ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ

Այս գի­շեր եր­կին­քէն
Հրեշ­տակ­ներ վար ի­ջան,
Այս տե­սա­րա­նէն հո­վիւ­ներ վախ­ցան։
Ով հո­վիւ­ներ ե­լէք,
Բեթ­լե­հէմ վա­զե­ցէք,
Ա­ւե­տե­ցէք զի Յի­սուս ծնաւ։
                    Եր­բոր Յի­սուս ծնաւ,
                    Մը­սու­րին մէջ պառ­կաւ․
                    Օր­րան մըն ալ չկար որ հոն հանգ­չէր։
                    Մեր դէմ­քերն ալ ժպտին 
                    Դէ­պի մեր մայ­րի­կին,
                    Մաղ­թենք ա­նոր շնոր­հա­ւոր ծնունդ։

Եր­գը կը հնչէ ու ան է Նոր Տա­րի կո­չուա­ծը։ Լուրջ, կուռ, խիստ, խո­րունկ, միա­խոր­հուրդ, միա­հոսք, փա­ռա­մօ­րուս ձայ­նը կը լեց­նէ հիւ­րա­սե­նեա­կը, սե­ղա­նը, ան­կիւ­նի տօ­նա­զարդ ծա­ռը, տու­նը, ի­րե­րը, ներ­սե­րը, լոյսն ու մու­թը, իս­կա­կան ռում­բի կամ հրա­ցա­նի ու կեղծ՝ պայ­թու­ցի­կի պայ­թում­նե­րուն ա­հա­ւոր աղ­մու­կը։ Ձայ­նը որ­քան ա­կաղ­ձուն է աղ­մու­կին դի­մաց ու կ՚անց­նի բո­լոր ի­րե­րէն։ Յար­դա­րում մը կայ հրեշ­տա­կա­ձայն, սահ­ման­ներ ճշդած, որ այդ օ­րե­րուն կը ծա­ւա­լի, կը մեծ­նայ ու կը մեծց­նէ, կը լա­փէ: Կա­պար­նե­րու կար­կու­տին տակ պէտք է ե­կե­ղեց­ւոյ զան­գը հնչեց­նել ճիշդ կէս գի­շե­րին։ Այս պէտ­քը շատ ինք­նա­բուխ ու բնա­կան է՝ Կա­ղան­դի գա­գաթ­նա­կէտ։ Կա­ղանդ ա­ռա­ւել Կա­ղանդ։ Ճամ­բայ ել­լել շուրջ հինգ վայր­կեան ա­ռաջ, սա­կայն ան­հուն մըն է այդ հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը, թե­րեւս ըն­դա­մէ­նը հա­րիւր քայլ, ու պայ­թում ու պայ­թիւն, կա­պա­րա­տեղ ան­դուլ, գրե­թէ ա­նընդ­մէջ, այն­քան եր­կա­րա­ձիգ կը դարձ­նեն մայ­թե­րը այդ ձայ­նաշ­խար­հին, որ հետզ­հե­տէ, երբ վայր­կեան­ներն ու երկ­վայր­կեան­նե­րը ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի կը մօ­տե­նան տա­րե­մու­տին, ու ա­հա ար­դէն հա­սած են գրե­թէ մե­ծա­գոյն պոռթ­կու­մի հա­մեր­գին, ա­ռա­ւե­լա­պէս կը սաստ­կա­նան, հա­մար­ձա­կա­ձայն կ՚ա­հագ­նա­նան, կ՚ո­լո­րուին, կը կո­տո­րուին, կը ցրուին, կը ծփան, կը ծի­ծա­ղին, կ՚ա­ռանձ­նա­նան ու վերս­տին կը միա­նան, հրեշ­տակ­նե­րուն ձայ­նը կա­պար-կա­պար կը փե­ռեկ­տի, կը