ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ «ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՐ» ՄՐՑՈՅԹԸ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ոչ-նիւ­թա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման ծրագ­րին ծի­րէն ներս՝ ըն­թա­ցիկ տա­րուան Ապ­րի­լին, Ար­ցա­խի դպրոց­նե­րու մի­ջեւ պի­տի կազ­մա­կեր­պուի «Ազ­գա­յին պար» մրցոյթ-ո­ղիմ­պիա­կա­նը:

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­կան ա­րուեստ­նե­րու բա­ժի­նի պետ Ե­րա­զիկ Դա­նիէ­լեան ը­սած է, որ մրցոյթ-ո­ղի­պիա­կա­նը պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի «Փա­փու­ռի», «Սաս­նայ քո­չա­րի» եւ «Եար­խուշ­տա» ա­նուա­նա­կար­գե­րով:

«Մրցոյ­թին նպա­տակ­ներն են մա­տաղ սե­րուն­դին մէջ ազ­գա­յին պա­րե­րու ու­սուց­ման խրա­խու­սում, ազ­գա­յին պա­րե­րու տա­րա­ծում ու պահ­պա­նում, ազ­գա­յին պա­րե­րու, ա­նոնց բնոյ­թի եւ նշա­նա­կու­թեան վե­րա­բե­րեալ գի­տե­լիք­նե­րու զար­գա­ցում: Ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան քա­րոզ­չու­թիւն, ոչ-նիւ­թա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան եւ մշա­կու­թա­յին ինք­նու­թեան պահ­պա­նում, տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու, մշա­կու­թակր­թա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներգ­րա­ւում ոչ-նիւ­թա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն», ման­րա­մաս­նած է Ե­րա­զիկ Դա­նիէ­լեան եւ տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ մրցոյթ-ո­ղիմ­պիա­կա­նին մաս­նակ­ցել փա­փա­քող­նե­րը կրնան ի­րենց յայ­տե­րը ներ­կա­յաց­նել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­կան ար­հեստ­նե­րու բա­ժին:

Ըստ ո­լոր­տի պա­տաս­խա­նա­տու­նեուն, ե­րեք ա­նուա­նա­կար­գե­րու մէջ լա­ւա­գոյ­նը ընտ­րուած խում­բե­րը պի­տի պար­գե­ւատ­րուին հա­մա­պա­տաս­խան վկա­յագ­րե­րով, բա­ժակ­նե­րով եւ նուէր­նե­րով:

Ե­րա­զիկ Դա­նիէ­լեան նշած է նաեւ, որ «Ազ­գա­յին պար» մրցոյթ-ո­ղիմ­պիա­կա­նը ա­ռա­ջին ան­գամ Ար­ցա­խի մէջ կազ­մա­կեր­պուած է 2014 թուա­կա­նին:

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2017