ԲԱՐԻ ՆՈՐ ՏԱՐԻ

Եր­կար տա­րի­նե­րէ հոն էր մայ­րին, քա­ղա­քի ար­ուար­ձա­նի հա­րուստ թա­ղա­մա­սին ման­կա­պար­տէ­զի պար­տէ­զին մէջ, փար­թամ հա­սա­կով, գա­գա­թը դէ­պի բարձ­րունք­նե­րը ձգ­­տող, ճիւ­ղե­րը թռ­­չուն­նե­րուն հիւ­րըն­կալ:

Գար­նան տա­քուկ օր մը, փոք­րիկ­նե­րու թռչուն­նե­րու ճռուո­ղիւն­նե­րուն­ հետ, պար­տիզ­պա­նը մայ­րիի ­կող­քին ե­ղե­ւին մը տն­­կեց:

Մայ­րին պար­տէ­զի մնա­յուն բնակ­ի­չի ի­րա­ւա­սու­թեամբ, պահ մը զար­մա­ցած նա­յե­ցաւ կող­քին ա­նակն­կալ յայտն­ուած այս գա­ճա­ճին, ա­պա հպարտ ու խ­­րոխտ՝ իր փար­թամ հա­սա­կը ա­ւե­լի ցցած, ճիւ­ղե­րը հա­ւա­քեց, դէ­պի վար չնա­յե­լու վճ­­ռա­կա­նու­թեամբ, գա­գա­թը ուղ­ղեց եր­կինք:

Ե­ղե­ւին­ հո­ղին հ­­պու­մէն սարս­ռաց, ցն­­ցու­ղի­ ջու­րը եւ ա­րե­ւի շո­ղե­րը կազ­դու­րե­ցին տե­րեւ­նե­րը, փոք­րիկ ար­մատ­նե­րը տա­րա­ծեց ու ինք­զինք ա­պա­հով զգաց բարձ­րա­հա­սակ մայրիի կող­քին:

Ա­մէն ա­ռա­ւօտ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը կը վազվ­զէ­ին պար­տէ­զին մէջ, պար­տիզ­պա­նը հո­գա­տար ու պատ­րաս­տա­կամ, ցն­­ցու­ղով­ ջուր­ կու տար նո­րա­տունկ ե­ղե­ւի­նին, ու ե­ղե­ւի­նը կ՚ա­ճէր, կը կազ­դուր­ուէր, հի­աց­մուն­քով կը դի­տէր մայ­րին, ա­նոր շքեղ­ հա­սա­կը, մինչ մայ­րին ան­տար­բեր կը խա­ղար իր ճիւ­ղե­րուն վրայ հան­գիստ առ­նող թռչնիկ­նե­րուն, հո­վի­ն ու ա­րե­ւի շո­ղե­րուն­հետ:

Յա­ջորդ գար­նան, ե­ղե­ւի­նը դա­լար ծառ էր, շուր­ջը­ բու­րող­ վար­դի թու­փե­րո­վ ու­ ցատկռ­տող մատ­ղաշ մա­նուկ­նե­րով եր­ջա­նիկ, իսկ մայ­րին չէր նկա­տած ե­ղե­ւի­նի ա­ճող ու ա­ռաջ մեկ­նող ճիւ­ղե­րը, չէր նկա­տած ո­րով­հե­տեւ­ չէր զի­ջած նա­յիլ վար, նա­յիլ կող­քը:

Աշ­նան՝ պար­տէ­զի միւս ծա­ռե­րը, վար­դի թու­փե­րը տե­րե­ւա­թափ ե­ղան, ա­նոնց դե­ղին, կար­միր կծկ­­ուած տե­րեւ­նե­րը ծած­կե­ցին հո­ղի մա­կե­րե­սը ու տ­­խուր խշխ­­շա­ցին… յե­տոյ տե­ղաց անձ­րեւ, կայ­ծա­կը փայ­լա­տա­կեց, հո­ղը ո­ղող­ուե­ցաւ, յափ­րա­ցաւ անձ­րե­ւա­ջու­րի կազ­մած վտակ­նե­րէն իր ըն­թեր­քը թա­փան­ցող սնուն­դով։ Մշ­­տա­դա­լար, դի­մաց­կուն մնա­ցին մայ­րին ու ե­ղե­ւի­նը, մայ­րին հս­­կայ հա­սա­կով քա­մի­ին հետ կը շո­րո­րար, ե­ղե­ւի­նը սրա­ծայր տե­րեւ­նե­րը պար­զած կը ջա­նար ան­հիւ­րըն­կալ մայ­րիի հո­վա­նին վա­յե­լել:

