ԲԱԶՄԱԱՌԱՆՑՔ ՕՐԱԿԱՐԳ
Համայնքային Վագըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան գումարեց իր հերթական ժողովը Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ։ Նիստը գլխաւորեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։
Ժողովի սկիզբին օրակարգի վրայ եկաւ պատրիարքական ընտրութեան հարցը։ Պետրոս Շիրինօղլու դիտել տուաւ, թէ այս նիւթին շուրջ խորհրդակցութիւն մը ունեցած էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Ծանօթ է, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խոստացած էր անցեալ Փետրուարին համապատասխան դիմում մը կատարել պատկան իշխանութիւններուն մօտ։ Այդ դիմումը սակայն ցարդ չէ կատարուած։ Պետրոս Շիրինօղլու յայտնեց, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ներկայիս հակուած է պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը լուծելու համար շարժման անցնիլ յառաջիկայ Ապրիլի 24-էն վերջ։ Ատենապետի բացատրութիւններով մեր համայնքէն ներս, նոյնիսկ արտասահմանի մէջ անհանգստութիւն յառաջացած է ընտրութեան գործընթացին ձգձգման բերումով, իրենք եւս անհանգիստ են թէեւ այս երեւոյթէն, սակայն միեւնոյն ժամանակ նախանձախնդրութիւն կը դրսեւորեն, որպէսզի Պատրիարքական Աթոռը չմաշի։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Պետրոս Շիրինօղլուին յայտնած է, թէ ինք եւս անհանգիստ է, սակայն Պատրիարքական Աթոռը կողմնակից չէ ճնշումներու եւ ծայրայեղական խօսակցութիւններու ազդեցութիւնով գործելու։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Պետրոս Շիրինօղլու առաջարկեց, որ VADİP ընթացք տայ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախատեսած ձեւին։ Այսինքն, Շիրինօղլու յայտնեց, թէ Արամ Սրբազանին պէտք է քիչ մը եւս ժամանակ տալ այս խնդրի լուծման համար։ Իր համոզմամբ, Մայիսի 10-ը տրամաբանական թուական մըն է, որպէսզի Ապրիլի 24-ին յաջորդելիք օրերուն Նորին Սրբազնութիւնը կարենայ անհրաժեշտը կատարել։ «Շուրջ ութ տարի համբերած ըլլալով՝ կրնանք մէկուկէս ամիս եւս սպասել», ըսաւ Շիրինօղլու եւ աւելցուց, թէ այդպիսի նախաձեռնութիւնով մը Տ. Արամ Արք. Աթէշեան թէ՛ համայնքին գոհունակութիւն պիտի պատճառէ եւ թէ ինքզինք պիտի հանգստացնէ։
Ժողովականները համամիտ գտնուեցան այս եզրին։
ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ
Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին տեղեկացուց, որ յառաջիկայ Երկուշաբթի՝ Մարտի 23-ին Անգարայի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ազգային կրթութեան նախարար Նապի Ավճըի հետ։ Այս տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան փոքրամասնութեանց վարժարաններու զանազան խնդիրները։ Ներկայիս պատկան իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած քաղաքականութիւնը այնպիսի ուղղութիւն մը ստացած է, որ երկրի բոլոր վագըֆներուն կամ միութիւններուն կողմէ մատուցուած ծառայութիւններուն պարագային յառաջիկայ շրջանին պիտի ստեղծուի նոր մթնոլորտ մը։ Արդարեւ, եթէ նոյնիսկ այդ հաստատութիւնները ըլլան բարենպատակ եւ եթէ նոյնիսկ իրենց մատուցած ծառայութիւնը ունենայ մարդասիրական բնոյթ, ապա այդ ծառայութիւններուն փոխարէն կատարուած գանձումներուն բերումով տուեալ հաստատութիւնները պետութեան, պատկան ելմտական իշխանութիւններուն առջեւ պիտի ունենան նոր կարգավիճակ մը։ Այդ վճարովի մատուցուած ծառայութիւններու բաժինները պիտի դասուին տնտեսական ձեռնարկ (iktisadi işletme)։ Այս հեռանկարը մեր վարժարաններուն տեսակէտէ էական նորութիւններ կ՚ենթադրէ։ Հետեւաբար, փոքրամասնական հաստատութիւններու առանձնայատկութիւնները հաշուի առնելով մեր դպրոցներու պատասխանատուները պիտի փորձեն այս նոր իրավիճակին համապատասխանեցման միջոցներ գտնել՝ միեւնոյն ժամանակ կազմակերպելով հարթ անցումային շրջան մը։
Թորոս Ալճան երէկ ժողովականներուն տեղեկացուց, որ Նապի Ավճըի հետ պիտի շօշափուին նաեւ այս խնդիրները։
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԵՒ ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՓՈՒԼ
Քաղաքիս ասիական ափի երեք վարժարաններու համագործակցութեան շրջագծով շօշափելի արդիւնքները հետզհետէ կը հասուննան։ VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի եւ Գալֆաեան տան խնամակալութիւններուն համագործակցութիւնը կը թեւակոխէ գործնական հանգրուան։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Տոց. Թորոս Ալճան յայտնեց, որ պաշտօնական գետնի վրայ ուրոյն կարգավիճակի պահպանումով հանդերձ, այլեւս այս երկու կառոյցները պիտի ղեկավարուին մէկ հաստատութեան նման։
Ալճանի բացատրութիւններով, յառաջիկայ Հինգշաբթի՝ Մարտի 26-ին պատրիարքարանի մէջ երկու խնամակալութիւններուն միջեւ համապատասխան փաստաթուղթ մը պիտի ստորագրուի հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ, համայնքային շրջանակներու մասնակցութեամբ։
KEY PLAZA-Ի ՅԱՐԿԷՆ ՆԵՐՍ ԸՆԴԱՐՁԱԿ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
Գարակէօզեան տան խնամակալութիւնը KEY Plaza-ի մէջ ընդարձակ տարածք մը յատկացուցած է՝ որպէս գրասենեակ Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Թորոս Ալճանին։ Երէկ ժողովականներուն տեղեկացուեցաւ, թէ խնամակալութիւնը այս տարածքը եռամեայ ժամկէտով տրամադրած է անվճար։ Այսինքն, Թորոս Ալճան ներկայ առաքելութիւնը իրականացնելիք ժամանակաշրջանին պիտի կարենայ այդ գրասենեակը օգտագործել եւ այս հնարաւորութիւնը կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցչութեան կայացման իմաստով։
Ժողովականներուն ներկայութեամբ Թորոս Ալճան երէկ երեկոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլին եւ իր ընկերներուն՝ ցուցաբերուած պատրաստակամութեան համար։
ԳՆԱԼԸԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին հանդէս եկաւ ահազանգով մը։ Ծանօթ է, որ Կղզեաց թաղային խորհուրդը վերջին տարիներուն եկեղեցապատկան կալուածներու սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման եւ արժեւորման ճանապարհին կ՚առնէ կարեւոր քայլեր։ Այս ծիրին մէջ արձանագրուած են նաեւ շօշափելի արդիւնքներ։ Դժբախտաբար, վերջին շրջաններուն Կղզեաց թաղային խորհուրդը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ։ Արդարեւ, մեր համայնքի կղզեբնակ անդամուհիներէն մին արհեստական արգելքներ կը յառաջացնէ թաղային խորհուրդի գործունէութեան առջեւ։ Ան պաշտօնական զանազան մարմիններուն մօտ դիմումներ կատարելով՝ անհիմն պնդումներ յառաջ կը քշէ՝ կասկածի տակ առնելով եկեղեցապատկան կալուածներու սեփականութեան իրաւունքը։ Սա թէեւ հիմնազուրկ պնդումներով պայմանաւորուած արհեստական օրակարգ մըն է, սակայն թաղային խորհուրդին աշխատանքը կաթուածահարուած է եւ այս իմաստով կ՚ապրուի ճգնաժամ մը։
Ատենապետ Լեւոն Շատեան երէկ ընդվզումով արտայայտուեցաւ այս իրադրութեան կապակցութեամբ, առանց վարանելու յայտնելով նաեւ ենթակային անունը։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի համայնքային շրջանակները զօրակցութիւն ցուցաբերեն Կղզեաց թաղային խորհուրդին։
ԵԼՄՏԱԿԱՆ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԱՐԴԷՆ ԳՈՐԾԻ ԳԼՈՒԽ
VADİP-ի երէկուան ժողովը բնորոշուեցաւ նաեւ այն հանգամանքով, որ առաջին անգամ ամբողջական կազմով ներկայ գտնուեցաւ իրեն յարակից ստեղծուած ելմտական յանձնախումբը։ Ժողովականները բարեմաղթանքներով ողջունեցին յանձնախումի անդամները։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու անոնց գործունէութիւնը կարեւորեց՝ շեշտելով, որ այսօրուան վարիչները մեր հաւաքական ստացուածքի պահակները կը նկատուին եւ իրենց կը վիճակի այդ հաւաքական հարստութիւնը զարգացնելով փոխանցել յառաջիկայ սերունդներուն։ Ելմտական յանձնախումբի անդամներն ալ պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց աջակցութիւնը բերելու համար համայնքային վարիչներուն, որպէսզի իրերանման խնդիրներու մէջ ըլլայ ներդաշնակութիւն, հաստատուի թափանցիկութիւն, ինչ որ պիտի կատարելագործէ մեր ընդհանուր ղեկավարման դրութիւնը։
Յանձնախումբի անդամները ժողովի սկիզբի բաժնին մասնակցեցան եւ համայնքային հաստատութիւններուն ուղարկուած վերջին պաշտօնական հրահանգներուն լոյսին տակ իրենց տեսակէտները բաժնեցին՝ մեր վարժարաններու որպէս տնտեսական ձեռնարկ դասուելու հեռանկարներուն շուրջ։ Նկատի ունենալով, որ պետական պատկան իշխանութիւնները ներկայիս տեղեկատուութեան միասնական շտեմարան մը ստեղծած են համացանցային միջավայրի մէջ, ապա անոնք խորհուրդ տուին, թէ մեր հաստատութիւններուն կողմէ մատուցուելիք տուեալները պէտք է կազմեն ամբողջ մը, որպէսզի ներշնչեն հաւաստիութիւն եւ ապագային վարչատնտեսական գետնի վրայ չյառաջանան արհեստավարժութեան պակասի հետեւանքով ծնունդ առնելիք խնդիրներ։
Միւս կողմէ, Պետրոս Շիրինօղլու երէկուան ժողովին ընթացքին յայտնեց, թէ պէտք է լաւ խնամուին այն համայնքապատկան կալուածները, որոնց սեփականութեան իրաւունքը նոր վերաձեռքբերուած է։
ՎԻՆԿԱՍԻ ՄԱԿԱՆԻՆ ՆԵՐՔԵՒ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ
Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս եւս մասնակցեցաւ VADİP-ի երէկուան ժողովին։ Լաքի Վինկաս այս շրջանին կը գլխաւորէ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ հետաքրքրական ծրագիր մը, որ կը հովանաւորուի Եւրոմիութեան միջոցներով։ Եւրոմիութեան գծով նախարարութեան կողմէ նախատեսուած ծրագրերուն շրջագծով այս գործին ձեռնամուխ եղած է յոյն համայնքի հաստատութիւններէն մին, որու վարիչներու շարքին է Լաքի Վինկաս։
«Ընկերային մետիան եւ փոքրամասնութիւնները» խորագրեալ այս նախագծին շուրջ Վինկաս եւ իր գործակիցները տեղեկութիւններ փոխանցեցին VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին։ Անոնք կոչ ուղղեցին, որպէսզի համապատասխան հարցախոյզը անպայման արժանանայ ուշադրութեան եւ հարցաթերթիկները չմատնուին անտարբերութեան՝ առողջ տուեալներ ունենալու համար։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024