ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ «ԱՌԱԿՆԵՐ»

Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ող­ջու­նեց Տա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս ձեռ­նար­կուած հեր­թա­կան ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին ծրագ­րին փայ­լուն ար­դիւն­քը։ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հի եր­դի­քին տակ ե­րէկ ներ­կա­յա­ցուե­ցան «Ա­ռակ­ներ»ը։ Հայ դա­սա­կան­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն ներշն­չան­քով՝ Ա­րամ Կոս­տա­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ պատ­րաս­տուած էր յայ­տա­գի­րը։ Դպրո­ցի սա­նե­րը յա­ջող ձե­ւով մէջ­բե­րե­ցին այդ ա­ռակ­նե­րէն նմոյշ­ներ։ Հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Ժպտուն Զուռ­նա­ճը, Թա­թիա­նա Պոս­տան, Ռե­նա Ճի­րօղ­լու, Պայ­ծառ Եիւ­ճէ­ճան, ինչ­պէս նաեւ պա­րու­սոյց Նա­րօտ Կիւ­լէչ եւս պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ստանձ­նած էին այս ծրագ­րին մէջ, որ ձօ­նուե­ցաւ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի եւ Թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րու յի­շա­տա­կին։

Տա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ ե­րէ­կուան ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն ժա­մա­նակ բարձր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քին շուրջ։

Հարկ է նշել, որ ձեռ­նար­կը ե­րէկ ա­ռա­ջին առ­թիւ ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րու սա­նե­րուն եւ կրթա­կան մշակ­նե­րուն հա­մար, իսկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն ալ՝ մշա­կու­թա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016