ՏՕՆԱԿԱՆ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Ե­րէկ, պոլ­սա­հա­յու­թիւ­նը ա­ւան­դա­կան շու­քով նշեց Ս. Ծննդեան եւ Աստուա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նը։ Մեր հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը Ս. Ծննդեան ա­ւե­տի­սով գիր­կընդ­խառ­նուե­ցան մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ։ Տօ­նա­կան հրճուան­քը զգա­լի էր ա­մէ­նու­րեք։

Ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ, մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն զան­գե­րը ղօ­ղան­ջե­ցին Ս. Ծննդեան ա­ւե­տի­սով։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան հան­դի­սա­պե­տեց Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, մա­տոյց տա­ղա­ւա­րի Ս. Պա­տա­րա­գը եւ տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Հա­յա­հոծ մեր թա­ղե­րու բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ խուռ­նե­րամ բազ­մու­թիւն մը։ Տօ­նա­կան ո­գե­ւո­րու­թե­նէն բա­ժին վի­ճա­կե­ցաւ նաեւ հայ բնակ­չու­թե­նէ նօս­րա­ցած մեր թա­ղե­րու ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն։ Ա­մէ­նու­րեք անվտան­գու­թեան հա­մար ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ ձեռք առ­նուած էին նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­ներ։

Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, յետ­մի­ջօ­րէին Գում­գա­բուի «Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւն։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ըն­դու­նեց հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան կող­քին էին Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, մեր վե­ղա­րա­ւոր հայ­րե­րը եւ քա­հա­նա­յից դա­սէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Այս տա­րի թէ՛ անն­պաստ ե­ղա­նա­կին եւ թէ վեր­ջին մտա­հո­գիչ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ազ­դե­ցու­թեամբ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը չէին փու­թա­ցած ըն­դու­նե­լու­թեան։ Միայն հա­մայն­քի տօ­նը շնոր­հա­ւո­րե­լու փու­թա­ցած էր Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան։ Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին ե­րես­փո­խան­ներ Սե­լի­նա Տո­ղան, Սեզ­կին Թան­րը­քու­լու եւ Կա­րօ Փայ­լան, Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կե­րու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան,   Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րէ ներս պաշ­տօ­նա­վա­րող հա­յազ­գի դէմ­քեր եւ այլ հիւ­րեր։ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րուն ե­լոյթ­նե­րը տօ­նա­կան մթնո­լոր­տի մէջ ջեր­մա­ցուց բո­լո­րին սիր­տը։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեանն ալ հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը։ Ներ­կա­նե­րը միաս­նա­բար եր­գե­ցին «Խոր­հուրդ մեծ» Ս. Ծննդեան շա­րա­կա­նը։ Ըն­դու­նե­լու­թեան ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ջա­համ­բոյր։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան բո­լո­րին նուի­րեց խորհր­դան­շա­կան նու­ռեր եւ փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւն­ներն ու բա­րե­մաղ­թան­քը։

Միւս կող­մէ, այս ըն­դու­նե­լու­թեան սկիզ­բին յար­գան­քի լռու­թիւն պա­հուե­ցաւ մեր երկ­րէն ներս պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան վեր­ջին դէպ­քե­րու ըն­թաց­քին զո­հուած­նե­րուն ի յար­գանս։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը ըն­թեր­ցեց նաեւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի կող­մէ ու­ղար­կուած շնոր­հա­ւո­րա­կա­նը։ Նոյն առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րա­կան­ներ ու­ղար­կած էին նաեւ Փոխ-վար­չա­պետ Վէյ­սի Քայ­նաք, Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պետ Քա­տիր Թոփ­պաշ եւ այլք։

(Այս ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ար­ծար­ծուած հա­մայն­քա­յին հար­ցե­րու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պի­տի ներ­կա­յաց­նենք յա­ջոր­դով)։

    

Շաբաթ, Յունուար 7, 2017