ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՍԻՐՏԸ ԿՐԿԻՆ ԿԸ ԲԱԲԱԽԷ

-Աս ի՞նչ մեծ դպրոց մըն է, կը կոր­սուինք մենք ե­թէ հոս գանք:

-Մեր հի­մա­կուան դպրո­ցը ո՜ւր, աս դպրո­ցը՝ ուր:

-Բայց շատ-շատ սի­րե­ցի, տե­սէք, տե­սէք ի՛նչ ըն­դար­ձակ է բա­կը, հոս շատ հան­գիստ զբօ­սան­քին կը վազվ­զենք ու կը պոռպ­ռանք, նոյ­նիսկ ե­թէ ձայ­ներ­նիս բարձ­րաց­նենք, ոչ մէ­կը կը նե­ղա­նայ:

-Ճիշդ ես այդ ա­ռու­մով, մեր պզտիկ վար­ժա­րա­նի նեղ­լիկ բա­կին մէջ չենք կրնար հան­գիստ վազվ­զել, նոյ­նիսկ մար­զան­քի պա­հե­րուն հա­շիւ կ­­՚ը­նենք ձայն չհա­նել:

-Հար­կաւ, հա­պա, ա­ռա­ջի­նէն մին­չեւ պա­քա­լո­րիա թխմուած ենք այդ դպրո­ցին մէջ:

Այս­պէս ի­րա­րու հետ կը խորհըր-դակ­ցին պա­տա­նի­նե­րը, երբ Ճե­մա­րա­նի հսկայ բա­կի ա­ւա­զի կոյ­տե­րը կը հա­ւա­քեն: Այս հսկայ կա­ռոյ­ցի ա­շա­կերտ­ներն ու ու­սա­նող­ներն են ա­նոնք, կը կրեն ա­նոր ա­նու­նը, կ­­՚ու­սա­նին ա­նոր շուն­չին տակ, բայց՝ ան­կէ հե­ռու: Մա­նա­ւանդ փոք­րե­րը եր­բեք չեն յա­ճա­խած այս­տեղ: Հոս յա­ճա­խող­նե­րը միայն այս տա­րուան երկ­րոր­դա­կա­նի շրջա­նա­ւարտ­ներն են, ո­րոնք եօթ­նե­րորդ կար­գին այս կա­ռոյ­ցը յա­ճա­խե­լու ա­ռի­թը ու­նե­ցած են:

Հինգ եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին հա­ւա­քուած կոյ­տեր, ո­րոնք կը պա­րու­նա­կեն պայ­թում­նե­րու յա­ռա­ջա­ցու­ցած հա­րուած­նե­րէն ցրուած ա­ւազ­ներ ու ա­պա­կեայ կտոր­ներ, սար­սա­փազ­դու ձայ­նե­րէն ետք տա­րա­ծուած ա­րիւն յու­սա­ցող բե­կոր­ներ, պա­րապ կա­պար­ներ, ո­րոնք վի­րա­ւո­րած են ան­ձինք, կամ ո­րոնց պատ­ճա­ռով նա­հա­տա­կուած են ան­հատ­ներ, ե­րի­տա­սարդ­ներ...:

Հի­մա նոր սե­րունդն է որ կը հա­ւա­քէ ու կը թա­փէ զա­նոնք, կը թա­փէ զա­նոնք մութ ու ան­յա­տակ ան­դուն­դին մէջ սա­դա­յէ­լին, զայն թա­ղե­լու յոյ­սով, մու­թը թա­ղե­լու յոյ­սով, ու ա­ւել­նե­րը հա­րուած-հա­րուած կը մաք­րեն պժգանքն ու աղ­տե­ղու­թիւ­նը, ա­նար­դա­րու­թիւ­նը, ան­մարդ­կայ­նու­թիւ­նը, կեն­դա­նու­թիւն կը սփռեն, մաք­րու­թիւն մը ան­բիծ եւ Սրբա­զան հայրն ալ օրհ­նու­թեամբն Ա­րա­րի­չին կ՚ող­ջու­նէ ու­սա­նող­նե­րը՝ ինք ալ կոյ­տեր վերց­նե­լով ա­նոնց հետ:

Տե­սա­նե­լի վե­րա­կանգ­նում մ՚է տե­ղի ու­նե­ցա­ծը, Նոր Գիւ­ղի հա­յա­հոծ շրջա­նի վե­րա­կանգ­նու­մը, որ վե­րապ­րու­մի յոյ­սեր կը սփռէ, կը կրկնէ դար մը ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցա­ծը կար­ծես, դար մը ա­ռաջ ար­մա­տա­ցած վէր­քի բոր­բո­քած սպի­նե­րը կը հա­կա­նե­խուին կար­ծես այս ան­զու­գա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ, որ ան­ցած տա­րուան վեր­ջին օ­րը տե­ղի ու­նե­ցաւ, վերջ մըն ալ ինք դրաւ կար­ծես ա­մէն ին­չի, ա­մէն չա­րի­քի, չա­րիք յու­սա­ցող ա­մէն ա­րար­քի:

Ու Նոր տա­րին սկիզբ ա­ռաւ մո­մա­վա­ռու­թեամբ, մո­մե­րը ձեռ­քեր­նին բռնած ա­ռա­ջին օ­րուան ե­րե­կո­յեան ստուա­րա­թիւ հա­լէ­պա­հայ հա­մայն­քը լու­սա­ւո­րեց խա­ւա­րը տա­րի­նե­րու: Տա­րի­նե­րու ա­հին ու սար­սա­փին կող­քին հա­ւատ­քի կա­թիլ-կա­թիլ կու­տա­կուած լոյսն է այս: Հա­ւատք՝ պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տին, հա­ւատք՝ խա­ղա­ղու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին ու հա­մայն­քի վե­րա­կեն­դա­նաց­ման:

Ստուա­րա­ցա՞ւ հա­մայն­քը, ի՞նչ փոյթ, ո՞ր պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին զո­հեր չեն իյ­նար, ո՞ր պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին շէն­քեր, կա­ռոյց­ներ, թա­ղա­մա­սեր փուլ չեն գար, ո՞ր պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին հո­գե­կան ու ֆի­զի­քա­կան կո­րուստ­ներ տե­ղի չեն ու­նե­նար...:

Գա՞ղթ, ա­յո գաղթն ալ ու­նե­ցաւ իր դրա­կան անդ­րա­դար­ձը ա­մէ­նու­րեք: Ըն­տա­նիք-ըն­տա­նիք ցրուե­ցաւ հա­յու­թիւ­նը աշ­խար­հով մէկ: Ա­հա հա­մա­ցան­ցին մի­ջո­ցաւ ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լանք ա­նոնց վե­րապ­րու­մին եւս, պա­տե­րազ­մի ա­հէն ու սար­սա­փէն հե­ռա­ցան ա­նոնք, բայց ի­րենց հետ տա­րին ընդ­հան­րա­պէս հա­լէ­պա­հա­յուն եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ հա­յուն նկա­րա­գի­րը՝ աշ­խա­տու­նակ ու հա­յա­վա­րի ի­րենց վարքն ու բար­քը, ժա­ռան­գը պա­պե­նա­կան, տա­ղան­դը հայ­կա­կան, որ Սփիւռ­քի հզօ­րաց­ման դրդում մըն է նաեւ ու փաստ մը բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք կը կար­ծեն, թէ Սփիւռ­քը տկա­րա­նա­լու սե­մին է կանգ­նած:

Ա­նոնք ցրուե­ցան ա­մէ­նու­րեք՝ Ա­մե­րի­կա­ներ, Գա­նա­տա, Եւ­րո­պա­ներ, Հա­յաս­տան եւ այ­լուր: Կը հա­ւա­տա՞ք, որ տա­կա­ւին մար­դիկ կան, ո­րոնք հա­յու գո­յու­թե­նէն իսկ ան­տե­ղեակ են՝ աշ­խար­հի վրայ հայ ազ­գի գո­յու­թե­նէն: Բա­րե­կամ մը ըն­տա­նեօք գաղ­թեց Անգ­լիա, հոն իր տե­ղա­ւո­րուած ա­րուար­ձա­նի տե­ղա­ցի բնա­կիչ­նե­րուն հետ հա­ղոր­դակ­ցե­ցաւ ու ի­մա­ցաւ, որ ա­նոնք այս­պի­սի ազ­գի մը մա­սին ան­տե­ղեակ են: Եւ­րո­պա­ցին լսեց այս մա­սին, գնաց, պրպտեց, պատ­մու­թիւ­նը թեր­թեց, տե­սաւ հարս­տու­թիւ­նը հա­յուն, ու անձ-անձ տա­րա­ծեց ա­նու­նը հա­յուն:

