Միացեալ Նահանգներու Խոստմնադրուժ Նախագահ Մը Եւս Կ՚աւարտէ Պաշտօնավարութիւնը
Բնականաբար Միացեալ Նահանգներու 44-րդ նախագահ Պարաք Օպամա, գոնէ մեզի՝ հայերուս համար, պիտի մնայ խոստմնադրուժ այլ նախագահ մը, որ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին խոստացաւ ճանչնալ հայոց հարցը, սակայն նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ ետք, իր նախորդներուն նման… շարունակութիւնը գիտէք: Սակայն ոմանք հաւանաբար չեն գիտեր, թէ նախընտրական այլ խոստումներ ալ չէ գործադրած: Կը ներկայացնենք դրժուած խոստումներու տասնեակ մը, ինչպէս նաեւ՝ տուեալներ անոր մասին:
*
ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՕՊԱՄԱՅԻ ՄԱՍԻՆ
Ծնած է առանձնացած հրաբխային Արշեպեղագոսի մը մէջ
Օպամա միայն երկու տարեկան էր, երբ ծնողները ամուսնալուծուեցան: Իր մանկութիւնը մեծ մասամբ անցուցած է մօրը եւ խորթ հօրը, ապա մօրենական մեծ մօրը եւ մեծ հօրը հետ, Հաուայեան կղզիներու մէջ: Ութ կէս եղբայրներ եւ քոյրեր ունի՝ ծնողներուն չորս ամուսնութիւններէն կամ յարաբերութիւններէն:
Օպամայի յաճախած մանկապարտէզը
Մանկապարտէզի օրերէն Օպամա նկատուած է իբրեւ ուշիմ աշակերտ եւ իր ամբողջ ուսումնառութեան շրջանին եղած է լաւ ուսանող մը:
Օպամայի նախկին աշխատանքները
Օպամա աշխատած է բազմաթիւ սեփական ընկերութիւններու՝ Պասքին-Ռոպինզէն մինչեւ Առեւտուրի միջազգային ընկերութեան մէջ: Աշխատած է Պասքին Ռոպինզի պաղպաղակի վաճառատան մէջ, երբ պատանի էր, այդ պատճառով ալ այժմ չի կրնար պաղպաղակ ուտել…
Ներշնչուած է մեծ անձնաւորութիւններէ
Օպամայի ներշնչման աղբիւրները եւ հերոսները եղած են՝ Մարթին Լութըր Քինկ, Մահաթմա Կանտի, Փապլօ Փիքասօ, Սեզար Չաւէզ:
Հռչակաւոր ընթերցող
Զարմանալի ընթերցող մըն է եւ կը նախընտրէ այլատեսակ գիրքեր: Ամենէն աւելի նախընտրած գիրքերն են՝ «Մոպի Տիքը», «Սողոմոնի երգը»: «Հերի Փոթըր» շարքի բոլոր գիրքերը ունի եւ ատոնք իր դուստրերուն, մանաւանդ մեծին՝ Մալիային, ամէն գիշեր կը կարդայ:
Նախընտրած շարժապատկերները
Օպամայի նախընտրած շարժապատկերներու շարքին են՝ «Քազապլանքա», «Քուքուզ նեսթ», «Լորանս օֆ Արապիա», «Կատֆատըր»: Զուգադիպութի՞ւն, թէ՞ լաւ ճաշակ. անոր բոլոր նախընտրած շարժապատկերները Օսքարի մրցանակներ նուաճած են: Օպամա իրենց առաջին ժամադրութեան Միշելը տարաւ դիտելու «Տու տը ռայթ թինկ» շարժապատկերը:
Գարեջուր մը իրեն ձօնուած է
Քենիա, ուր Օպամայի հայրը ծնած է, իսկապէս հպարտ է Պարաք Օպամայով: Այդ պատճառով գարեջուր մը անուանած են՝«Ծերակուտական Քեկ», որ Քենիոյ մէջ ամենէն սիրուած գարեջուրն է:
Երգեր եւ խումբեր
