ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ. Ե­­՞ՐԲ

Եր­բեմն միտ­քեր կը խու­ժեն ու ես կը յե­տաձ­գեմ… ա­պա՝ կը փնտռեմ ու չեմ գտներ: Ու­րեմն՝ ը­սի, հի­մա նստիմ գրի առ­նեմ ինչ որ կը մտա­ծեմ, քա­նի որ հո­վու հո­սան­քի ա­տեն է, որ ջա­ղաց­քին պտու­տա­կը պի­տի դառ­նայ:

Խօսք մը կա­րե­ւո­րու­թիւն կը զգե­նու մա­նա­ւանդ խօ­սո­ղի մա­կար­դա­կէն։ Դիր­քէն պի­տի գրէի, սա­կայն միտ­քիս մէկ սլա­քը ը­սաւ շա­տե՜ր դիր­քե­րու հա­սած են եւ սա­կայն՝ պատ­ճառ­նե­րը յայտ­նի թէ ան­յայտ են, ե­ղած են ան­մա­կար­դակ եւ… գու­ցէ այդ ալ պատ­ճառ­նե­րէն մին կրնայ ըլ­լալ. ո՜վ գի­տէ:

Ու­րեմն նիւ­թը.- Ի­տա­լիոյ մէջ իս­լա­միստ­ներ Կա­ղան­դի ծառ մը տա­պա­լեր են եւ հար­ցու­մը՝ «Ո՞ւր են ի­տա­լա­ցի­նե­րը» (հար­ցադ­րո­ղը վա­րը տե­ղադ­րողն է) ես ալ պի­տի ա­ւելց­նէի. «Ո՞ւր են աշ­խար­հի քրիս­տո­նեա­նե­րը»:

Յի­շե­ցի Յի­սու­սի մէկ խօսքն ու ա­րար­քը, երբ տա­ճա­րին բա­կը մտաւ ու սե­ղա­նա­ւոր­նե­րը վտա­րեց ը­սե­լով. «Իմ Հօրս Տու­նը»… ա­ղօթ­քի տու­նը ըլ­լայ, ա­ռու­ծա­խի՞ տուն…

Ա­ռի­թով մը, տա­կա­ւին նոր ծա­նօ­թա­ցած էի գոր­ծի ըն­կե­րոջ մը հետ, որ ար­դէն ինք­զինք բա­ցա­յայ­տած էր… ը­սաւ. «Օր մը տի­կինս կ՚առ­նեմ ձե­զի կու գամ», «Մենք հիւր չենք ըն­դու­նիր», ը­սի: Իսկ երբ «գաղ­թա­կան­նե­րու» հոս­քը սկսաւ Եւ­րո­պա, կար Տրո­վա­տա­յի ձիու նկա­րը, Եւ­րո­պա­յի դրան մուտ­քին եւ հար­ցում մը. «Պի­տի մտնէ՞ Եւ­րո­պա», այ­սինքն իս­լա­միստ­ներ հոն մուտք պի­տի գոր­ծե՞ն: Ես ալ գրե­ցի. «Ար­դէն ներսն են»: Բա­րի յա­րա­բե­րու­թիւն կ՚ըլ­լայ բա­րի մար­դոց հետ, ի­րե­րան­ման հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ. «Նման զնման գտա­նէ» շատ բա­րի: Ծննդո­ցի «Ա­ճե­ցէք եւ շատ­ցէք»ը կար­ծէք գրուած է իս­լա­միստ­նե­րու հա­մար: Մի քա­նի ա­միս ա­ռաջ հա­յաս­տա­նեան կա­յա­նէ մը կը խօ­սուէր Վրաս­տա­նի շրջա­նա­յին բա­ժա­նում­նե­րու մա­սին, բա­ցատ­րա­կա­նը ե­ղաւ, թէ հա­յեր մէկ կեդ­րոն ու­նին, իսկ ա­զէ­րի­ներ՝ ե­րեք եւ «դեռ՝ շա­տա­նում են»:

