ԿԱՊՈՅՏ ՁԵՌՔՆ ՈՒ ԿԱՂԱՆԴԸ

Դեկ­տեմ­բեր է: Գի­շե­րը ցե­րե­կուը­նէ չի զան­զա­զա­նուիր՝ ա­մէն տեղ լու­սա­ւոր է, շող­շո­ղուն ու զար­դա­րուն: Ա­կա­մայ դուրս կը նե­տուիս, սփո­փանք մ­­՚է փնտռածդ:

Մե­նու­թեան զգա­ցու­մը կը խեղ­դէ ներսդ եր­բեմն, կ՚ու­զես նոյ­նիսկ ան­ծա­նօթ մը փո­ղո­ցին մէջ կեց­նել ու խօ­սիլ, ան­վերջ խօ­սիլ, հոգ չէ թէ ին­չի՛ մա­սին, պատ­մել ա­մէն ինչ, թա­փել ներ­սէդ յոր­դող կա­րօ­տը, որ շա­տոնց դադ­րած է կա­րօտ ըլ­լա­լէ, ու­րիշ բան մ՚է, ար­դեօք կսկի՞ծ, թա­խի՞ծ, սո՞ւգ... չէ, չէ ու­րիշ բան, որ նոյ­նիսկ ընդվ­զու­մի տես­քով դուրս կը թա­փի եր­բեմն դէ­պի միակ ունկն­դիրդ, օգ­նա­կանդ, մխի­թա­րու­թեան աղ­բիւրդ՝ Ա­րա­րի­չը:

Մայ­րա­քա­ղա­քի կեդ­րո­նա­կան փո­ղոց­նե­րը կը վխտան ան­ցորդ­նե­րով: Ծա­նօթ դէմ­քեր չկան, բայց եւ այն­պէս հա­ճե­լի է այս գե­ղեց­կու­թիւ­նը ըմ­բոշխ­նել, թէեւ ցուրտ է ու ձմեռն իր սպիտսկ քօ­ղը տա­րա­ծած: Ան­ցորդ­նե­րը ցուր­տէն պատս­պա­րող հաստ վե­րար­կու­ներ, գլխարկ­ներ ու վզնոց­ներ կը կրեն, մա­նուկ­նե­րը հա­զիւ կրնան քա­լել հա­գուստ­նե­րու բե­ռէն: Ա­հա կա­ղանդ պա­պուկ­ներ, ձիւ­նա­նոյշ­ներ կը շրջին ու կը զուար­ճաց­նեն ան­ցորդ­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց մա­նուկ­նե­րը գրկած ինք­նի­կով մը կը պա­հեն այ­սօ­րուան յի­շա­տա­կը:

Կը յի­շեմ, թէ ինչ­պէս տա­րուան այս օ­րե­րուն մեր զա­ւակ­նե­րը կը հագց­նէինք ու կը տա­նէինք նկա­րիչ­նե­րու զար­դա­րուն սրահ­նե­րը, տե­սակ-տե­սակ կը նկա­րէր զի­րենք նկա­րի­չը ու ա­մե­նէն յա­ջող լու­սան­կա­րը կը ղրկէինք մեր հե­ռա­ւոր հա­րա­զատ­նե­րուն: Ծնուն­դի եւ Ա­մա­նո­րեայ ձե­ռա­գիր բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը կը զար­դա­րէին լու­սան­կար­նե­րուն ե­տե­ւը: Իսկ մեր տու­նե­րու տօ­նա­ծա­ռե­րը զար­դա­րանք­նե­րուն կող­քին նաեւ կը կրէին հե­ռա­ւոր հա­րա­զատ­նե­րէն հա­սած բա­ցիկ­ներ ու լու­սան­կար­ներ, ո­րոնց հաս­ցէա­տէ­րե­րը կար­ծես կը շար­ժէին, կը պա­րէին լոյ­սե­րուն վա­ռե­լուն ու մա­րե­լուն հետ:

Ա­հա հե­ռուէն կը նշմա­րեմ ծա­նօթ դէմք մը: Է՛հ, դեռ բազ­մու­թեան մէջ կը փնտռենք մեր ար­մատ­նե­րուն յի­շա­տակ­նե­րը, որ կա­րօ­տի տես­քով կը ժայթ­քին, երբ հա­րա­զատ մը կամ ծա­նօթ դէմք մը տես­նենք. նոյ­նիսկ դէմ­քեր, ո­րոնց գո­յու­թիւնն իսկ չէինք նկա­տած մեր ծննդա­վայ­րին մէջ, ո­րոնց չոր բա­րեւ մ՚իսկ կը զլա­նա­յինք:

