ՄԱՀ՝ ԱՆԱՀԻՏ ՊՈՍՏԱՆՃԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ Թիֆլիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է բանաստեղծ, թարգմանիչ, հրապարակագիր ու լրագրող Անահիտ Պոստանճեան։ Թէ՛ Վրաստանի եւ թէ Հայաստանի Գրողներու միութեան կ՚անդամակցէր Անահիտ Պոստանճեան, որ միեւնոյն ժամանակ Քալիֆորնիոյ հայ Գրողներու միութեան պատուոյ անդամներէն մին էր։ Վրաստանի Գրողներու միութենէն ներս կը գլխաւորէր վերահաստատեալ հայկական մասնաճիւղը։ Հեղինակած էր աւելի քան երեսուն գիրքեր։ Թարգմանած էր շուրջ իննսուն վրացի գրողներ։ 1988 թուականէն ի վեր գլխաւոր խմբագիրն էր Վրաստանի Գրողներու միութեան «Կամուրջ» տարեգրքի։ 1994 թուականէն սկսեալ կ՚աշխատակցէր նաեւ «Վրաստան» թերթին։
Անահիտ Պոստանճեան ծնած էր 1949-ին Թիֆլիզի մէջ։ 1972 թուականին աւարտած էր Կիւմրիի «Միքայէլ Նալպանտեան» մանկավարժական կաճառի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ֆաքիւլթէն։
Անոնք, որոնք կը ճանչնան Անահիտ Պոստանճեանը, կը վկայեն՝ որ իր մահը մեծ կորուստ մըն է վիրահայութեան համար։ Ան վիրահայութեան վերջին մոհիկաններէն մին էր։ Բնաւորութեամբ ուժեղ անձնաւորութիւն մըն էր։ Դժբախտաբար կը տառապէր որոշ հիւանդութիւններէ։