ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Դէպի Թիֆլիզ պաշտօնական այցելութեան վերջին օրը, երէկ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան տեսակցեցաւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէի հետ։ Քննարկուեցան երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններու ընթացքը, զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան ներկայ մակարդակն ու զարգացման հեռանկարները, երկկողմանի օրակարգի այլ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանման ու ամրապնդման խնդիրներուն։ Կողմերը վերահաստատեցին Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարութիւններուն միջեւ հա-մագործակցութիւնը զարգացնելու պատրաստակամութիւնը։
Վիգէն Սարգսեան Թիֆլիզի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ վիրահայ համայնքային շրջանակներէն ներկայացուցիչներու հետ։
Միւս կողմէ, Սարգսեան յայտարարեց, որ անցեալ Ապրիլի քառօրեայ պատերազմի ընթացքին շփումներ տեղի ունեցած են Երեւանի եւ Թիֆլիզի միջեւ։ «Մեր վրացի գործընկերները շատ անհանգստացած էին, անոնք առաջարկեցին իրենց կողմէ ջանք գործադրել՝ երկխօսութեան ուղիներ գտնելու եւ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու հարցին մէջ», ըսաւ Վիգէն Սարգսեան՝ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ։