Ոս­կան Վար­դա­պե­տին Տե­սիլ­քը

«Խօս­քը կը թռի, բայց գի­րը կը մնա­յ»։

Լա­տին փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը կը հա­ւա­տար (եւ ար­ժա­նա­ւոր ձե­ւով), թէ գի­րը­՝ իր տպա­գիր ձե­ւին մէջ է որ կը մնայ։ Եւ մնա­լը սոսկ գո­յու­թեան հա­մար չէ։ Այլ ֆի­զի­քա­կա­նէն ան­դին՝ պատ­գա­մը պա­հե­լու գի­տակ­ցու­թեա­ն մէջ։ Պատ­գա­մը­՝ որ կը կեր­տէ ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թիւ­նը՝ բայց նաեւ ի­մա­ցա­կան ու հո­գեմ­տա­ւոր եւ ան­հա­տին ու հա­ւա­քա­կա­նու­թեա­ն մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րը փո­խան­ցե­լու կա­րե­ւոր հ­րա­մա­յա­կա­նո­վ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը­՝ Ան­թի­լիա­սի Հայ գիր­քի ե­րե­սուն եւ եօթ­նե­րորդ ցու­ցա­հան­դէ­սը 30 Հոկ­տեմ­բեր 2016-ին, նուի­րեց հա­յե­րէն Աս­տուա­ծա­շուն­չի տպագ­րու­թեան ե­րեք հա­րիւր եւ յի­սուն ա­մեա­կին։ Ո­րով­հե­տեւ եւ ինչ­պէս վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը կը վկա­յէ­՝ Աս­տուա­ծա­շուն­չը Աս­տու­ծոյ յայտ­նու­թիւնն է՝ իւ­րա­յա­տուկ, սուրբ եւ ամ­բող­ջա­կան ար­ժէ­քը քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին։ Եւ այս ի­րա­կա­նու­թե­նէն մեկ­նե­լով՝ վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը ա­ռաջ­նա­հերթ կը նկա­տէ, թէ Աս­տուա­ծա­շուն­չը պէտք է ներ­մու­ծել հա­ւա­քա­կա­նու­թեա­ն կեան­քին մէջ՝ ն­­պա­տակ ու­նե­նա­լով նոյն այս կեան­քե­րուն տալ յա­ռաջ­խա­ղացք, փո­խե­լով զա­նոնք (կեան­քե­րը) ար­ժէ­քի հաս­կա­ցո­ղու­թեա­ն մէջ եւ ա­նոր հա­մար։

Եւ այս «ներ­մու­ծե­լը» ի­րա­կա­նա­ցաւ­՝ ու տա­կա­ւին խօս­քէն ան­ցաւ գի­րի­՝ իմ­մա Աս­տուա­ծա­շուն­չի տպագ­րու­թեամ­բ­՝ ուր գի­րը յա­ւեր­ժա­ցաւ եւ որ Ոս­կան վար­դա­պե­տի տե­սիլ­քին ար­գա­սիքն էր։

Գաղ­թա­կա­նի զա­ւակ՝ ծնող­քը Շահ Ա­բա­սի ժա­մա­նակ Ե­րե­ւա­նէն տե­ղա­հա­ն-ւած էր ու Սպա­հան, Նոր Ջու­ղայ հաս­տա­տուած։ Ոս­կան ծնած էր 1614 թուա­կա­նին՝ հայ­րե­նի հո­ղէն հե­ռու՝ Նոր Ջու­ղա­յի մէջ։ Եւ ան կրցաւ ու­նե­նալ ե­րա­զը եւ զայն ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար տե­սիլ­քը, թէ իր հո­ղէն հե­ռու ապ­րող հա­յը պէտք է շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ։ Եւ այդ ապ­րե­լուն մէջ պէտք էր պատ­գա­մը ու անհրա­ժեշ­տու­թիւ­նը նոյն այդ պատ­գա­մը ներ­մու­ծե­լու հա­յուն հա­ւա­քա­կան կեան­քե­րուն մէջ։

