ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մի­խէ­յիլ Ճա­նե­լի­ծէ ե­րէկ Թուր­քիոյ ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ՝ դէ­պի Ան­գա­րա պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով։ Բա­ցի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուէն, հիւր նա­խա­րա­րը օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի հետ։

Այս օ­րե­րուն Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ դես­պան­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վը, որ կազ­մա­կեր­պուած է ին­նե­րորդ ան­գամ։ Ճա­նե­լի­ծէ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ նաեւ այս հա­ւա­քին։ Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ յայտ­նեց, թէ իր վրա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին Թուր­քիոյ մէջ հիւ­րըն­կա­լուի­լը ու­րա­խու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ ի­րենց։ Ճա­նե­լի­ծէի հետ տե­սակ­ցե­լէ վերջ ան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ Չա­վու­շօղ­լու լրագ­րող­նե­րուն յայտ­նեց, որ քննար­կուած են երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած են նաեւ Թուր­քիա-Վրաս­տան Բարձր մա­կար­դա­կի ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի յա­ռա­ջի­կայ ժո­ղո­վին նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը։ Այդ նիս­տին տան­տէ­րը պի­տի ըլ­լայ վրա­ցա­կան կող­մը։

Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի խօս­քե­րով, Թուր­քիա լիա­կա­տար ա­ջակ­ցու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ՝ որ­պէս­զի Վրաս­տան ան­դա­մակ­ցի ՆԱ­ԹՕ-ին։ Ան­գա­րա յար­մար կը նկա­տէ, որ­պէս­զի Եւ­րո­միու­թիւ­նը ժամ ա­ռաջ գոր­ծադ­րու­թեան դնէ՝ Վրաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը մուտ­քի ար­տօ­նու­թե­նէ զերծ պա­հե­լու հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը։ Չա­վու­շօղ­լուի խօս­քե­րով, Պա­քու-Թիֆ­լիզ-Կարս եր­կա­թու­ղիի բա­ցումն ալ պի­տի կա­տա­րուի այս տա­րի՝ վե­րո­յի­շեալ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով։

Չա­վու­շօղ­լու-Ճա­նե­լի­ծէ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած են նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րը։ Մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձած են Սեւ ծովն ու Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը։

Իր կար­գին, Մի­խէ­յիլ Ճա­նե­լի­ծէն ալ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց Թուր­քիոյ մէջ գտնուե­լուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ըստ ի­րեն, Թուր­քիա եւ Վրաս­տան լաւ բա­րե­կամ­ներ են եւ ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կեր­ներ։ Ա­նոնց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը խարս­խուած է հա­սա­րա­կաց շա­հե­րու եւ փո­խա­դարձ յար­գան­քի հի­ման վրայ։ Քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ եր­կու եր­կիր­նե­րը ու­նին կա­տա­րեալ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, իսկ տնտե­սա­կան գետ­նի վրայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կը զար­գա­նայ։ Ճա­նե­լի­ծէ ընդգ­ծեց, որ Թուր­քիա Վրաս­տա­նի թիւ մէկ ա­ռեւտ­րա­կան գոր­ծըն­կերն է։ Հիւր նա­խա­րա­րի խօս­քե­րով, կող­մե­րու գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը կը հա­մա­րուի օ­րի­նա­կե­լի։ 

Միխէյիլ Ճանելիծէ Անգարայի մէջ այցելեց նաեւ Աթաթիւրքի յուշադամբանը։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 11, 2017