Ա­ւե­տիՔ Ի­սա­հա­կեա­նի Կեան­քը Պատ­մող Խօ­սուն Ի­րեր

Բա­նաս­տեղծ, ար­ձա­կա­գիր եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Ի­սա­հա­կեա­ն ծնած է 30 Հոկ­տեմ­բեր 1875-ին, Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ գա­ւա­ռի Ղա­զա­րա­պատ գիւ­ղը, որ ներ­կա­յիս կը կրէ բա­նաս­տեղ­ծին ա­նու­նը՝ Ի­սա­հա­կեան: 81 տա­րե­կա­նին մա­հա­ցած Ի­սա­հա­կեա­ն թա­ղուած է Ե­րե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի ա­նուան պան­թէո­նին մէջ:

1945-ին մեծ բա­նաս­տեղ­ծին ծննդեան 70-ա­մեա­կին ա­ռի­թով Հա­յաս­տա­նի  կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ա­ռանձ­նա­տուն մը կը նուի­րէ Ի­սա­հա­կեա­նին: Շէն­քը կը կա­ռու­ցուի ճար­տա­պետ Պեր­ճա­նոյշ Մսը­րեա­նի նա­խա­գի­ծով եւ Ի­սա­հա­կեա­նի ցան­կու­թեամբ՝ սրբա­տաշ սեւ տուֆ քա­րով:

Բա­նաս­տեղ­ծին մա­հէն ետք ա­նոր յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նե­լու նպա­տա­կով ա­ռանձ­նա­տու­նը կը վե­րա­ծուի թան­գա­րա­նի: 1963-ին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կը կա­տա­րուի տուն-թան­գա­րա­նին, ուր բա­նաս­տեղ­ծը ապ­րած էր իր կեան­քին վեր­ջին տասն տա­րի­նե­րը:

Թան­գա­րա­նը ցու­ցադ­րուած մեծ վար­պե­տին հնօ­րեայ գրա­սե­ղա­նը, ձե­ռա­գիր­նե­րը, կար­դա­ցած վեր­ջին գիր­քե­րը, անձ­նա­կան ի­րե­րը, գրա­դա­րա­նը շատ բան կը պատ­մեն ա­նոր կեան­քին մա­սին: Ե­կէք՝ ծա­նօ­թա­նանք ա­նոնց­մէ մէկ քա­նիին:

Ի­սա­հա­կեա­նի կեան­քը պատ­մող խօ­սուն իրեր

ՉԱ­ՐԵՆ­ՑԻՆ ՆՈՒԷ­ՐԸ

Ե­ղի­շէ Չա­րեն­ցի եւ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի ա­րե­ւե­լեան մշա­կոյ­թով հրա­պա­րա­կուած ըլ­լա­լու մա­սին  կը վկա­յէ Չա­րեն­ցին նուէ­րը իր ա­ւագ ըն­կե­րո­ջը:

Չա­րեն­ցին դէմ ծայր ա­ռած հա­լա­ծանք­նե­րէն եւ կա­լանք­նե­րէն ետք իսկ եր­կու մեծ գրա­գէտ­նե­րը շա­րու­նա­կած են հան­դի­պիլ: Չա­րեն­ց կեան­քին վեր­ջին ա­միս­նե­րուն տնա­յին կա­լան­քի տակ էր, իսկ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­ն եւ ա­նոր ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րը կը շա­րու­նա­կէին այ­ցե­լել կա­լա­նա­ւոր բա­նաս­տեղ­ծին: Ի­սա­հա­կեա­նին հար­սը՝ դե­րա­սա­նու­հի Պել­լա Ի­սա­հա­կեա­ն, կ՚եր­թայ Չա­րեն­ցին տե­սակ­ցու­թեան, հան­դիպ­ման ա­ւար­տին, բա­նաս­տեղ­ծը սե­ղա­նին վրայ գտնուած ար­ձա­նիկ­նե­րէն կը վերց­նէ չի­նա­կան օ­ճա­ռա­քա­րէ ար­ձա­նի­կը, գա­մով ա­նոր տակ կը փո­րագ­րէ. «Սի­րե­լի Ա­ւե­տի­քին, Չա­րենց, 24/VI 1937 թ.»:

Ա­սի­կա կը հա­մա­րուի Չա­րեն­ցի հրա­ժեշ­տի նուէ­րը Ի­սա­հա­կեա­նին:

ՄԱՆ­ԿՈՒ­ԹԵԱՆ ԴՈՅ­ԼԸ

Ի­սա­հա­կեա­նի հօ­րե­նա­կան տու­նէն Ե­րե­ւան փո­խադ­րուած ի­րե­րէն կ՚ա­ռանձ­նա­նայ ջրա­ման-դոյ­լը: Այս փոք­րիկ դոյ­լը գրա­գէ­տին ա­մե­նա­սի­րե­լի ի­րե­րէն ե­ղած է ման­կու­թեան տա­րի­նե­րուն: Ան խա­ղա­ցած է այս դոյ­լով, իսկ ըն­տա­նի­քը սրբու­թեամբ պահ­պա­նած եւ մեր օ­րե­րը հաս­ցու­ցած է զայն:

ԳԻՐ­ՔԵ­ՐՈՒ ԱՐԿ­ՂԸ

Այս արկ­ղին մէջ ժա­մա­նա­կին պա­հուեր են բա­նաս­տեղ­ծին գիր­քե­րը եւ անձ­նա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րը: Կը պատ­մեն, որ Ի­սա­հա­կեա­նին դրա­ցին, որ  կօշ­կա­կար էր, տու­նը պատ-ւէ­րով կօ­շիկ կը կա­րէր, եւ քա­նի որ ա­տի­կա ար­գի­լուած էր եւ բա­ցա­յայ­տուե­լու պա­րա­գա­յին կրնար դա­տուիլ, ան իր գոր­ծիք­նե­րը կը բե­րէր ու կը պա­հէր այս արկ­ղին մէջ: Վար­պե­տը զա­նոնք կը դնէր արկ­ղին յա­տա­կը եւ վրան կը շա­րէր իր գիր­քե­րը:

ՄԱՐ­ՄԱ­ՐԻ ԿՏՈՐ­ՆԵ­ՐԸ

Ա­թէն­քի մէջ Ի­սա­հա­կեա­ն Աք­րո­փո­լիս կ՚այ­ցե­լէ: Պատ­մա­կան վայ­րէն ո­րե­ւէ քա­րի կտոր դուրս հա­նե­լը ար­գի­լուած էր, բայց փոր­ձու­թեան չի դի­մա­նար… Ա­չա­լուրջ պա­հա­կը  մո­լո­րեց­նե­լու հա­մար Ի­սա­հա­կեան խո­րա­ման­կու­թեան կը դի­մէ. ան գե­տին կը ձգէ գլխար­կը եւ երբ կը ծռի զայն վերց­նե­լու, գլխար­կին հետ մար­մա­րի եր­կու փոք­րիկ կտոր  կը պա­հէ գրպա­նին մէջ: Ի­սա­հա­կեան մար­մա­րի կտոր­նե­րը կը բե­րէ Հա­յաս­տան: Ա­նոնք եր­կար տա­րի­ներ կը զար­դա­րեն իր աշ­խա­տա­սե­ղա­նը:

ՀԵ­ՌԱ­ՏԵ­ՍԻ­ԼԸ

Ի­սա­հա­կեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը ա­ռա­ջին­նե­րէն էր, որ հե­ռա­տե­սիլ ու­նէր: Գրա­գէ­տին թոռ­նի­կը՝ Ա­ւիկ Ի­սա­հա­կեա­նը կը յի­շէ, որ յա­ճախ ըն­կեր­նե­րով կը հա­ւա­քուէին հե­ռա­տե­սիլ դի­տե­լու:

Օր մը Ի­սա­հա­կեան խումբ մը ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հետ կը դի­տէ «Կա­նա» ժա­պա­ւէ­նը, ուր համ­բոյ­րի տե­սա­րան­ներ կա­յին: Ան պատշ­գամ կ՛ել­լէ, ծխա­խոտ մը կը վա­ռէ եւ մտա­հոգ կ՛ը­սէ. «Այս արկ­ղը օր մը կը փճաց­նէ մեր ե­րե­խա­նե­րը»:

«ԱՂ­ՋԻ­ԿԸ ԵՒ ԵՂ­ՆԻ­ԿԸ» ԱՐ­ՁԱ­ՆԻ­ԿԸ

Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի աշ­խա­տա­սե­ղա­նի մշտա­կան ի­րե­րէն էր «Աղ­ջի­կը եւ եղ­նի­կը» ար­ձա­նի­կը: Սի­րե­լի ար­ձա­նի­կը բա­նաս­տեղ­ծը միշտ աչ­քի ա­ռաջ կը պա­հէր: Երբ ան գրա­սե­ղա­նին առ­ջեւ կը նստէր աշ­խա­տե­լու հա­մար, ձեռ­քի թազ­բե­հը կը կա­խէր աղջ­կան վի­զէն: Ի­սա­հա­կեա­նի աշ­խա­տա­սե­ղա­նի բո­լոր լու­սան­կար­նե­րուն վրայ այս ար­ձա­նի­կը միշտ ներ­կայ է:

