկ­րի ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ող­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ընդգ­ծեց, որ կը փա­փա­քի լսել ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու խնդիր­նե­րը, քննար­կել ա­նոնց առ­կայ հար­ցե­րը ու տես­նել, թէ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ինչ ձե­ւով կրնայ ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րել ա­նոնց լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Ա­ւե­լի վերջ կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան՝ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ըն­կե­րա-տնտե­սա­կան վի­ճա­կին, հա­մայն­քա­յին են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու, դպրոց­նե­րու ֆի­զի­քա­կան պայ­ման­նե­րու բա­րե­լաւ­ման, ու­սու­ցիչ­նե­րու վե­րա­պատ­րաստ­ման, բարձ­րա­գոյն ուս­ման հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէ ներս ա­նոնց տե­ղե­րու ընդ­լայն­ման, հե­ռուս­տա­հա­ղոր­դում­նե­րու հա­մար ե­թե­րա­ժա­մե­րու տրա­մադր­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն։ Փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ նշե­ցին, որ լայ­նօ­րէն ներգ­րա­ւուած են Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ հա­սա­րա­կա­կան ձեռ­նարկ­նե­րուն, երկ­րէն ներս յա­ջո­ղու­թեամբ կը գոր­ծեն ի­րենց ազ­գա­յին, կրթա­կան ու մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­նե­րը, ինչ որ կը նպաս­տէ լե­զուի, մշա­կոյ­թի եւ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու պահ­պան­ման։

Ամ­փո­փե­լով հան­դի­պու­մը՝ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան նշեց. «Նախ եւ ա­ռաջ ես աշ­խա­տան­քիս մէջ շատ բա­ւա­րա­րուած պի­տի զգամ, ե­թէ կա­րե­նամ օգ­տա­կար ըլ­լալ ձե­զի՝ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան եւ ազ­գա­յին մշա­կոյ­թի պահ­պան­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Երկ­րորդ՝ ես միշտ ձե­զի պի­տի վե­րա­բե­րուիմ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի այն բո­լոր կեն­ցա­ղա­յին հար­ցե­րուն մէջ, ո­րոնք կան, ո­րով­հե­տեւ ան­կախ ա­մէն ին­չէ, գիւ­ղը ին­չա­կան է՝ պէտք է ու­նե­նայ ջուր, կազ եւ այլն։ Այդ ա­ռու­մով վստահ ե­ղէք, որ մենք միշտ բաց ենք եւ պատ­րաստ ա­ջակ­ցիլ ձե­զի։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016