ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
Երէկ երեկոյեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցաւ մնայուն բնակիչներուն Ամանորի աւանդական խրախճանքը։ Հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկին պատրաստութիւնները յառաջ տարուած էին ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքայի կողմէ։ «Պիլէք» հանգստարանի սրահի երդիքին տակ համախմբուած մնայուն բնակիչներուն ան ուղղեց ողջոյնի խօսք մը՝ բոլորին շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ յղելով Նոր տարուան առթիւ։
Երեկոյթի յայտագիրը սկսաւ հիւանդանոցի զանազան բաժիններու հիւանդասենեակներով կատարուած շրջայցով։ Նուէրներ յանձնուեցան այն հիւանդներուն, որոնք անկողնոյ կը ծառայեն։ Աւելի վերջ մնայուն բնակիչները համախմբուեցան ընթրիքի սեղաններուն շուրջ։ Սիլվա Թրիքա եւ հիւանդանոցի այլ պատասխանատուներ ջերմ վերաբերմունքով բաժնեկից եղան անոնց տօնական շրջանի զգացումներուն։ Բարեմաղթանքներով յատկանշուած միջավայրի մը մէջ Կաղանդ պապուկն ալ յուշանուէրներ յանձնեց մնայուն բնակիչներուն։
Վահան Յակոբեանի կողմէ գործադրուած երաժըշ-տական յայտագրով բոլորը ունեցան հաճելի ժամանց։ Այսպէսով մեր համայնքի երէց սերունդի ներկայացուցիչները Ազգին տունէն ներս տոգորուեցան տարի մը եւս ողջունելու բախտին արժանացած ըլլալու յուզումով։