Ս. ԾՆՈՒՆԴ

Օր մը կու գաս ին­ծի ժա­մու մը ե­րե­կո­յեան, 
Յու­շիկ ան­ջա­տուած աստ­ղէս ա­մե­նա­սի­րած. 
Բեր­նիդ մէջ սի­րոյ խօսքն ակն­կա­լուած.
Բո­լոր ճիւ­ղե­րը կը սպա­սեն զարդ հա­գած:

Օ, գի­տեմ, կը լու­սա­ւո­րուիմ այն ա­տեն ես,
Ո­րով­հե­տեւ ճեր­մակ լոյ­սե­րըս կը վա­ռես։

«Ե՞րբ». կը հարց­նեմ մեր հան­դի­պու­մէն ի վեր.
«ե՞րբ»։
Հ­րեշ­տակ մը փրցու­ցի ոս­կի մա­զե­րէդ
Եւ ինձ­մէ այն­քան կա­նուխ հե­ռա­ցած ե­րա­զէն։
Օ կը սի­րեմ քեզ, կը սի­րեմ քեզ,
Կը սի­րեմ քեզ։

Կը լսես. կը սի­րեմ քեզ։
Եւ մեր սէ­րը կը յա­ծի ար­դէն գի­սաստ­ղի տա­րի­ներ,
Նախ­քան քու զիս ճանչ­նալդ եւ իմ՝ քեզ։

ԷԼ­ԶԷ ԼԱՍ­ՔԵՐ-ՇԻՒ­ԼԵՐ
գերմ․ թրգմ․ Ի․Չ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016