ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՄԱՆ ՑԵՐԵԿՈՅԹ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պարգեւատրեց խումբ մը մտաւորականներ, որոնց շնորհեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանը։ Պարգեւատրեալներն էին՝ արուեստաբան Հենրիկ Յովհաննիսեան, արեւելագէտ Նիքոլայ Յովհաննիսեան, արուեստագէտ Վահէ Շահվերտեան եւ ճարտարապետ Նարեկ Սարգսեան, որ միեւնոյն ժամանակ կ՚ատենապետէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ճարտարապետական խորհուրդին։
Բարձրաստիճան հոգեւորականներ ընթերթեցին իւրաքանչիւր պարգեւատրեալին համար Նորին Սրբութեան կողմէ շնորհուած հայրապետական սրբատառ կոնդակը։ Վեհափառ Հայրապետը հանդիսաւորապէս յանձնեց անոնց շքանշանները։ Մեծարեալներն ալ հանդէս եկան երախտագիտութեան խօսքով։
Ցերեկոյթի ընթացքին երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան Էջմիածնի Հայորդեաց տան սաները։ Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի աղօթքով։
Եկեղեցական
- 12/25/2024