Կը սիրէ ունկնդրել Ռոլինկ Սթոնզ, Ճէյ Զեթ, Սթիւի Ուոնտըր:
Շարժուն գծանկարներու (քոմիքս) սիրահար՝
2008 թուականին հարցազրոյցի մը մէջ Օպամա յայտնեց, որ շատ կը սիրէ շարժուն գծանկարներու գիրքեր եւ պարբերաթերթերու հաւաքածոյ կազմել: «Սփայտըր մեն»ը եւ «Քոնան տը պարպարիըն»ը իր նախասիրածներէն են:
Թմրանիւթերու փորձութիւն
Օպամա խոստովանած է, որ պատանի եղած ատեն մարիխուանա եւ քոքային գործածելու փորձութիւնը ունեցած է: Ըստ տարաձայնութիւններու, նախագահական քարոզարշաւի ընթացքին Օպամա իր սիրելի կնոջ խոստացած է, որ պիտի դադրեցնէ ծխելը, բայց չէ կատարած խոստումը: Սակայն լաւ հայր ըլլալու նպատակով, ի վերջոյ 2010 թուականին դադրեցուցած է ծխելու սովորութիւնը:
Օպամայի ինտոնեզիական արկածախնդրութիւնը
Պարաք Օպամա շուրջ հինգ տարի (6-10 տարեկան) մնացած է Ինտոնեզիա, ուր ճաշակած է տեղական ուտելիքներ՝ շան միս, օձի միս, մարախ եւ նոյնիսկ տան մէջ ունեցած է ընտանի մարդակապիկ մը՝ Թաթա:
Նախագահին գրասեղանը
Նախագահին գրասեղանին վրայ կայ փայտեայ արձանիկ մը՝ ձեռք մը, որ հաւկիթ մը բռնած է: Տարօրինակ կը թուի, բայց Քենիոյ մէջ տարօրինակ չէ: Խորքին մէջ քենիական խորհրդանիշ մըն է՝ կեանքի փխրուն ըլլլալուն:
Օպամա «ռոք» երգիչ
Զարմացա՞ք: Այո՛, Օպամա շահած է Կրեմի մրցանակներ՝ 2006-ին եւ 2008-ին:
Օպամա եւ Պրետ Փիթ ազգականներ են
Անակնկա՞լ էր: Ծննդաբաններ պնդած են, որ նախագահ Պարաք Օպամա 9-րդ զարմիկն է դերասան Պրետ Փիթի, եւ 8-րդ զարմիկը՝ իր փոխ-նախագահ Տիք Չէյնիի:
Պասքեթպոլի յատուկ ունակութիւններ
Ան բուռն համակիր մըն է պասքեթպոլի: Արդարեւ, Օպաման ժամանակին անուանած են «Օ՛պոմպա»՝ պասքեթպոլի անոր ունակութիւններուն համար: Ննջարանին մէջ ունեցած է Տր.Ճէյ. այ. ի. Ճուլիըս Իրվինկի նկարները:
«Եթէ Թրամփ ընտրուի, Սպիտակ տունը պիտի չլքեմ». Օպամա
Պարաք Օպամա նախագահական վերջին քարոզարշաւի ատեն չէր թաքցներ, որ Տանալտ Թրամփի համակիր մը չէ, իսկ «Սի. Էն.Էն.»ին տուած հարցազրոյցին մէջ զգայացունց յայտարարութիւն մը ըրաւ՝ ըսելով, որ ինք պիտի չդատարկէ իր գրասենեակը (Օվըլ Օֆիս), եթէ Թրամփ ընտրուի Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահը:
Օպամա ըսաւ, որ ամբողջովին պատրաստուած է անտեսելու ժողովրդական քուէարկութիւնը, եթէ ատիկա կը նշանակէ Թրամփը ետ մղել՝ նշելով, որ ինք գտած է օրէնքին մէջ քիչ ծանօթ կէտ մը, որ կրնայ իրեն արտօնել մնալ ղեկին վրայ եւ կազմակերպել վերընտրութիւն:
«Իբրեւ նախագահ՝ ես պէտք է ընեմ այն, որ կը զգամ երկրին համար լաւագոյնն է: Եթէ ամերիկացիները ընտրեն Տանալտը, ապա ես պիտի ստիպուիմ իմ հայեցողութեամբս առնելու անհրաժեշտ քայլերը», ըսաւ Օպամա:
Երբ «Սի. Էն.Էն.»ի հաղորդավարը հարցուց, թէ ան պիտի մնայ՞ ղեկին վրայ, Օպամայի պատասխանը եղաւ վճռական. «Ես նախագահի պաշտօնը պիտի չլքեմ, եթէ Թրամփ ընտրուի»:
Հարցումին, թէ մինչեւ ո՞ւր կրնայ երթալ արգիլելու համար Թրամփի 20 Յունուար 2017-ի երդմնակալութիւնը, Օպամա պատասխանեց .«Ես պատրաստած եմ մեր քաղաքացիներուն ներկայացնելու «անվստահութեան» դիմումը՝ այդ ձեւով խլելով անոնց քուէները», խոստովանեցաւ Օպամա:
«Դուք կը պատրաստուիք դատական հետապնդումի՞ ենթարկել ամերիկացիները, իբրեւ քուէարկողներ», հարցուց հաղորդավարը:
«Այո՛: Ես չեմ կրնար արտօնել անոր, որպէսզի բազմի այս աթոռին, մատը շատ մօտ՝ կոճակին: Իշխանութիւնը կրնայ անմիջապէս զարնել անոր գլխուն», պատասխանեց Օպամա: Ան նոյնիսկ նշեց, որ ընտանիքին հետ պիտի պատսպարուին Սպիտակ տունէն ներս, որպէսզի Թրամփ ընտանիքը հոն չբնակի:
«Ես հրահանգած եմ գաղտնի սպասարկութեան ցանցին՝ ամբողջական ուժ օգտագործելու, պաշտպանելու համար Սպիտակ տունը, Թրամփ ընտանիքէն: Ճօ արդէն պատրաստակամութիւն յայտնած է քանի մը անգամ մեռնելու՝ Թրամփ ընտանիքը հեռու պահելու համար այստեղէն», հաստատեց Օպամա:
Մինչ երբ Թրամփի հարցուցին Օպամայի այս յայտարարութիւններուն մասին, ան ըսաւ. «Մի՛ մտահոգուիք, ժողովուրդի իրաւունքի օրէնքով զինք շուտով դուրս կը հանենք»:
ԴՐԺՈՒԱԾ 10 ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ
- Օպամա մոռցաւ իր յանձնառութիւնը կառավարութեան գործունէութիւնը «աննախընթաց» թափանցիկ դարձնելու վերաբերեալ:
- Օպամա դրժեց Կուանթանամօ խարիսխի բանտը փակելու իր խոստումը:
- Օպամա ձախողեցաւ վերջ դնել Իրաքի պատերազմին եւ աւարտել Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու աշխատանքը:
- Օպամա դրժեց իր խոստումը՝ հետապնդելու «անսասան, բանական եւ սկզբունքային ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւն»:
- Օպամա դրժեց իր խոստումը՝ միջին դասակարգի տուրքերը չբարձրացնելու:
- Օպամա ձախողեցաւ աւելցնել միջին դասակարգի եւ ընդհանրապէս ամերիկացիներուն եկամուտները:
- Օպամա դրժեց իր խոստումը՝ ամերիկացիներուն արտօնելու պահելու առողջապահութեան իրենց ապահովագրութիւնները եւ նուազեցնելու «Օպամաքեր»ի ծախսերը:
- Օպամա ձախողեցաւ ներգաղթը առաջնահերթութիւն դարձնելու եւ այս առընչութեամբ բարեկարգում կատարելու:
- Օպամա ձախողեցաւ փակելու իր վարչակազմին մէջ լոպիիական գործունէութիւնը:
- Օպամա դրժեց իր խոստումը՝ երկու կուսակցութիւնները միաւորելով միացեալ օրակարգ մը հաստատելու:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւր՝ «Միրրըր Սի.Էն.Էն»
«Ազդակ», Լիբանան