ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
«Արեգակն արդարութեան այսօր յայտնեցաւ ազգի մարդկան»։
Ներսէս Շնորհալի
Երկնային կանթեղի մը պէս կը ցոլար Բեթղեհէմի աստղը՝ թանձր ու կապոյտ ծածկոցին տակ անթեղելով հրաշալի սպասումի ու յուսոյ կայծը։ Ցուրտ ու խաւար երկինքը մերթ ընդ մերթ կը կլանէր աստղը՝ անոր փայլը նսեմացնելու նենգամիտ միտումով, բայց անզօր գտնուելով շիջանիլ, տեղի կու տար երկնային լոյսին։ Երկինք ու երկիր երկունքի մէջ էին, որովհետեւ աստղէն արեւ պիտի ծնէր եւ Կոյսէն՝ Աստուածորդի։ Առաւօտուն, երբ խաւարը ցրուեցաւ եւ աստղերը մարեցին, երկնային քողի ետեւէն ճառագեց պայծառ արեգակը՝ Յիսուս Փրկիչը ծնաւ։
Յիրաւի, Աստուածորդու՝ մեր Տիրոջ եւ Փրկչի Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը աշխարհի մարդկութեան կեանքին մէջ ճառագայթող արդարութեան արեգակն է։ Ինչպէս Շնորհալի Հայրապետը կ՚ըսէ. «Արեգակն արդարութեան այսօր յայտնեցաւ ազգի մարդկան»: Եւ ի՞նչ է արդարութեան արեգակը, եթէ ոչ քրիստոնեայի կեանքին ուղեցոյցը, բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներու փորձաքարը, ճշդի ու ճշմարտացիի չափորոշիչը, մեր խղճի ու խղճմտանքի գորովայորդ աղբիւրը։
Վաղնջական ժամանակներէն, Քրիստոսէն իսկ առաջ, մարդ արարածը միշտ ապաւինած է երկնային լուսատուին ոչ միայն անոր համար, որ արեւը կեանքի աղբիւրն է, այլ՝ որովհետեւ անոր միջոցաւ որոշած է ժամանակն ու եղանակը, տարածութեան մակերեւոյթին վրայ՝ բեւեռային դիրքն ու ուղղութիւնը։ Բնաւ ալ պատահական չէ, որ արարիչը չճանչցողներ պաշտած եւ աստուածացուցած են արեւի երկնային զօրութիւնը։
Երբ խորամուխ կ՚ըլլանք Սուրբ Ծննդեան խորհուրդին, մանաւանդ՝ մարդկութեան փրկութեան աստուածային եւ անսուտ խոստումին, մեր գիտակցութեան մէջ առաւել կը յստականայ Արդարութեան Արեգակի գաղափարը եւ անոր միջոցաւ՝ աշխարհի խաղաղութեան հաստատումը։
Աշխարհ տագնապալի օրերէ կ՚անցնի։ Աշխարհաքաղաքական, տնտեսական, կրօնական եւ հասարակական խմորումներ անկայուն վիճակներ ստեղծած են ամէնուրեք․ փխրուն է խաղաղութիւնը, օդը վառօդ կը հոտի։ Ամենէն սոսկալին, սակայն, խռովեալ հոգու եւ անհանգիստ մտքի մորմոքն է, որ մարդ արարածն անսահման անորոշութեան մէջ կորուսեալ եւ թափառական կը դարձնէ՝ անջուր եւ անհանգրուան (Սաղմոս 106։4)։ Մոլորուած է մարդկութիւնը, որովհետեւ խաթարուած են արժեհամակարգերը, խառնուած են մեղքն ու շնորհքը, սուտն ու շիտակը, սեւն ու ճերմակը, պղտորն ու վճիտը։ Պետութիւններ պատերազմներ կը հրահրեն, ամբոխներ կը զինեն, սուրեր ճօճելով իրարու կը սպառնան, բայց յաջորդ պահուն չքմեղելով՝ բարձր ամպիոններէն խաղաղութիւն կը ջատագովեն։ «Ժողովրդավարութի՛ւն», «ազատականութի՛ւն», «յառաջդիմութի՛ւն», «բռնապետութի՛ւն», «անազատութի՛ւն», «յետադիմութի՛ւն» եւ ամպագոռգոռ այլ բառեր, իրենց խեղաթիւրուած ըմբռնումներով, խառնիխուռն ենթիմաստներով, կամայական մեկնաբանութիւններով պարուրած են մեզ՝ սարդոստայնի մէջ խճճելու։ Ակամայ, մեր մտքի պատանդը դարձած ենք եւ վախնալով զգայուն այս բառերը «սխալ» արտաբերելէ՝ կը խուսանաւինք գնահատականներէ, որակումներէ եւ հաստատումներէ։ Անարեւ, անլոյս, անսկզբունք, անիրական եւ անյստակ օրեր կ՚ապրինք ցաւօք, որովհետեւ կորսնցուցած ենք քրիստոնէական մեր կողմնորոշումը եւ չենք ապաւինիր երկնային լուսատուին։
