ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Նշան­թա­շըի «Ի­տիլ» գե­ղա­րուես­տաս­րա­հը կազ­մա­կեր­պած է ցու­ցա­հան­դէս մը՝ ող­ջու­նե­լու հա­մար Նոր տա­րին։ 45 ա­րուես­տա­գէտ կը մաս­նակ­ցի այս խառն ցու­ցա­հան­դէ­սին, ո­րու բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն։ Գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րը հա­մախմ­բուե­ցան ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ՝ 2017 թուա­կա­նին հա­մար դրա­կան սպա­սում­նե­րով, մա­նա­ւանդ խա­ղա­ղու­թեան ակն­կա­լու­թեամբ։

Այս խառն ցու­ցա­հան­դէ­սին կը մաս­նակ­ցին մեր հա­մայն­քէն ե­րեք նկար­չու­հի­ներ՝ Գա­րին Ճին­ճիօղ­լու, Հրա­սուն Սեր­ճիօ եւ Թա­լին Մերթ։ Ա­նոնց ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ցու­ցա­հան­դէ­սի ամ­բող­ջին մէջ ար­ժա­նա­ցան ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Գա­րին Ճին­ճիօղ­լու այս ցու­ցա­հան­դէ­սին հա­մար տուած է ինն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն, Հրա­սուն Սեր­ճիոն՝ եր­կու, իսկ Թա­լին Մեր­թը՝ մէկ։

Ցու­ցա­հան­դէ­սը պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ Յու­նուա­րի 4-ը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016