ՄՕՐ ՆԿԱՐՆ ՈՒ ՇԱ­ԼԸ

Բա­նաս­տեղ­ծը իր կեան­քի տե­ւո­ղու­թեան գուր­գու­րան­քով պա­հեր է մօ­րը լու­սան­կարն ու շա­լը: Ար­տա­սահ­ման ապ­րած տա­րի­նե­րուն լու­սան­կա­րը միշտ վար­պե­տին աշ­խա­տա­սե­նեա­կը կամ ննջա­սե­նեա­կը կա­խուած է: Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Ի­սա­հա­կեա­նը մօ­րը պատ­կե­րը կա­խած է իր ննջա­սե­նեա­կին պա­տէն, լու­սան­կար մը, որ բա­նաս­տեղ­ծին ու­ղեկ­ցած է մին­չեւ կեան­քին վեր­ջին օ­րը:

«ՍԱ­ՍՈՒՆ­ՑԻ ԴԱ­ՒԻԹ» ԳՈՐ­ԳԸ

«Սա­սուն­ցի Դա­ւիթ» գոր­գը Ի­սա­հա­կեա­նին նուի­րած է Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը՝ գրո­ղին ծննդեան 65-ա­մեա­կին ա­ռի­թով: Գոր­գը յա­տուկ Ի­սա­հա­կեա­նին հա­մար հիւ­սուած է եւ իւ­րա­յա­տուկ  է այն ի­մաս­տով, որ չմա­նուած բուր­դով գոր­ծուած է: Այս գոր­գը բա­նաս­տեղ­ծին սի­րե­լի ի­րե­րէն էր եւ կա­խուած էր հիւ­րա­սե­նեա­կի պա­տէն:

ՏՈՒ­ՖԱ­ԿԵՐՏ ՆՍՏԱ­ՐԱ­ՆԸ

Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նին դուստ­րը՝ Թա­մա­րը, որ մաս­նա­գի­տու­թեամբ ճար­տա­րա­պետ էր, յա­ճախ կ՛այ­ցե­լէր Ի­սա­հա­կեա­նին: Օր մը վեր­ջինս նստա­րան ու­նե­նա­լու ցան­կու­թիւ­նը կը յայտ­նէ Թա­մա­րին:

Բա­նաս­տեղ­ծին ծննդեան 80-ա­մեա­կին Թու­մա­նեա­նի աղջ­կան ա­ռա­ջար­կով Հա­յաս­տա­նի Ճար­տա­րա­պետ­նե­րու միու­թիւ­նը, Ռա­ֆա­յէլ Իս­րա­յէ­լեա­նի  նա­խա­գի­ծով, տու­ֆա­կերտ նստա­րան կը նուի­րէ Ի­սա­հա­կեա­նին: Նստա­րա­նը կը զե­տե­ղուի թթե­նիին տակ: Վար­պե­տը շատ կը սի­րէր պար­տէ­զը ջրել գի­շե­րով, ա­պա մրափ մը առ­նել նստա­րա­նին նստած:

***

Զա­րո­բեան 20-ի վրայ գտնուող Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի տուն-թան­գա­րա­նին նպա­տակն է պահ­պա­նել եւ նոր սե­րուն­դին փո­խան­ցել այն սուրբ մա­սունք­նե­րը եւ ի­րե­ղէն վկա­յու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կա­պուած են մեծ բա­նաս­տեղ­ծին ա­նուան հետ: Թան­գա­րա­նին մէջ կը կազ­մա­կեր­պուին բազ­մա­թիւ ձեռ­նարկ­ներ՝ գի­տա­կան ըն­թեր­ցում­ներ, գրա­կան-ե­րաժշ­տա­կան ցե­րե­կոյթ­ներ, բա­նա­վէ­ճեր, գիր­քե­րու շնոր­հա­հան­դէս­ներ, հան­դի­պում­ներ՝ գի­տու­թեան եւ մշա­կոյ­թի ա­նուա­նի դէմ­քե­րու հետ:

Նոյն­քան հա­րուստ եւ հե­տաքրք­րա­կան է Կիւմ­րիի Ա. Ի­սա­հա­կեա­նի տուն-թան­գա­րա­նը: Ա­նի­կա բա­նաս­տեղ­ծին պա­պե­նա­կան տունն է, զայն կա­ռու­ցած է պա­պը՝ Նի­կո­ղա­յոս Ի­սա­հա­կեա­նը, 1828-ին: Թան­գա­րա­նը հիմ­նադ­րուած է 1975-ին եւ կը գտնուի Վար­դա­պե­տաց փո­ղո­ցին վրայ:

Պատ­րաս­տեց՝ ՇՈՒ­ՇԻԿ ՄԱ­ՒԻ­ՍԱ­ԳԱ­ԼԵԱՆ

Լու­սան­կար­նե­րը՝ Մե­տիա­մաքս

«Ազդակ», Լիբանան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016