Ե­թէ Ոս­կան վար­դա­պե­տի կեան­քը ստա­ցաւ տար­բեր հեւք՝ ո­րով­հե­տեւ ան կրցաւ տես­նել, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դին ապ­րե­լու հրա­մա­յա­կա­նին հա­մար պէտք էր հա­յե­րէն Աստ­ուա­ծա­շուն­չին տպագ­րու­թիւ­նը։ Ան ա­ռանց յու­սա­հա­տե­լու ան­դա­դար թա­փա­ռե­ցաւ, բայց նաեւ տա­ռա­պե­ցաւ եւ իր ե­րա­զին տուաւ տե­սիլք, բայց նոյն այդ տե­սիլ­քը ի­րա­կա­նա­ցուց 1666-էն մին­չեւ 1668 տա­րի­նե­րը, երբ հա­յը ու­նե­ցաւ տպա­գիր ա­ռա­ջին հա­յե­րէն Աս­տուա­ծա­շուն­չը, տպուած Ամս­թեր­տա­մի մէջ, իր իսկ ձեռ­քով։

Եւ վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը։ Աս­տուա­ծա­շուն­չը տպագ­րե­լով՝ Ոս­կան վար­դա­պետ սոսկ տպագ­րա­կան մար­զին մէջ կա­րե­ւոր ի­րա­գոր­ծում մը չէր կա­տա­րեր, ա­նոր հիմ­նա­կան նպա­տա­կը մեր ժո­ղո­վուր­դը հրա­ւի­րել էր Աս­տուա­ծա­շուն­չը կար­դա­լէն ու ճանչ­նա­լէն ան­դին՝ զայն ապ­րե­լու։ Հոս կը կա­յա­նայ խո­րունկ ի­մաս­տը Աս­տուա­ծա­շուն­չի տպագ­րու­թեա­ն։

Եւ ի­րա­ւա­ցի է պատ­մա­բան Լէոյի սքան­չա­ցու­մի վկա­յու­թիւ­նը. «Ոս­կան վարդա­­պետ օ­տար հո­ղի վրայ գոր­ծե­լով հան­դերձ եւ նկա­տի ու­նե­նա­լով այդ օ­րե­րու տպագ­րու­թեան գոր­ծի հան­գա­մանք­նե­րը, կա­րե­լի չէ չզար­մա­նալ այդ տպագ­րու­թեան վրա­յ»։

Ե­թէ Մով­սէս մար­գա­րէն Սի­նա­յի բարձ­րուն­քին վրայ իր ժո­ղո­վուր­դին սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դար­ձուց երկ­նա­յին օ­րէն­քին տախ­տակ­նե­րը եւ որ զարկ տուաւ եբ­րա­յա­կան գրա­կա­նու­թեան՝ Մես­րոպ Մաշ­տո­ց Աս­տուա­ծա­շուն­չը հա­յա­ցուց։ Իսկ Ոս­կան վար­դա­պետ զայն ժո­ղո­վուր­դին սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դար­ձուց եւ այդ­պէ­սով հայ գի­րի նկատ­մամբ նաեւ սէր ներ­մու­ծեց հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ։

Բայց կայ տա­կա­ւին Ոս­կան վար­դա­պե­տի ե­րա­զին եւ տե­սիլ­քին խոր­քա­յին տուեալ­նե­րը։ Թէ ին­չո՞ւ եւ ին՞չ բա­նի հա­մար էր Ոս­կան վար­դա­պե­տի մղու­մը՝ Աս­տուա­ծա­շուն­չը ժո­ղո­վուր­դին սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դարձ­նե­լու իր հեւ­քին մէջ։

