ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԵԾ ՀՐՃՈՒԱՆՔՈՎ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ
Գալֆաեան Տան երդիքին տակ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Զանազան խրախճանքներով տղաքը ապրեցան տօնական շրջանի երջանկութիւնը։ Աշակերտներուն համար նախատեսուած էին մէկէ աւելի հանդէսներ։ Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցան այդ ձեռնարկները։ Սկսելով մանկապարտէզի փոքրիկներէն, մինչեւ բարձր դասարանները՝ դպրոցի բոլոր աշակերները մասնակցութիւն բերին ամանորեան ծրագրերուն։ Տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ եւ ուսուցչական կազմը խրախուսեցին աշակերտները ու բաժնեկից եղան անոնց տօնական շրջանի հրճուանքին։
Գալֆաեան Տան ընտանիքը Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առթիւ կազմակերպեց նաեւ տօնական ընթրիք մը։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Թրքահայ ուսուցչաց միութեան ատենապետուհի Թագուհի Հալաճեան եւ այլ հիւրեր։ Մասնակիցներու շարքին էին հաստատութեան բարերարներէն Գալայճը, Հորոզօղլու, Տէր-Ողորմեաճեան եւ Զորլու ընտանիքներու ներկայացուցիչները։ Խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Ճաշկերոյթի ընթացքին մասնակիցները զիրար շնորհաւորեցին տօնական տրամադրութեամբ ու փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ։