ԱՆԹԵՐԻ ԵՒ ՏԻՊԱՐ ՄԱՐԴԸ

Բա­նա­կա­նու­թեան բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րով օժ­տուած եւ զա­նոնք օգ­տա­գոր­ծե­լու կա­րողու­թեամբ զօ­րա­ցած մար­դը բնա­կան է որ միշտ կա­տա­րե­լու­թեան, ան­թե­րիու­թեան ձգտի եւ նպա­տակ ու­նե­նայ հաս­նիլ կեան­քի գա­գաթ­նա­կէ­տին։ Բա­րե­փո­խու­թիւն, յա­ռաջ­­դի­մու­թիւն եւ լա­ւի նուա­ճում մարդ էա­կին կո­չումն է եւ կեան­քի վերջ­նա­կան նպա­տա­կը։ Եւ ա՛յդ­պէս պէտք է ըլ­լայ։

Ու­րեմն մարդ պար­տի միշտ լա­ւը ը­նել, ան­նա­խըն­թաց, նա­խա­պէս չպա­տա­հա­ծը ը­նել, իր կար­գին անն­ման եւ ե­զա­կան, ան­բաղ­դա­տե­լի ըլ­լալ, որ կը նշա­նա­կէ՝ կա­տա­րեալ ու տի­պար ըլ­լալ ըն­կե­րու­թեան մէջ։ Բայց ա­սոր հա­մար պէտք է ջանք թա­փէ, ճգնի, քա­նի որ ա­մէն վարձք վաս­տա­կի, ար­դիւ­նա­ւոր աշ­խա­տան­քի կը կա­րօ­տի։

Ա­մե­րի­կա­ցի­ներ կ՚ը­սեն, թէ՝ կեան­քի մէջ յա­ջող եւ յա­ռա­ջա­դէմ մարդ ըլ­լա­լու, ըն­կե­րու­թեան մէջ լաւ տեղ գրա­ւե­լու հա­մար, պէտք է կա՛մ ա­մէն մար­դու ը­րած սո­վո­րա­կան, հա­սա­րակ գոր­ծէ մը տար­բեր՝ բա­ցա­ռիկ գործ մը կա­տա­րէ, կա՛մ ե­թէ այդ չի կրնար ը­նել, սո­վո­րա­կան գործ մը՝ լա­ւա­գոյն կեր­պով ը­նէ, իւ­րա­յա­տուկ շեշտ մը ու­նե­նայ։

Ա­հա­ւա­սիկ, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, կեան­քի մէջ ե­թէ գոր­ծով, ար­տադ­րու­թեամբ եւ աշ­խա­տան­քի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ ա­նուա­նի ու յայտ­նի մէ­կը ըլ­լալ կ՚ու­զէ մարդ, ա­պա ու­րեմն պէտք է ջանք թա­փէ, ճիգ ը­նէ, լուրջ եւ ան­խոնջ կեր­պով աշ­խա­տի եւ ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րուն ը­սա­ծին պէս՝ կա՛մ բո­լո­րո­վին բա­ցա­ռիկ եւ սո­վո­րա­կա­նէ դուրս, ան­նա­խըն­թաց, ե­զա­կի գործ մը ը­նէ եւ կամ սո­վո­րա­կան գործ մը ը­նէ, բայց լա­ւա­գոյ­նը ը­նէ։ Ան­շուշտ երբ «լա­ւա­գոյն»ը կ՚ը­սենք, կը մտա­բե­րենք ու­րիշ ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն մը՝ թէ «լա­ւա­գոյ­նը լա­ւին թշնա­մին է եւ ար­գե՛լք»։ Ի­րա­պէս, մարդ երբ լա­ւա­գոյ­նը ը­նել կը փոր­ձէ, լա­ւը չի հաւ­նիր, եւ լա­ւա­գոյ­նը մտադ­րե­լով «լաւ»ով չի գո­հա­նար, լաւն ալ չի կա­տա­րեր։ Այս մա­սին ալ պէտք է խորհր­դա­ծել։

