ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ՏՂՈՑ

«Վի­վա­սել-Էմ.Թի.Էս.» կ՚ա­ջակ­ցի Սու­րիոյ քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով ծանր կա­ցու­թեան եւ ա­նա­պա­հո­վու­թեան մէջ գտնուող ու հայ­րե­նա­դարձ հաշ­ման­դամ հայ փոք­րիկ­նե­րուն: Վեր­ջին­ներս Հա­յաս­տան գա­լէ ա­ռաջ կը գտնուէին Հա­լէ­պի «Ա­րե­ւիկ» կեդ­րո­նի հո­գա­ծու­թեան տակ: Հա­յաս­տա­նի մէջ զա­նոնք հա­մախմ­բած է «ՀԱ­ԼԷՊ» հայ­րե­նակ­ցա­կան բա­րե­սի­րա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, ո­րուն նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, «Ա­րե­ւիկ»ի 13-ա­մեայ յա­ջող փոր­ձա­ռու­թե­նէն մեկ­նե­լով, եր­կու տա­րի ա­ռաջ բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ «Ա­րե­ւիկ-Հա­յաս­տան»ին:

Նուի­րուած խում­բին եւ ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շնոր­հիւ՝ «ՀԱ­ԼԷՊ»ը կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին հա­սաւ յա­ջո­ղու­թեան. «Ա­րե­ւիկ-Հա­յաս­տան»ը հո­գե­բա­նա­կան անվ­ճար ա­ջակ­ցու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ ֆի­զի­քա­կան եւ մտա­յին հար­ցեր ու­նե­ցող սու­րիա­հա­յե­րուն: Կեդ­րո­նին մէջ  կը կազ­մա­կերպո­ւին ու­սու­ցո­ղա­կան դա­սըն­թացք­ներ, ու­սո­ղու­թեան, նկար­չու­թեան, ե­րաժշ­տու­թեան, ֆի­զի­քա­կան պատ­րաս­տուա­ծու­թեան դա­սեր: Յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յուի խօ­սե­լու կա­րո­ղու­թեան զար­գաց­ման, ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­նե­րու ու­սուց­ման:

«Ա­րե­ւիկ-Հա­յաս­տան» կեդ­րո­նի մաս­նա­գի­տա­կան խում­բը կը յա­ջո­ղի թե­թեւց­նել հար­ցեր ու­նե­ցող սու­րիա­հա­յե­րուն ա­ռօ­րեան եւ զա­նոնք ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով ներգ­րա­ւել հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին մէջ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2016