Ձմե­ռը գր­­կա­խառն­ուե­ցաւ աշ­նան, ցուրտ­ն ու բու­քը­ խու­ժե­ցին, մայ­րին մնաց հաս­տա­տուն, ե­ղե­ւի­նը եւս դի­մա­ցաւ:

Դեկ­տեմ­բե­րի ա­րե­ւոտ բայց ցուրտ ա­ռա­ւօտ մը ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը պլլուած հաստ վե­րար­կու­նե­րու մէջ, տա­քուկ գլխարկ­ներ հա­գած, ու­սուց­չու­հիի ա­ռաջ­նոր­դու­թեանբ մտան պար­տէզ, ա­նոնք շր­­ջա­պա­տե­ցին ե­ղե­ւի­նը­ ու փայ­լուն, սի­րուն խա­ղա­լիք­նե­րով զար­դա­րե­ցին ա­նոր ճիւ­ղե­րը:

Տօ­նա­ծառ, տօ­նա­ծառ.- ցատկռ­տե­ցին ա­նոնք երբ ա­ւար­տե­ցին զար­դա­րան­քը:

Ե­ղե­ւի­նը թէ­եւ ծան­րա­բեռն­ուած, բայց սաս­տիկ եր­ջա­նիկ ու­զեց, որ մայ­րին տես­նէ իր զուգ­ուած, զար­դար­ուած տես­քը: Մայ­րին կը մնար անդրդ­ուե­լի, գա­գա­թը բարձր քա­մի­ին հետ պար բռ­­նած:

Ա­մէն ա­ռա­ւօտ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը կը դի­տէ­ին զար­դար­ուած ե­ղե­ւի­նը եւ ի­րենց փոք­րիկ թա­թիկ­նե­րը ա­ռաջ եր­կա­րած կը գո­չէ­ին.-

Տօ­նա­ծա­ռը, տօ­նա­ծա­ռը:

Այդ ա­ռա­ւօտ ձիւ­նի փա­թիլ­նե­րը, ի­րար հրմշտ­­կե­լով, քզքզ­­ուած բամ­պակ­նե­րու նման վար սա­հե­ցան երկն­քէ­ն ու ե­ղե­ւի­նի զար­դա­րան­քին ա­ւե­լի գրա­ւիչ տեսք տ­­ուին: Մայ­րիի ճիւ­ղե­րը եւս ծան­րա­բեռն­ուե­ցան, բայց ան գա­գա­թը պա­հեց բարձր: Մար­դիկ պա­յու­սակ­նե­րով ծան­րա­բեռն­ուած փու­թա­ցին ի­րենց­ տու­նե­րը:

Հին տար­ուան վեր­ջի­ն օրն էր:

Ի­րի­կու­նը հա­րուստ թա­ղա­մա­սի բարձ­րա­յարկ թէ միա­յարկ շէն­քե­րու պա­տու­հան­նե­րը ամ­բող­ջութ­եամբ լու­սա­ւոր էին, կը լս­­ուէ­ին ե­րաժշ­տու­թեան ու ծի­ծա­ղի ձայ­ներ, մա­նուկ­նե­րու եր­ջա­նիկ ճի­չեր:

Երբ հն­­չեց ժա­մա­ցոյ­ցի կէս գի­շեր­ուան տաս­ներ­կու հն­­չիւն­նե­րը, վեր­ջին զար­կին հետ ո­րո­տա­ցին կրա­կոց­ներ, լոյ­սի կրա­կէ լե­զու­ներ փայ­լա­տա­կե­ցին երկն­քի պաս­տա­ռին վրայ:

Շնոր­հա­ւոր Նոր տա­րի՝ հն­­չե­ցին ա­ղա­ղակ­ներ:

Ե­ղե­ւի­նը եւս լու­սա­ւոր­ուե­ցաւ, ա­նոր ճիւ­ղե­րուն վրա­յէն կախ­ուած զար­դե­րը շող­շո­ղա­ցին, օ­րօր­ուե­ցան, ձիւ­նի շեր­տե­րը նո­րա­հար­սի տեսք տ­­ուին ա­նոր: Փայ­լուն աստղ մը սա­հե­ցաւ եր­կին­քէ­ն ու հա­սաւ ա­նոր գա­գա­թին, տօ­նա­ծա­ռի պչ­­րան­քով ան շո­րո­րաց:

Խա­ղաղ, բա­րիք­նե­րով լի տա­րի.- ո­րո­տաց Կա­ղանդ պա­պու­կի ձայ­նը:

Քա­մին սու­լեց, ձիւ­նը մայ­րիի ճիւ­ղե­րուն վրայ ա­ւե­լի թանձր շեր­տեր կազ­մեց, ա­նոր գա­գա­թը թեք­ուե­ցաւ ու նկա­տեց ե­ղե­ւի­նը, զար­մա­ցաւ որ այն­քան զար­դա­րուն տօ­նա­ծառ կայ իր կող­քին: Հեռ­ուէն կը լս­­ուէ­ին թմբու­կի ձայ­ներ, մար­դոց ու­րախ բա­ցա­գան­չու­թիւն­ներ:

Շնոր­հա­ւոր Նոր տա­րի.- շշն­­ջաց մայ­րին տօ­նա­ծա­ռին, գա­գա­թը կա­մա­ցուկ խո­նար­հե­լով:

Շնոր­հա­ւոր Նոր տա­րի.- ցն­­ծաց տօ­նա­ծա­ռը:

Ձիւ­նը տե­ղաց ա­ռատ, ծած­կեց պար­տէ­զը, փա­փուկ, ան­բիծ, սպի­տակ իր փա­թիլ­նե­րով: Ա­ռա­ւօ­տուն պար­տիզ­պա­նը նկա­տեց, որ մայ­րիի ճիւ­ղե­րը թեք­ուած էին դէ­պի ե­ղե­ւի­նը, ան զի­ջե­լով իր բարձ­րուն­քէն նա­յած էր վար ու խո­նար­հած…

Պար­տիզ­պա­նը խո­շոր կրկ­­նա­կօ­շիկ­նե­րով յա­ռա­ջա­ցաւ պար­տէ­զին մէջ դէ­պի մայ­րին, ա­նո­ր ոտ­նա­հետ­քե­րը խա­թա­րե­ցին ձիւ­նի ծած­կի ան­թե­րի սպի­տա­կու­թիւ­նը: Փոր­ձեց շտ­­կել մայ­րիի ճիւ­ղե­րը, ո­րոնք յա­մա­ռե­ցան մնալ թեք­ուած: Գե­ղեց­կու­թիւ­նը ան­տե­սե­լը ան­կա­րե­լի էր:

Հէ՜յ, ու­րախ նոր տա­րի.- պո­ռաց ան­ցոր­դը խմիչ­քի շի­շը ձեռ­քի­՝ ող­ջու­նե­լով ա­ռա­ջին հան­դի­պած մար­դուն:

Բա­րի ­Նոր տա­րի.- դժ­­կա­մութ­եամբ մրթմր­թաց պար­տիզ­պա­նը ու տ­­խուր­ դի­տեց իր ոտ­նա­հետ­քե­րը:

Պար­տիզ­պա­նը բա­րե­պաշտ ու խղ­­ճա­միտ մարդ էր: Ան նկա­տեց, որ տար­ուան ա­ռա­ջին օ­րը ս­­խալ­ներ թոյլ տուած էր, աղ­տո­տած էր պար­տէ­զի անբ­ծու­թիւ­նը, չէր յա­ջո­ղած ուղ­ղել մայ­րիի թեք­ուած ճիւ­ղե­րը ­ու մա­նա­ւանդ տհա­ճու­թեանբ պա­տաս­խա­նած էր ի­րեն ու­րախ օ­րեր մաղ­թող ան­ցոր­դին:

Հէ՜յ.. բա­րի տա­րի, ու­րախ ու խա­ղաղ կեանք երկ­րա­գուն­դի լաւ մար­դոց - գո­ռաց ան, ջա­նա­լով սր­­բագ­րել սխա­լը:

Ու ­ձայ­նը ար­ձա­գան­գեց, տա­րած­ուե­ցաւ երկ­րա­գուն­դին վրայ, նոյ­նիսկ մայ­րին թե­թե­ւօ­րէն ­շար­ժեց գա­գա­թը, ա­պա կր­­կին թեք­ուե­ցաւ դէ­պի ե­ղե­ւին:

Ձիւ­նի խե­լա­կո­րոյս փա­թիլ­նե­րը ա­ռատ կը տե­ղա­յին ու կը լեց­նէ­ին պար­տիզ­պա­նի կրկ­­նա­կ կօ­շիկ­նե­րուն ոտ­նա­հետ­քե­րը:

Պար­տէ­զը կր­­կին ծածկ­ուած էր ան­թե­րի սպի­տակ սա­ւա­նով:

ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2017