Լա­ւը կա­տա­րող շատ մարդ կ՚ըլ­լայ, ա­նոնք սո­վո­րա­կան, հա­սա­րակ գոր­ծող­ներ են, ը­սենք՝ մի­ջին դիր­քի վրայ ե­ղող, մի­ջակ մար­դիկ, բայց կա­տա­րեալ եւ տի­պար մար­դիկ են ա­նոնք՝ որ կրնան «լա­ւա­գոյն»ը ը­նել, ան­նա­խըն­թա­ցը, անն­մա­նը, ե­զա­կա­նը, եւ դար­ձեալ ա­նոնք են որ կը ներ­դաշ­նա­կեն, կը հաշ­տեց­նեն «լաւ»ը եւ «լա­ւա­գոյն»ը՝ ա­ռանց ի­րա­րու թշնա­մաց­նե­լու։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, ա­նոնք որ գի­տեն կեան­քի հա­կա­դիր ար­ժէք­նե­րը ներ­դաշ­նա­կել եւ ա­նոնց մէ­ջէն լա­ւա­գոյ­նը ընտ­րել, ա­նոնք «մեծ մարդ» կը կո­չուին եւ «տի­պար» ըլ­լա­լու, կա­տա­րեալ ըլ­լա­լու ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րո­վը կը պսա­կուին։

Հոս կա­րե­լի է խորհր­դա­ծու­թեան ա­ռար­կայ ը­նել, թէ՝ ո՞վ է «մեծ մարդ»ը, ո՞վ է «տի­պար» եւ «կա­տա­րեալ» մար­դը, մտա­տի­պար՝ «idéal», գա­ղա­փա­րա­տիպ մար­դը։ Այս հար­ցը ի­րա­պէս յա­րա­բե­րա­կան է, ըմբռ­նում մը՝ որ պա­րա­գա­նե­րու եւ կեան­քի պայ­ման­նե­րու, հաս­կա­ցո­ղու­թեան, հա­ւա­տա­լիք­նե­րու, մար­դուս սկզբուն­քա­յին տե­սա­կէ­տին հա­մե­մատ կը փո­խուի։ Զոր օ­րի­նակ, ո­մանք մտա­տի­պար կ՚ըն­դու­նին ստա­ցուած­քի ա­ռա­տու­թիւ­նը, հարս­տու­թիւ­նը, ո­մանք՝ գի­տու­թիւ­նը, գի­տուն մարդ, շատ ու­սած, հմուտ ըլ­լա­լը, ո­մանք պարզ, հա­մեստ ըն­տա­նիք մը ու­նե­նա­լը, անխ­ռով, խա­ղաղ եւ ան­դորր կեանք մը ու­նե­նա­լը, ո­մանք՝ եր­ջա­նիկ ա­մուս­նու­թիւն մը ը­րած ըլ­լա­լը, ո­մանք՝ ըն­կե­րու­թեան մէջ ե­րե­ւե­լի, հռչա­կա­ւոր եւ մե­ծա­նուն ըլ­լա­լը, ո­մանք՝ նոյն­պէս համ­բա­ւա­ւոր եւ նաեւ բարձր դիրք ու կա­րե­ւոր աս­տի­ճան­ներ ու­նե­նա­լը, եւ ա­սոնց նման զա­նա­զան չա­փա­նիշ­ներ՝ ո­րոնք գրե­թէ բո­լորն ալ ըն­կե­րու­թեան մէջ «տեղ մը գրա­ւել», շրջա­նակ ու­նե­նա­լու գա­ղա­փա­րին վրայ հիմ­նը-ւած են։ Եւ կար­ծեմ քի­չեր կը մտա­ծեն ու կ՚ը­սեն, թէ ի­րա­պէս «տի­պար» եւ կա­տա­րեալ մար­դը՝ իր շուր­ջին­նե­րուն օգ­տա­կար մա՛րդն է։