Ա­րամ վե­հա­փա­ռը ու­նի պա­տաս­խա­նը. «Հո­գե­ւոր արթ­նու­թիւ­ն»։

Եւ հո­գե­ւոր արթ­նու­թիւ­նը պէտք չէ սահ­մա­նա­փա­կել այս­պէս ը­սած իր կրօ­նա-քրիս­տո­նէա­կան տե­սա­դաշ­տէն միայն։ Ո­րով­հե­տեւ Աս­տուա­ծա­շուն­չի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը հա­մա­պար­փակ է։ Հա­մա­պար­փակ, ո­րով­հե­տեւ Աս­տուա­ծա­շուն­չը եւ ա­նոր դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը ե­թէ մէկ կող­մէ կը կամր­ջէ ան­հա­տը իր ապ­րած կա­ռոյց(նե­րուն) հետ եւ ա­նոր նկատ­մամբ տա­ծած հե­տաքրք­րու­թեա­ն, բայց նաեւ կը փոր­ձէ տալ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն մը ան­հա­տին ապ­րած ու ապ­րե­լիք ի­րա­դար­ձու­թիւն-ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն ու ձգտե­լի եւ հա­սա­նե­լի ար­ժէք­նե­րուն մի­ջեւ եւ ա­նոնց հետ ու զա­նոնք կի­րար­կե­լու հա­մար ստեղ­ծուած եւ ստեղ­ծե­լի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն։ Եւ այս հա­մա­պար­փակ դաս­տիա­րա­կու­թեան մի­ջո­ցաւ է, որ ան­հա­տը կը շի­նէ եւ կը վե­րա­շի­նէ իր հա­ւա­տամք­նե­րը եւ ա­նոնց մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը՝ ուր հա­ւա­քա­կա­նու­թեան կեան­քե­րուն հա­մար կու տայ հա­սա­րա­կա­կան նշա­նա­կու­թիւն­ներ եւ զա­նոնք կի­րար­կե­լու հա­մար հա­մա­կերպ­ման մի­ջո­ցա­ռում­ներ։

Եւ այս հա­մա­կերպ­ման մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով եւ հա­սա­րա­կա­կան նշա­նա­կու­թիւն­նե­րով է, որ մար­դիկ եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներ կը շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ՝ ի­րենց կեան­քե­րուն տա­լով նոր եւ նո­րո­գուող լիցք։ Եւ այս նոր լից­քով է, որ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներ կ՚ար­ձա­նագ­րեն յա­ռաջ­խա­ղացք։

Եւ դար­ձեալ Լէոն է. «Ոս­կա­նը զոհ էր։ Զոհ իր զար­մա­նա­լի ե­ռան­դի­ն»։ Բայց պէտք չէ մտա­հան ը­նել, թէ այս զո­հի ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւ­նը մխտեց զինք իր ե­րա­զը եւ տե­սիլ­քը ի­րա­կա­նաց­նել։ Եւ ի­րա­կա­նաց­նե­լու մէջ կար հա­ւատ­քը­՝ Ոս­կան վար­դա­պե­տին եւ ե­րեք հա­րիւր եւ յի­սուն տա­րի­ներ ա­ռաջ, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը պէտք է շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ միշտ նոր ու նո­րո­գուող լից­քով մը, հաս­նե­լու հա­մար մին­չեւ այ­սօ­ր ու տա­կա­ւին ա­ւե­լին...։ Եւ նոր լից­քը կա­րե­ւոր է, որ­պէս­զի հա­յուն կեան­քը չլճա­նայ ժա­մա­նա­կի սլաց­քին հետ՝ այլ յա­ռաջ­խա­ղացք ար­ձա­նագ­րէ։

Ոս­կան վար­դա­պե­տին տե­սիլ­քը։ Հա­յուն հա­մար է։ Որ­պէս­զի հա­յը իր կեան­քը ապ­րի եւ շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ նոր լից­քի այս տես­լա­կա­նո­վ եւ ա­նոր հա­մար։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Օգ­տա­գոր­ծուած աղ­բիւր­ներ։
Aram I, Taking the Church to the People (Beirut: Armenian Catholicosate of Cilicia, 2011),
Paul Kybird, “Using the Bible in Adult Christian Education”, JATE 3, no. 1 (2006).
Joseph Crockett, Engaging Scripture in Everyday Situations: An Interactive Perspective that Examines Psychological and Social Processes of Individuals as They Engage Scripture Texts (London: Equinox Publishing, 2005)
Լէօ, «Հայ­կա­կան տպագ­րու­թիւ­ն», Թիֆ­լիզ, 1904
Ներ­սէս Արք. Պո­զա­պա­լեան, «Ոս­կան Վար­դա­պետ Ե­րե­ւան­ցի», «Էջ­միա­ծին» ամ­սա­գիր, Էջ­միա­ծին, 1966։

Շաբաթ, Յունուար 21, 2017