ՓՈՔ­ՐԻԿ ԾԱՌ

Փոք­րիկ ան­խօս Կա­ղան­դի ծառ
Դուն շատ փոքր ես
Ա­ւե­լի ծա­ղի­կի նման ես
Ո՞վ գտաւ քեզ կա­նաչ պար­տէ­զին մէջ
Եւ դուն տխրե­ցա՞ր հե­ռա­ցուե­լուդ հա­մար. 
Տե՛ս, ես քեզ պիտ սփո­փեմ,
Քան­զի դուն շատ ա­նոյշ կը բու­րես
Պի­տի համ­բու­րեմ խո­նաւ կե­ղեւդ
Եւ քեզ գրկեմ պի­տի սեղմ ու ա­պա­հով
ճիշդ մօրդ նման
Բնա՛ւ չվախ­նաս
Նա­յէ՛ փայլփ­լուն զար­դե­րուն
Ո­րոնք ամ­բողջ տա­րին կը նիր­հեն մութ տու­փի մը մէջ
Այն ե­րա­զան­քով, որ գու­ցէ հոն­կէ դուրս բե­րուին
ու ար­ժա­նա­նան փայլ­քի շնորհ­քին․ 
Գնդակ­նե­րը, շղթա­նե­րը կար­միր եւ ոս­կեայ հաստ թե­լե­րը
Քու փոք­րիկ թե­ւե­րուդ վրայ հանգ­չե­ցան
եւ բո­լո­րը պի­տի տամ քե­զի, որ շալ­կես զա­նոնք
Իւ­րա­քան­չիւր մատ պէտք է ու­նե­նայ իր մա­տա­նին
Եւ ոչ մէկ տեղ մութ կամ տխուր պէտք է մնայ.
Այ­նու­հետ, երբ դուն ամ­բող­ջա­պէս պճնուիս
Պի­տի կայ­նիս պա­տու­հա­նին դի­մաց՝ ի տես բո­լո­րին
Եւ ինչ­պի­սի՜ հա­յեացք պի­տի սե­ւե­ռեն քու վրադ
Օ՜, բայց դուն որ­քան հպարտ պի­տի զգաս
Եւ ես ու փոքր քոյրս ձեռք ձեռ­քի բռնած
նա­յե­լով մեր գե­ղե­ցիկ ծա­ռին 
Պի­տի պա­րենք ու եր­գենք
«Կա­ղանդ Կա­ղանդ»

Ի. Ի. ԳԱ­ՄԻՆԿԶ
անգլ․ թրգմ․ Սօ­սի Մի­շո­յեան-Տապ­պա­ղեան

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2017