Ար­դա­րեւ մարդ գի­տուն, ա­մե­նա­գէտ կըր-նայ ըլ­լալ, հա­րուստ, պեր­ճան­քի մէջ հան­գիստ կեանք մը կրնայ ապ­րիլ, կրնայ նաեւ լաւ ըն­տա­նիք մը ու­նե­նալ, իր չա­փա­նիշ­նե­րով եր­ջա­նիկ ա­մուս­նու­թիւն մը կար­գած ըլ­լալ, նոյ­նիսկ են­թա­կա­յա­կան ստու­գա­նի­շե­րով «բա­րի՛» ըլ­լալ, «բա­րե­սէր» ըլ­լալ բայց բա­րե­գործ չըլ­լալ, աշ­խա­տա­սէր ըլ­լալ բայց գոր­ծու­նեայ չըլ­լալ, ար­դիւ­նա­բեր, օգ­տա­ւէտ չըլ­լալ։ Ու­րեմն, այս կը նշա­նա­կէ, որ «տի­պար» մարդ ըլ­լալ, մեծ մարդ ըլ­լալ ար­տա­քին ե­րե­ւոյթ­նե­րու տես­քով չի յայտ­նուիր, այլ մա­նա­ւանդ պէտք է օգ­տա­կա­րու­թեան եզ­րը յայտ­նուի եւ մարդ կը բա­ւա­րա­րուի «բա­րի» եւ «բա­րե­սէր» ըլ­լա­լով, այլ մա­նա­ւանդ ըլ­լայ «բա­րե­գործ» եւ «օգ­տա­ւէտ»։­

Ի՜նչ կ՚ար­ժէ հա­րուստ ըլ­լալ եւ չօգ­տա­գոր­ծել հարս­տու­թիւ­նը ի­րեն եւ իր շուր­ջին­նե­րուն ի նպաստ։ Ի՜նչ կ՚ար­ժէ գի­տուն ըլ­լալ եւ չօգ­տա­գոր­ծել գի­տու­թիւ­նը ի­րեն եւ իր շուր­ջին­նե­րուն հա­մար եւ ի՜նչ կ՚ար­ժէ բա­րի մար­դու համ­բաւ վա­յե­լել բայց ոե­ւէ մէ­կու մը բա­րիք չը­նել։

Ուս­տիեւ ա­մէն ար­ժէք ի­րա­պէս «ար­ժէք»ի ի­մաստ եւ հան­գա­մանք կը ստա­նայ, երբ ար­ժէ­քը օգ­տա­կա­րու­թեան ա­ռիթ մը, մի­ջոց մը ըլ­լայ։

Եւ այս ի­մաս­տով, կան մար­դիկ, որ կը հասկ­նան ի­րենց շուր­ջին­նե­րը, բայց չեն հասկ­ցուիր ի­րենց շուր­ջին­նե­րէն։ Ար­դա­րեւ, ա­նոնք գի­տեն բարձ­րէն իջ­նել վար, բայց վա­րին­նե­րը չեն կրնար բարձ­րա­նալ։ Հա­մես­տու­թիւն, պար­զու­թիւն ցոյց կու տան բարձ­րու­թեան վրայ գտնուող­ներ, ի­րա­կան մեծ մար­դիկ, ո­րոնք այն­քան հա­զուա­գիւտ են, իս­կա­կան տի­պար­ներ, բայց հա­սա­րակ գո­ռոզ­ներ, ինք­նա­հա­ւան­ներ չեն գի­տեր խո­նար­հու­թեան ու չա­փա­ւո­րու­թեան ար­ժէ­քը, եւ «ցած»ը կար­ծե­լով թէ «բարձր» է, չեն զի­ջա­նիր բարձ­րա­նա­լու եւ հասկ­նա­լու իս­կա­կան «բարձր»ե­րը, վսեմ­նե­րը։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ այս ան­հա­մե­մա­տու­թե­նէն կը ծնի ան­ներ­դաշ­նա­կու­թիւն­ներ եւ ա­նա­խորժ ե­ղա­նա­կա­ւո­րում­ներ՝ ո­րոնք կը վնա­սեն ըն­կե­րա­յին կեան­քի խա­ղա­ղու­թիւ­նը։

Ար­դա­րեւ մեծ մար­դիկ, տի­պար մար­դիկ, կա­տա­րեալ մար­դիկ գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նին «հա­մակ­րա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեան»՝ «emphaty»ի, որ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ մարդս. ան­թե­րի կ՚ը­նէ, զօ­րա­ւոր նկա­րագ­րի տէ՛ր ա­նի­կա։

Ե­րա­նի՜ որ կան աշ­խար­հի վրայ մեծ, կա­տա­րեալ եւ տի­պար մար­դիկ, ո­րոնց­մէ օ­րի­նակ առ­նե­լո՛ւ ենք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 15, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016