ԿԱՂԱՆԴ ՄԱՂԱՆԴ
ամը նոր է այսօր
աման ամ աման
բարի եկար մաքուր եկար
գիտեմ որ նորութեանդ
դուն իսկ չես հաւատար
կրկնուող անսրբագիր
նոյն ժամերը նոյն խաղերը նոյն պարերը
ի՞նչ կ՚ըլլաս
սիրելի ամ
եթէ անգամ մըն ալ
հայերուս խղճաս
խելք շնորհք բերես
հայրենիքին՝ շունչ դիակին՝ դագաղ
մամուլին՝ մանգաղ աղբին՝ տոպրակ
աղբի՛ տոպրակ հա
նուէրներունը մենք ունինք
կամ կը ճարենք հոսկէ հոնկէ
խելքը ծակ գրպանը լեցուն
շատ ու շատ մեր տուն
որքան որ կ՚ուզես
մենք քեզի կու տանք
նուէր կը փաթթենք
դուն ալ ի վերջոյ
նուէր մը կ՚առնես
ի վերջոյ զարդ ես
անմեղ նոր տարի
գալուստդ բարի
տոպրակդ լեցուն
վերադառնաս հոն
ուրկէ որ եկար
որ յաջորդ տարի
նորէն տնկուիս
ժպիտ երեսիդ
կարմիր հագուստ
կարմիր բախտ
կարմիր մատիտ
ճերմակ մօրուք
ճերմակ սիրտ
բայց տոպրակդ ախ տոպրակդ
կռնակի՞դ գլխո՞ւդ սրտի՞դ վրայ
ուր ալ դնես պիտ չերեւայ
ՍՏԵՓԱՆ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