ՖԷՐԻԳԻԻՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԵՐԷԿ ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէ­կուան կի­րակ­նօ­րեայ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Մեծ պա­հոց շրջա­նի այս հեր­թա­կան Կի­րա­կիին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը տուաւ նաեւ օրուան պատ­գա­մը։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց տեղ­ւոյն հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ Տ. Զա­քար Քհնյ. Քո­փա­րեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը ներ­դաշ­նա­կօ­րէն կա­տա­րուե­ցան Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն կող­մէ, ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի եւ եր­գե­հո­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լուի։ 

Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը հո­գե­ւոր մեծ գո­հաց­ման զգա­ցու­մով ունկնդ­րե­ցին եր­գե­ցո­ղու­թիւն­ներն ու Նո­րին Սրբազ­նու­թեան քա­րո­զը։ 

Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, ա­տե­նա­պետ Իս­քէն­տէր Շա­հին­կէօ­զի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը պա­տուա­սի­րու­թիւն մըն ալ սար­քեց Նո­րին Սրբազ­նու­թեան եւ ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն հա­մար։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2015