...Եւ մո­մե­րը բարձ­րա­ցան որ­պէս ջա­հեր ան­մար, որ­պէս հո­գե­հան­գիստ հին ու նոր նա­հա­տա­կաց, որ­պէս պայ­ծա­ռա­ցում ու նա­խա­քայլ լու­սա­ւոր գա­լի­քի կերտ­ման: Մութ ու հսկայ շէն­քը ժպտիլ սկսաւ, լքուած մայր մ՚ըլ­լար կար­ծես՝ զա­ւակ­նե­րէն հե­ռու: Բա­զուկ­նե­րը պար­զեց կար­ծես ըն­դու­նե­լու տա­րա­գիր զա­ւակ­նե­րը գաղ­թա­կան: Ու խոս­տում­նե­րը թե­ւա­ծե­ցին ղե­կե­րուն հնչիւն­նե­րով, թէ՝ այս ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի ա­մա­վեր­ջի հան­դէ­սը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ այս բե­մին վրայ, պի­տի թնդայ բե­մը կրկին Ճե­մա­րա­նի, պի­տի ցնծայ ու­սա­նող­նե­րով ու ու­սու­ցիչ­նե­րով թան­կա­գին, հոս պի­տի պար­գե­ւատ­րուին գե­րա­զան­ցիկ­ներ, տա­ղան­դա­ւոր ա­շա­կերտ­ներ ու ու­սա­նող­ներ, պի­տի հնչէ դար­ձեալ Ճե­մա­րա­նի քայ­լեր­գը խոր­հուր­դով լի, ու ան­կէ սկիզբ պի­տի առ­նէ հայ ու­սա­նո­ղի կեան­քի ու­ղին:

Եւ Տօ­նա­ծա­ռը ե­կաւ ամ­բող­ջաց­նել այս անկրկ­նե­լի եր­ջան­կու­թիւ­նը, օրհ­նա­ռատ լոյ­սը սփռե­լով մութ բե­մէն, լու­սա­ւո­րե­լով բակն ամ­բողջ: Խա­ւա­րած հո­գի­նե­րը ցնծա­ցին ու յոյ­սը զգա­ցին, այլ տե­սան ա­նոնք յոյ­սը ա­ղօտ այս լոյ­սե­րուն ընդ­մէ­ջէն: Ժպիտ­ներ գծագ­րուե­ցան դէմ­քե­րու վրայ, դէմ­քեր, ո­րոնք կը կար­ծէին մոռ­ցուած է ժպի­տը, տա­րագ­րուած է ու ան­դարձ:

Ճե­մա­րա­նը ցնծաց, պի­տի գրկէ ան կրկին իր զա­ւակ­նե­րը հա­րա­զատ, պի­տի գան ա­նոնք ստա­նա­լու գի­տու­թիւն, ու­սում ու կրթու­թիւն հա­յա­վա­յել, պի­տի շրջին հայ պա­տա­նի­ներն ու պար­մա­նու­հի­նե­րը ա­նոր ըն­դար­ձակ բա­կին մէջ, պի­տի սի­րա­հա­րուին ի­րա­րու՝ հա­յը հա­յուն, հոն թա­քուն ան­կիւն­նե­րու մէջ ան­մեղ ժպիտ­ներ ու համ­բոյր­ներ պի­տի փո­խա­նա­կեն ա­նոնք, պի­տի ա­ճի ու բազ­մա­նայ նօս­րա­ցած հա­մայն­քը, ինչ­պէս դար մ­­՚ա­ռաջ ա­ճե­ցաւ ու ծլար­ձա­կեց այս հսկայ շէն­քին մէջ, պի­տի փաս­տէ հա­մայն­քը կրկին իր նիւ­թե­ղէն գո­յու­թիւ­նը ա­րար աշ­խար­հին:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 5, 2017