ման­րա­նայ, սուր շեղ­բե­րու ա­րագ հա­տում­նե­րով կ՚ա­ծի­լէ օ­դը, կը կե­ղուէ սու­րա­ցող պայ­թու­ցիկ­նե­րը, ո­րոնք դեռ ա­ւե­լի կը սրին ու նրբա­ցում­նե­րու կը հաս­նին, ե­րանգ­ներ կը ման­րա­մաս­նուին, փերթ-փերթ կը թրթռան, կը ֆռֆռան, ու վա­ռօ­դին հո­տը կը լեց­նէ մթնո­լոր­տը, մու­թի լոյ­սը, սլա­ցող սու­լոց­նե­րը կը նի­հար­նան, կախ­ման կէ­տեր լայն­նա­լով կը սփռուին, կը ճօ­ճին ու մշտա­պէս կը մե­ռած­նին, վեր-վեր, վար-վար, վայ­րի­վե­րի­վայր ու վե­րի­վայ­րի­վեր կը լո­ղագ­ծագ­րեն ե­թե­րը կլոր­նե­րու, ո­լո­րե­լով ար­տա­հա­նուած լու­սա­գի­ծե­րը, լա­րե­լով ա­նոնց մէջ կո­րու­թիւն­ներ, բո­լո­րե­լով ու վեր­փո­րե­լով, մու­խու­ծու­խի մլա­ւիւն պրկե­լով, սփռե­լու գիծ, գիր, շարք, սարք, օ­դա­պա­տում պա­րա­բան, ձայն, սոյլ, հոտ, մու­թին են­թա­խոր­քը վայր­կենա­բար վայ­րե­նա­բար պայ­ծա­ռա­կեր­պող հմայուածք, հրեշ­տակ­նե­րուն տա­լով, բացխ­փե­լով ճամ­բան էջ­քի դէ­պի եր­կիր, եր­գի եր­կիր, այս իսկ գի­շեր, եր­գող ձայ­նին սա­հան­քով, հո­վիւ­նե­րուն վա­խով, այս­պի­սի տե­սա­րա­նի մը խա­ղա­ղու­թեան մէջ ջերմ մսու­րին գիր­կը, ե­զան ու ի­շուն շուն­չին ջինջ ի­ջու­մին գի­սաստ­ղա­լի խա­ղաղ լա­զուարթ զուարթ ար­դա­զար­դում մեղ­մօծ համ­բոյր ե­թե­րի թով թա­փան­ցում ծնունդ ան­տեղ, ա­նօ­թե­ւան, անշ­շուկ, ի­ջան, ա­յո, խումբ առ խումբ, կա­պար առ կա­պար, հրա­շա­փառ հրեշ­տակ­ներ, եւ ինչ­պէ՞ս ծած­կա­բան մա­նու­կը յայտ­նա­խօս ու ծակծ­կա­բան եր­կին­քը մշտա­տեղ զի­րար կը գրկեն, կը զրկեն զի­րար, տա­ռա­խաղ չէ, ոչ, գրկա­զուրկ է հրեշ­տակ­նե­րուն կա­պա­րա­հար մա­նու­կին ճի­չը, որ կը շո­ղայ ա­մէ­նու­րեք, երբ պի­տի նե­տենք քայ­լե­րը դէ­պի ե­կե­ղե­ցի, դէ­պի ղօ­ղանջ Կա­ղան­դի, որ ա­ւե­տէ մուտ­քը տա­րուան, որ տա­րին բացուի ու մտնէ ի վեր­ջոյ, առ­նէ սկիզբ, մա­նուող յա­ծող ծա­ծան ա­լիք լե­զուակ աջ վեր ու ա­հեակ վեր, միա­շունչ երկ­կողմ, տա­րա­փին տակ ճեղ­քա­րար ղօ­ղան­ջը, ծա­ւա­լե­լով հաս­նող, ան­ցու­մի ե­կող ցանց, շիթ առ շիթ քան­դա­կուող, հո­սող հաս­նող, պար-պար բար­բառ, զան­գակ մաղ­թանք։

ԻՇ­ԽԱՆ ՉԻՖԹ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016