Սուրբ Ծնունդ է այսօր, տարեմուտ։ Արդարութեան արեգակը կը փայլի երկնակամարին վրայ։ Մանուկ Յիսուսը ծնաւ։ Հայր Աստուած հաճեցաւ մարդկութեան ընծայել եւս մէկ առիթ՝ ապաշաւութեան, նորոգութեան եւ վերագըտ-նումի։ Յիսուսի ծնունդն այսօր, Յունուարեան այս պաղ օրերուն մեզ առիթ կու տայ նորէն արեւելու, որպէսզի իրմով լուսաւորուինք, ջերմանանք ու ջերմացնենք, իրմով առաջնորդուինք, իրմով չափենք աշխարհի չարն ու բարին, լաւն ու թերին։ Արդարութեան աստուածային արեգակը մեր մէջ ծագելով՝ կը պայծառակերպէ մեր կեանքը, կը փոխէ մեր աշխարհահայեացքը, կը պարզէ մեր միտքը, կը յստակեցնէ մեր շուար հայեացքները։ Նորածին Յիսուս իր սուրբ ծնունդով կ՚ազատագրէ մեզ վախի կապանքներէն, որպէսզի ազատօրէն արտայայտենք մեր գաղափարները յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան՝ առանց տուրք տալու երեսպաշտութեան, շինծու եւ ժամանակավրէպ արժէքներու։ Աստուած արդարութեան արեգակը կը ծագեցնէ, որպէսզի մեր կեանքին ընթացքը ճիշդ ուղիի վրայ դնենք, որպէսզի յետայսու չխրախուսենք մեղքը, չփառաբանենք տկարութիւնը եւ առաջնորդուինք «մէկ չափ, մէկ կշիռ» բարոյական սկզբունքով։
Նոր Տարուոյ սեմին, երբ Քրիստոսի Ծնունդը կը տօնախմբենք, այս մտածումները առիթ կու տան մեզի հաշուեյարդարի մը ենթարկելու մեր կեանքն ու մեր հոգեւոր ճանապարհորդութեան ողջ ընթացքը: Երբ կ՚անդրադառնանք մեր անցեալի խաւարային ընթացքին ու անկեղծ զղջում մը կ՚ունենանք, կը լուսաւորուի մեր կեանքը Սուրբ Ծննդեան արշալոյսով։ Կը խոստանանք մեր նոր կեանքը դնել Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ, որպէսզի Ինք խմորէ մեր հոգեւոր կեանքը եւ մեր մէջ առատացնէ հաւատքը, յոյսն ու սէրը եւ փափաքը բոլոր տեսակի առաքինութեանց հանդէպ: Այս իմաստով, Յիսուսի ծնունդը կենարար պատգամ է ուղղուած բոլորիս, որպէսզի սիրենք զիրար, սիրենք մեր Եկեղեցին, ազգն ու Հայրենիքը: Յիսուսի Ծնունդը կոչ կ՚ուղղէ մեզի ըլլալու կատարեալ, օրինակելի, արդարամիտ, սկզբունքային, խաղաղասէր, խոնարհ, մարդասէր, ճշմարտախօս, քաջ, ստեղծարար, տեսիլքով ու հաւատքով առաջնորդուող սպասաւոր:
Եւ տակաւին, մեր բարոյական եւ հոգեւոր պարտականութիւնը այսքանով չի սահմանափակուիր։ Որպէս ճշմարիտ քրիստոնեայ, պարտինք աղօթել նաեւ անոնց համար, որոնք չեն ճանչնար Աշխարհի Փրկիչը։ Կ՚աղօթենք աշխարհի խաղաղութեան համար, պատերազմներու, բնական արհաւիրքներու պատճառաւ մեզմէ անժամանակ հեռացածներուն համար, որոնք գոցեցին աչքերնին Սուրբ Ծննդեան արշալոյսը չվայելած։ Կ՚աղօթենք եւ կը յուսանք, որ 2017 թուականը բարեբեր տարի մը ըլլայ բոլորիս համար։
«Արեգակն արդարութեան այսօր յայտնեցաւ ազգի մարդկան»:
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ․ Օրհնեալ է յայտնութիւնը Քրիստոսի։
Պըրպենք, 2017