ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ
ՆՈՐԵԼՈՒԿ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՆ
Գիտենք, որ երախաներ ամենուրէք անձկութեամբ կը սպասեն տարուան վերջաւորութեան, որպէսզի տեսնեն, թէ Կաղանդ պապան ի՞նչ նուէրներ պիտի բերէ իրենց։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ թերեւս ալ Եւրոպայի մէջ ու այլուր՝ Կաղանդ պապան կը ժամանէ Դեկտեմբեր 24-ի գիշերը, որ կը զուգադիպի ըստ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու՝ Քրիսոտոսի ծննդեան նախորդող գիշերուան։ Միջին Արեւելքի մէջ սակայն, Կաղանդ պապան կը ժամանէ Դեկտեմբեր 31-ի գիշերը՝ որ կը զուգադիպի Նոր տարուան նախորդող գիշերուան։
Կաղանդ պապայի պատմութեան ծագումը կը վերագրուի եկեղեցականի մը՝ Սուրբ Նիքոլաս (Saint Nicholas), որ ապրած է չորրորդ դարուն՝ Փոքր Ասիոյ (այժմու Թուրքիա) Մայրա քաղաքին մէջ։ Կ՚ըսուի, թէ անոր ծնողքը մահացած են, երբ ան փոքր էր եւ իրեն թողած են մեծագումար ժառանգ մը։ Ան ազնիւ եւ մարդասէր անձ մը ըլլալով, օգնած է աղքատներուն եւ կարօտեալներուն։
Միացեալ Նահանգներու մէջ, Գոհաբանութեան օրուան (Նոյեմբեր ամսուան չորրորդ Հինգշաբթին) յաջորդող օրն իսկ կը սկսին Կաղանդ պապայի գալստեան յատուկ պատրաստութիւնները։
Այսպէս՝ շուկաներու (malls) մէջ, տօնածառերով շրջպատուած՝ իր դղեակին մէջ Կաղանդ պապան կ՚ընդունի փոքրիկներ, որոնք իր ծունկին վրայ նստած կը նկարուին եւ անոր կը յայտնեն նուէրներու իրենց ակնկալութիւնները։ Անշուշտ անոնց ծնողները պարտաւոր են գնել այդ նկարներէն քանի մը տեսակներ… Սա ամերիկեան «շուկայական խաբկանքի» պարզ մէկ երեւոյթն է լոկ, որուն մարդիկ կ՚ենթարկուին՝ կամայ թէ ակամայ։
Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն շուկան (mall) կը գտնուի Մինէսոթա նահանգի Պլումինկթըն քաղաքին մէջ եւ կը կոչուի Mall of America, որ հիմնուած է 1992 թուականին։ Ան ունի 400 խանութներ, 12 հազար պաշտօնեաներ եւ անոր տարեկան այցելուներուն թիւը կը հասնի 35-40 միլիոնի։
Այդ շուկան այս տարի առաջին անգամ ըլլալով վարձած է սեւամորթ ամերիկացի մը՝ որպէս Կաղանդ պապա… Կրնա՞ք երեւակայել այդ արարքին ստեղծած հակամարտութիւնը։ Պէտք է աւելցնել, որ այս «Նորելուկ Կաղանդ պապան»՝ Լերի Ճեֆըրսըն անունով, Միացեալ Նահանգներու բանակէն վեթերան մըն է, որ տասնեօթ տարիէ ի վեր կը գործէ, իբրեւ արհեստավարժ Կաղանդ պապա, ուրիշ շուկաներու մէջ։
Իսկ ի՞նչ է պատգամը նորելուկ այս Կաղանդ պապային՝ որ ընտրուած է հարիւրաւոր թեկնածուներու մէջէն։ Ան կ՚ուզէ սփռել Յոյս, Սէր եւ Խաղաղութիւն՝ բոլոր մանուկներուն։
ՊՈՒՊՐԻԿՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Գիտենք, որ փոքր աղջիկներու նախընտրած խաղալիքը պուպրիկն է, իսկ փոքր մանչերունը՝ ինքնաշարժը։ Սա կարծես բնութեան տրամաբանական մէկ բնորոշումն է, որովհետեւ աղջիկներ մայրանալով հոգ պիտի տանին իրենց զաւակներուն, մինչդեռ մանչերու տնօրինուած է աշխատիլ եւ իրենց ընտանիքներուն ապրուստը ապահովել, գէթ հին օրերուն։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նշանաւոր է իգական Պարպի (Barbie) պուպրիկը, որ շուկայ իջած էր 1959 թուականին։ Իսկ արական Քեն (Ken) պուպրիկը շուկայ իջած էր 1961 թուականին։ Շիտակը՝ ես անձանբ չէի գիտեր, որ արական պուպրիկ ալ կայ, ինչ մեղքս պահեմ…
Յամենայնդէպս եւ ըստ ամերիկեան առասպելական հէքեաթին, Քեն եւ Պարպի առաջին անգամ ըլլալով ծանօթացած են 1961 թուականին։ Նոյն աղբիւրները կը հաղորդեն նաեւ, որ Քեն եւ Պարպի դարձեալ հանդիպած են 2011 թուականին եւ այս անգամ իրենց հանդիպումը եղած է պտղաբեր։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
Ուրեմն անոնք վերջապէս ամուսնացած են եւ այդ առթիւ այս տարի շուկայ իջած է՝ Moschino ընկերութեան կողմէ պատրաստուած անոնց զոյգ պուպրիկները, որ կը վաճառուի 254 տոլարի։
Քանի որ կ՚ապրինք Ամերիկայի մէջ, ուր ամուսնութիւններուն 50 տոկոսը դատապարտուած է ամուսնալուծման, հիմա ես անձկութեամբ կը սպասեմ, թէ Քեն եւ Պարպի պուպրիկները ե՞րբ պիտի ամուսնալուծուին…
Պուպրիկներու ամուսնութիւ՞ն, Աստ-ւած իմ՝ դեռ ինչե՜ր պիտի լսենք!
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան