ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ԱՆԿՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱԾ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՕԴԱՆԱՒԻՆ ՍԵՒ ԱՐԿՂԸ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ

Շա­բա­թա­վեր­ջին Սո­չիի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած օ­դա­նա­ւի ար­կա­ծին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Կար­միր բա­նա­կի երգ­չա­խում­բը փո­խադ­րող ռու­սա­կան օ­դա­նաւ մը շա­բա­թա­վեր­ջին ան­կում ու­նե­ցած էր Սո­չիի մօ­տա­կայ­քին եւ ին­կած՝ Սեւ ծո­վու մէջ։ Աղմ­կա­յա­րոյց այս ար­կա­ծէն վերջ կը շա­րու­նա­կուին ո­րոն­ման աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Սո­չիի մեր­ձա­կայ­քին ծո­վու մէջ յայտ­նա­բե­րուած է օ­դա­նա­ւի հիմ­նա­կան սեւ արկ­ղը։

Այս ար­կա­ծին վե­րա­բե­րեալ վար­կած­ներն ալ կը շա­րու­նա­կեն մնալ օ­րա­կար­գի վրայ։ Սկիզ­բին ա­մե­նա­հա­ւա­նա­կան­նե­րու շար­քին չէր դա­սուեր ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը, սա­կայն Ռու­սաս­տա­նի Հա­ղոր­դակ­ցու­թեան նա­խա­րար Մաք­սիմ Սո­քո­լով նա­խըն­թաց օր յայտ­նեց, թէ ա­հա­բեկ­չու­թեան վար­կածն ալ չէ բա­ցա­ռուած։

Միւս կող­մէ, Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէր­կէյ Շոյ­կու յայտ­նեց, որ վերս­տին պի­տի հիմ­նուի Կար­միր բա­նա­կի երգ­չա­խում­բը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2016