ԵՒՐՈԱՍԻՈՅ ՓԱՊՈՒՂԻ

Թուր­քիա ե­րէկ պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թեան մը ար­դար հպար­տու­թիւ­նը ապ­րե­ցաւ՝ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ի­րե­րա­յա­ջորդ կեան­քի կո­չուած են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու վիթ­խա­րի ծրագ­րե­րու շղթա­յին վրայ նոր օ­ղա­կի մը յա­ւե­լու­մը ող­ջու­նե­լով։ Իս­թան­պու­լի մէջ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս բա­ցուե­ցաւ Եւ­րոա­սիոյ փա­պու­ղին։ Ծո­վու յա­տա­կին ալ տա­կէն, ա­ւե­լի քան 100 մեթր խոր­քէն կա­ռու­ցուած ե­ռա­յարկ փա­պու­ղի մըն է այս մէ­կը, ո­րու շնոր­հիւ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ ան­հա­մե­մա­տօ­րէն ժա­մա­նակ խնա­յել քա­ղա­քի եւ­րո­պա­կան եւ ա­սիա­կան ա­փե­րուն մի­ջեւ։ Բեռ­նա­փո­խադ­րու­թիւն­նե­րու տե­սան­կիւ­նէն եւս կա­րե­ւոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ պի­տի ըն­ձե­ռէ այս նոր անց­քը, ո­րով հին­գե­րորդ ան­գամ միա­ցած կ՚ըլ­լան Եւ­րո­պան եւ Ա­սի­նա։ Այս բո­լո­րը, բնա­կա­նա­բար, կը բարձ­րաց­նեն երկ­րի ռազ­մա­վա­րա­կան կշի­ռը։

Եւ­րոա­սիոյ փա­պու­ղիի ե­րէ­կուան պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան եւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ, ո­րոնք յա­տուկ ինք­նա­շար­ժով մը միաս­նա­բար հա­տե­ցին նո­րա­կա­ռոյց փա­պու­ղին։ Ա­նոնք այս առ­թիւ ու­նե­ցան նաեւ ե­լոյթ­ներ։ Բաց­ման հան­դի­սու­թիւ­նը ա­ռիթ ե­ղաւ նաեւ հան­րա­յին կար­ծի­քին յի­շո­ղու­թիւ­նը թար­մաց­նե­լու հա­մար այլ մեծ են­թա­կա­ռու­ցուած­քա­յին նա­խագ­ծե­րու վրայ. օ­րի­նակ՝ Իս­թան­պու­լի եր­րորդ օ­դա­կա­յա­նը, «Քա­նա­լիս­թան­պուլ», եւ այլն։

Րէճէպ Թայյիպ Էր­տո­ղան ե­րէկուան ե­լոյ­թին մէջ շեշ­տեց, որ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը պի­տի չյա­ջո­ղին վհա­տեց­նել Թուր­քի­ան։

Ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նա­կից օ­տա­րերկ­րեայ հիւ­րե­րու շար­քին էր նաեւ Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Քվի­րի­քաշ­վի­լի, որ Ան­գա­րա­յի մէջ ա­ռանձ­նազ­րոյց մըն ալ ու­նե­ցաւ Էր­տո­ղա­նի հե­տ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016