Չէի ճանչ­նար մօ­տե­ցո­ղը, մեր ա­մու­սին­նե­րը բա­րե­կամ­ներ էին, խա­նութ­նե­րը կողք-կող­քի էին ա­նոնց, միայն եր­բեմն տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին բա­րե­ւած ենք ի­րա­րու, ա­նի­մաստ, ցու­ցադ­րա­կան բա­րեւ մը միայն:

Կը մօ­տե­նայ, ին­ծի պէս մի­նու­ճար կը թուի ար­տա­քուստ: Իր տղան է կ՚ե­րե­ւի, զոր ձեռ­քէն բռնած կու գայ իմ ուղ­ղու­թեամբ: Կը նստինք մօ­տա­կայ ճա­շա­րան մը, տղան ներ­սը՝ խա­ղա­վայ­րը կը խա­ղայ ախ­պեր­նե­րու հետ, մինչ մայ­րը պի­տի ճա­թի կար­ծես:

-Ի՞նչ ու­նիս,- կ՚ը­սեմ ու ին­չե՜ր կը գրգռէ կար­ծես այս անն­շան հար­ցու­մը, աչ­քե­րը՝ լուա­ցուած պա­հուն օ­ճա­ռը մէ­ջը մտա­ծի տեսք կ՚ու­նե­նան յան­կարծ:

-Այս ա­մի­սը չեմ սի­րեր,- կ՚ը­սէ: Ի­րա­ւունք ալ ու­նի, պա­տե­րազ­մի ա­հէն ու դո­ղէն փախ­չե­լով, հոս այլ դժուա­րու­թիւն­ներ ու­նինք բո­լորս, ի՞նչ Կա­ղանդ, ի՞նչ Զա­տիկ:

-Բո­լո­րիս վի­ճա­կը նոյնն է, քոյրս,- մեղ­մե­լու ճիգս ի դե­րեւ կ՚անց­նի, կը զգամ, քա­նի ոչ մէկ փո­փո­խու­թիւն նկա­տե­լի է ա­նոր դէմ­քին վրայ, որ հա­յե­լիի պէս կը ցո­լաց­նէ ապ­րում­ներ ու յու­զում­նա­լից պա­հեր:

-Իմս այս ե­ղած է ման­կու­թե­նէս ի վեր,- կ՚ը­սէ հա­զիւ լսե­լի ձայ­նով մը:

-Պատ­մէ՛, կը խա­ղա­ղիս,- ու վեր­ջին հնչիւն­նե­րէս ետք նկա­տե­լի կ՚ըլ­լան ա­նոր գո­հու­նակ, թախ­ծոտ ժպի­տը՝ յու­զում­նա­լից հա­յեաց­քով: Կը սկսի ներ­սէն հա­նել զինք տա­րի­նե­րէ ի վեր տա­ռա­պող ապ­րում­ներ: Ա­նոնք ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն հետ կծիկ-կծիկ կը գլո­րին բեր­նէն դուրս:

«Ես այս օ­րե­րուն կը յի­շեմ միայն մօրս կա­պուտ­ցած ձեռ­քը: Դեկ­տեմ­բեր էր, աս­կէ ե­րե­սուն տա­րի­ներ ա­ռաջ: Ես միայն ե­րեք տա­րե­կան էի, մա­նուկ մը այդ տա­րի­քին ի՞նչ կրնայ մտա­պա­հել, կամ ալ ա­պա­գա­յին ո՞վ կրնայ այդ տա­րի­քի հետ կա­պուած դէպք մը յի­շել: Միայն ե­թէ դառն դէպ­քի մը ա­կա­նա­տե­սը ըլ­լայ մա­նուկ մը, կեան­քի մը տե­ւո­ղու­թեան այդ ակն­թար­թին պատ­կե­րը անջն­ջե­լի դրոշ­մի մը պէս կը կնքուի ա­նոր յի­շո­ղու­թեան դու­ռը:

«Մայրս հի­ւանդ էր, հայրս՝ լի­բա­նան­ցի, մենք Պէյ­րու­թի մէջ կը բնա­կէինք, լու­սա­հո­գի հայրս կը պատ­մէր: Պա­տե­րազ­մա­կան տա­րի­ներն էին Լի­բա­նա­նի՝ սեւ տա­րի­նե­րը. մօրս աչ­քին առ­ջեւ դի­պու­կա­հա­րի փամ­փուշ­տին հա­րուա­ծով ե­րի­տա­սարդ մը ին­կած ու իս­կոյն անշն­չա­ցած էր: Մայրս սաս­տիկ սար­սա­փա­հար ին­կած էր տեղն ու տե­ղը, ան­ցորդ­նե­րը զինք ա­մե­նա­մօտ բժիշ­կին հաս­ցու­ցած ու հօրս տե­ղե­կա­ցու­ցած էին: Այդ ա­նակն­կալ հա­րուա­ծը շատ մեծ ան­հանգս­տու­թիւն պատ­ճա­ռած էր մօրս ու բժիշկ­նե­րու հսկո­ղու­թեան տակ կ­­՚ապ­րէր ան:

«Հայրս՝ պա­տե­րազ­մէն հե­ռա­նա­լու հա­մար, ո­րո­շած էր Հա­լէպ փո­խադ­րուիլ: Հա­լէ­պի մէջ ալ մայրս կը շա­րու­նա­կէր բու­ժուիլ: Մին­չեւ այն ա­տեն, երբ Դեկ­տեմ­բեր ամ­սուան կի­սուն հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րե­ցին զինք, շատ ծան­րա­ցած էր հի­ւան­դու­թիւ­նը, հիւ­ծած էր, քա­լող դիա­կի մը կը նմա­նէր, կ՚ը­սեն, ա­րիւ­նը ջու­րի վե­րա­ծուիլ սկսած էր, բժիշկ­նե­րը ինչ ալ ը­նէին, չէին կրնար դար­մա­նել զինք, ա­նոր կեան­քէն յոյս՝ չէր մնա­ցած:

«Ես՝ բա­նէ ան­տե­ղեակ, ման­կա­կան խա­ղե­րով զբա­ղած էի: Հա­րա­զատ­ներ ու­նէինք, ո­րոնք ե­րեք զա­ւակ ու­նէին եւ բա­րե­կե­ցիկ կեանք մը կ­­՚ապ­րէին, ու­րախ էի ե­րեք քոյ­րե­րուն հետ միա­սին: Ես չէի ու­զեր ի­րենց տու­նէն հե­ռա­նալ, քա­նի միշտ մի­նակ էի, քոյր ու եղ­բայր չու­նէի: Ա­նոնք շատ հոգ կը տա­նէին ու կը գուր­գու­րա­յին ին­ծի, գե­ղե­ցիկ, ճեր­մակ ար­ջուկ մըն ալ գնե­ցին ու տուին ին­ծի: Երբ ար­ջուկս գրկե­ցի, շատ փա­փա­քե­ցայ մօրս ցոյց տալ, ու­րա­խաց­նել զինք, զգաց­նել որ ես ու­րախ եմ ու՝ հան­գիստ: Մա­նա­ւանդ կը խոր­հէի, որ երբ ու­րախ տես­նէր զիս, թե­րեւս քիչ մը ա­պա­քի­նուէր:

«Շատ խնդրե­ցի մեր հա­րա­զատ­նե­րէն, որ տա­նին զիս մօրս քով: Ա­ղօտ յի­շո­ղու­թիւն մը կայ այդ օ­րուան մա՚­սին: Տօ­նա­ծա­ռը զար­դա­րե­ցինք, լու­սա­ւո­րե­ցինք, ա­մէն տու­նը տօ­նա­կան դար­ձու­ցինք, հսկայ տօ­նա­ծա­ռին վրայ գոյնզ­գոյն գնդակ­նե­րը խառն տե­ղա­ւո­րե­ցի, կ­'ա­ճա­պա­րէի, որ հա­րա­զատ­նե­րուս հետ մօրս այ­ցե­լու­թեան եր­թա­յինք. ա­նոնք չէին ու­զեր հի­ւան­դա­նոց եր­թալս, բայց այս ան­գամ հա­մա­ձայ­նե­ցան ու խոս­տա­ցան զիս տա­նիլ: Ար­ջուկս գրկած, հրճուան­քով կը քա­լէի, այլ կը ցատկռ­տէի ու­րա­խու­թե­նէս, մայրս պի­տի տես­նէի, պատ­մէի ա­մէն ինչ՝ տօ­նա­ծա­ռին մա­սին պի­տի հա­ղոր­դէի, ար­ջուկս ցոյց պի­տի տա­յի ա­նոր...:

«Հի­ւան­դա­նո­ցին մի­ջանց­քը հա­սանք: Շատ եր­կար մի­ջանցք մըն էր: Ես հա­րա­զատ­նե­րուս մեծ աղջ­կան ձեռ­քէն բռնած կը քա­շէի, կը վա­զէի, մայրս պի­տի տես­նէի, մա­մա՛, մա­մա՛ ալ կը պո­ռա­յի մի­ջանց­քին մէջ, ձայնս կ՚ար­ձա­գան­գէր:

«Դէ­մէն կը մօ­տե­նար պատ­գա­րակ մը, դէ­պի մե­զի կու գար, ես ալ ա­նոր ուղ­ղու­թեամբ կը վա­զէի: Ձեռ­քը ձգած էի հա­րա­զա­տիս, պի­տի հաս­նէի մօրս պառ­կած սե­նեա­կը: Ու ա­հա պատ­գա­րա­կին վրա­յէն ձեռք մը կա­խուե­ցաւ, կա­պոյ­տի ու մա­նի­շա­կա­գոյ­նի խառն գոյ­նե­րով ձեռք մըն էր, մօ­տե­ցայ ու ճանչ­ցայ մօրս բա­րակ ձեռ­քը... ճչոցս թնթա­ցուց ամ­բողջ հի­ւան­դա­նո­ցը:

«Այդ­պէս, հօրս խնամ­քին տակ հա­սակ ա­ռի, սա­կայն երբ մա­նուկ­նե­րը կը տես­նէի՝ քա­լած մի­ջո­ցին ի­րենց մօր ձեռ­քը բռնած, կամ դպրո­ցին մէջ, երբ ծնող­նե­րուն ներ­կա­յու­թեամբ ձեռ­նարկ­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նա­յին, յատ­կա­պէս՝ «Մայ­րե­րու տօ­ն­»ին, չէի կրնար զսպել ինք­զինքս, շատ կը նե­ղա­նա­յի:

«Ըն­տե­լա­ցայ Տի­րոջ այս կամ­քին ու տա­րի­նե­րը գլո­րե­ցան: Ա­մուս­նա­ցայ: Ա­հա եր­կու ման­չե­րու մայր եմ, այն­պէս կը գուր­գու­րամ զա­ւակ­նե­րուս վրայ, այն­պէս ա­մուր կը գրկեմ զի­րենք, կար­ծես այդ­պի­սով ման­կու­թեան զրկան­քիս լե­ցուն տոպ­րա­կը կը պար­պեմ քիչ-քիչ: Սա­կայն այս՝ Դեկ­տեմ­բեր ամ­սու յու­զումս եր­բեք չեմ կրնար մոռ­նալ, թէեւ կ­­՚ու­զեմ պա­հել ու զա­ւակ­նե­րուս դէմ ու­րախ ձե­ւա­նալ, բայց... ա­նօ­գուտ:

«Կ­­՚ը­սեն, որ հօր մը մա­հով կ՚որ­բա­նայ մա­նուկ մը, ես կը հա­ւա­տամ, որ եր­կու­քին ալ կո­րուս­տը որ­բու­թիւն է, քա­նի եր­կու­քը զի­րար ամ­բող­ջաց­նող օ­ղակ մ­­՚են զաւ­կի մը դաս­տիա­րա­կու­թեան հա­մար»:

-Մա՛մ, մա՛մ,- բա­ցա­գան­չե­լով կը մօ­տե­նայ տղան: Մայ­րը դէմ­քը իս­կոյն ժպի­տով կը հա­մե­մէ ու ժպիտն ու յու­զու­մը ի­րա­րու հետ կը խառ­նուին ու կա­մաց-կամց ար­շա­լոյ­սին մերթ ընդ մերթ յա­ռա­ջա­ցող լոյ­սին նման կը յստա­կա­նայ միայն ժպի­տը, պատ­մե­լով խա­ղա­ղած կը թուի ան,- գի­տե՞ս, ներ­սը՝ խա­ղա­վայ­րը ո՞վ կար:

-Ո՞վ, տղա՛ս:

-Ձմեռ պա­պին ու Ձիւ­նա­նոյ­շը: Ա­նոնք ներ­սի պզտիկ­նե­րուն հե­քիաթ մը պատ­մե­ցին, կար­ծեմ հե­քիաթ ալ չէր, ի­րա­կան պա­տա­հած է:

-Ի՞նչ, ի՞նչ, պատ­մէ՛, լսենք:

-Գի­տե՛ս, Կա­ղանդ պա­պու­կը ի­րա­կան անձ մըն է, ու ման­կու­թեան հայ­րը կորսն­ցու­ցած ու որ­բա­նո­ցի մը մէջ մեծ­ցած է, իսկ ա­պա­գա­յին, մեծ­նա­լէն ու հա­րուստ անձ մը դառ­նա­լէն ետք, ա­մէն գի­շեր ծպտուե­լով կը զար­նէ աղ­քատ­նե­րուն ու չքա­ւոր­նե­րուն դռնե­րը եւ ա­նոնց նուէր­ներ կու տայ ե­ղեր, այս­պի­սով ան­մա­հա­ցու­ցած են զինք: Շատ ու­րա­խա­ցայ, մա՛մ, ես ալ կ­­՚ու­զեմ ի­րեն պէս բա­րի գոր­ծեր ը­նել ու աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րէն ճանչ­ցուիլ:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016