Մէկ Աս­տուա­ծա­շունչ ու­նինք եւ սա­կայն ան­թիւ, ան­հա­շուե­լի մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ. օ­րի­նակ, Ուղ­բէնս­կի կ՚ը­սէ. «Մա­-նուկ բա­ռը 40 մեկ­նու­թիւն­ներ ու­նի…»

Ո՞վ չէ լսած Յի­սու­սի այն խօս­քը թէ. «Մէկ ե­րե­սիդ զար­նո­ղին, միւսն ալ դար­ձուր», իսկ երբ Յի­սու­սը քա­հա­նա­յա­պե­տին պա­տաս­խա­նեց. «Սպա­սա­ւոր­նե­րէն մէ­կը, որ հոն կայ­ներ էր, Յի­սու­սին ապ­տակ մը զար­կաւ ը­սե­լով. Այդ­պէ՞ս պա­տաս­խան կու տաս քա­հա­նա­յա­պե­տին, Յի­սուս ա­նոր պա­տաս­խա­նեց. Ե­թէ սխալ խօ­սե­ցայ, վկա­յէ սխա­լին հա­մար, իսկ ե­թէ ճիշդ խօ­սե­ցայ, ին­չո՞ւ կը զար­նես ինծի»:

Այլ խօսք մը՝ թէ Յի­սու­սի վար­դա­պե­տու­թիւ­նը Սէր է, հա­կա­ռա­կը չենք կըր-նար ը­սել, սա­կայն, քա­նի որ կեան­քը հաս­տա­տուն ի­րա­վի­ճակ մը չէ, ուս­տի հաս­տա­տուն օ­րէնք­ներ ալ չեն կրնար ըլ­լալ: Ուս­տի, կար­դանք Ղու­կա­սու 23։35-էն. «Բայց հի­մա ան որ քսակ ու­նի, թող ի­րեն հետ առ­նէ, նոյն­պէս ալ պար­կը, եւ ան որ թուր չու­նի, թող իր հան­դեր­ձը ծա­խէ ու ի­րեն թուր մը ծա­խու առ­նէ»:

Բա­ցատ­րու­թեան կը կա­րօ­տի՞ն.

Աս­կէ վեր­ցու­ցէ՛ք ա­սոնք, իմ հօրս տու­նը ա­ռեւ­տու­րի տուն մի՛ ը­նէք: (Ա­ռա­ջին պա­րա­գա­յին) (Յովհ. 2:17-17)

Ին­չո՞ւ ին­ծի կը զար­նես: (Երկ­րորդ պա­րա­գա­յին) (Յովհ. 18:22-23)

Թող իր հան­դեր­ձը ծա­խէ եւ ի­րեն թուր մը ծա­խու առ­նէ։ (Եր­րորդ պա­րա­գա­յին) (Ղու­կա­սու 22:35)

Սա­կայն կա­րե­ւոր է գիտ­նալ, թէ խօսք մը ե՞րբ, ո­րո՞ւ, (ո­րոնց), ինչ­պէ՞ս, ին­չո՞ւ ը­սուած է եւ­…ո՞ւր:

Սա­կայն մեծ կրօն­նե­րու բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը… ծալ­քեր ու­նին, ծալք ծալ­քի վրայ…

Եւ ո՞ւր է ամ­բող­ջա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը, ե՞րբ եւ ո՞ւր եւ ո­րո՞նց կող­մէ պի­տի բա­ցա­յայ­տուին:

Պէ՞տք է բա­ցա­յայ­տուին ան­պատ­րաս­տից մարդ­կա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու… պատաս­խա­նը պի­տի գա՞յ:

Պա­տաս­խա­նը պի­տի գայ ինք­նի­րեն­…Օր մը, մի գու­ցէ դա­րեր ետ­ք…

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2017