ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՄԷՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Ե­րէկ, Գա­րա­կէօ­զեան ման­կա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մա­նո­րի խրախ­ճանք մը, ո­րու ըն­թաց­քին փոք­րիկ­նե­րը ապ­րե­ցան մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ «Նա­տիա-Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» գե­ղա­րուես­տա­նո­ցի աշ­խա­տան­քի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դէ­սը, ո­րու ըն­թաց­քին տղա­քը հան­դէս ե­կան ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, եր­գե­րով ու պա­րե­րով՝ ար­ժա­նա­նա­լով ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։

Ներ­կայ էր նաեւ Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան, ո­րու որ­դին ալ կը յա­ճա­խէ այս դպրո­ցը։ Տնօ­րէ­նու­հի Ա­րու­սեակ Մո­նէ եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մը ջեր­մօ­րէն շնոր­հա­ւո­րե­ցին փոք­րիկ­ներն ու ծնող­նե­րը։

Կա­ղանդ պա­պու­կը սրահ ժա­մա­նե­լով նուէր­ներ բաժ­նեց մա­նուկ­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց ե­րե­ւա­կա­յա­կան աշ­խար­հին մէջ ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին։

Հան­դէ­սի կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տած էին ու­սուց­չա­կան կազ­մէն՝ Նա­թա­լի Ե­կէ­նեան, Մա­րալ Ուս­տա Պալ, Լի­զա Քէօ­սէ­տաղ, Ռո­մի­նա Սի­նան, Պե­լին­տա Մե­ծա­տուր, Ժիւ­լիէթ Պա­շաք, Սօ­նի Քիւ­լէք, Տեն­­չա Ներ­սէ, Առ­լին Շահ­պազ Շե­րե­մէթ, Սթե­ֆա­նի Եոսթ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016