ՄՏԱԽԱՂԵՐՈՒ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Գարակէօզեան տան երդիքին տակ շաբաթավերջին ապրուեցաւ արտասովոր խանդավառութիւն։ Այսպէս, տեղի ունեցան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հերթական մտախաղերը, որոնց մասնակցեցան համայնքային 11 միջնակարգ վարժարաններէ 33 աշակերտներ։ Գարակէօզեան վարժարանը աւանդական դարձած այս ձեռնարկը կը կազմակերպէ «Akıl Oyunları» հանդէսին, «Türk Beyin Takımı»ին եւ «Akıl» միութեան համագործակցութեամբ ու տիկնանց կազմին օժանդակութեամբ։ Խմբակային ու անհատական խաղերը ունէին զանազան փուլեր՝ մտախաղեր, թուաբանական խաղեր, սուտոքու, բառախաղ եւ մեքենական խաղեր։
Գարակէօզեան տան տնօրէնուհի Արուսեակ Քոչ-Մոնէի ողջոյնի խօսքով սկսաւ օրուան ծրագիրը։ «Türk Beyin Takımı»ի ղեկավար Օրքուն Չէթինասլան տեղեկութիւններ տուաւ մտախաղերու կանոններուն շուրջ։ Աւելի վերջ աշակերտները խոր կեդրոնացումով մը անցան մտախաղերու զանազան փուլերէն։
Խմբակային խաղերու արդիւնքին առաջին երեք տեղերը գրաւեցին՝ Գարակէօզեան տան (1900 նիշ), Եշիլգիւղի հայոց վարժարանին (1542 նիշ) եւ Էսաեան վարժարանին (1470 նիշ) ներկայացուցիչները։ Իսկ անհատական խաղերու աւարտին առաջնութիւնը նուաճեց Գարակէօզեանէն Առէն Տէմիրճի (171 նիշ), երկրորդ հանդիսացաւ Եշիլգիւղէն Արտա Փեքթեզօլ (165 նիշ) եւ Էսաեանէն Արիս Նշան (162 նիշ)։
Արդիւնքներու հրապարակման զուգահեռ կազմակերպուած մրցանակաբաշխման հանդիսութիւնը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Դափնեկիրները պարգեւատրուեցան հիւրընկալ Գարակէօզեան տան պատասխանատուներուն եւ տիկնանց կազմի անդամուհիներուն ձեռամբ։ Վկայականներ յանձնուեցան նաեւ մասնակից վարժարաններու ուսողութեան ուսուցիչներուն։
Փոխ-տնօրէնուհի Նարօտ Քուրուղօղլուի հանդիսավարութեամբ տեղի ունեցած պարգեւատրման հանգրուանէն վերջ, մրցանակակիրները ծափողջոյններու ներքեւ հատեցին պատրաստուած կարկանդակը, ինչ որ բնորոշեց օրուան յայտագրին եզրափակումը։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024