ՇԱՐՔ ՄԸ ՆՇՈՒՄՆԵՐ՝ ՊԷՅՐՈՒԹԻ COSTA ՍՐՃԱՐԱՆԻ ՁԱԽՈՂ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Շա­բաթ, Յու­նուա­րի 21-ին, Պէյ­րութ կը փրկուէր ա­հա­բեկ­չա­կան մեծ գոր­ծո­ղու­թե­նէ մը: Կի­րա­կի ա­ռա­ւօտ Լի­բա­նա­նի եւ շրջա­նա­յին զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ա­ռա­ջին լու­րը յատ­կա­ցուած կ՚ըլ­լար Պէյ­րու­թի Համ­րա փո­ղո­ցին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ձեր­բա­կալ­ման լու­րին:

Լի­բա­նա­նի ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րը մե­տա­սան­ե­րորդ պա­հուն կը յա­ջո­ղին ձեր­բա­կա­լել Օ­մար Հա­սան Ալ Ա­սի ա­նու­նով ե­րի­տա­սարդ մը, որ մտա­դիր էր ա­կա­նա­կիր իր գօ­տին պայ­թեց­նել: Դէպ­քը տե­ղի կ՚ու­նե­նար Համ­րա մար­դա­շատ փո­ղո­ցի Costa սրճա­րա­նին մէջ, որ Շա­բաթ ե­րե­կո­նե­րը կը վե­րա­ծուի շրջա­նի ե­րի­տա­սար­դու­թեան գլխա­ւոր զբօ­սա­վայ­րե­րէն մին:

Մինչ երկ­րի քա­ղա­քա­կան բո­լոր շրջա­նակ­նե­րուն հիմ­նա­կան ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած էր ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թեանց մաս­նակ­ցե­լու, Համ­րա­յի դէպ­քը կու գար հաս­տա­տե­լու այն մօ­տե­ցու­մը, թէ Լի­բա­նան կը շա­րու­նա­կէ հան­դի­սա­նալ ա­հա­բեկ­չա­կան տար­բեր խմբա­ւո­րում­նե­րու կի­զա­կէտ­նե­րէն մին:

Ճիշդ է, որ երկ­րի քա­ղա­քա­կան հո­սանք­նե­րը յա­ջո­ղած էին քա­ղա­քա­կան «սթա­թիւ­քօ» մը կեր­տել, սա­կայն այդ մէ­կը չէր նշա­նա­կեր, թէ ա­հա­բեկ­չու­թեան վտանգ­նե­րը վե­րա­ցած են:

Վե­րա­դառ­նա­լով Համ­րա­յի դէպ­քին՝ նշեմ, որ ա­նոր «հե­ղի­նա­կ­»ը ըլ­լա­լու պատ­րաս­տուող ե­րի­տա­սար­դը՝ Օ­մար Հա­սան Ալ Ա­սի (25 տա­րե­կան) կու գար երկ­րի հա­րա­ւա­յին մայ­րա­քա­ղաք հա­մա­րուող Սայ­տա­յէն: Ա­նոր ձեր­բա­կա­լու­թե­նէն ժա­մեր անց լրա­տուա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցէին, որ Ա­սի ե­ղած է հա­մա­կի­րը 2013 թուա­կա­նին լի­բա­նա­նեան բա­նա­կին դէմ զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կա­տա­րած Ահ­մատ Ա­սի­րի մի­լի­սին:

Յի­շեց­նեմ, որ երկ­րին մէջ խռո­վու­թիւն հրահ­րող Ահ­մար Ա­սիր, որ իր գոր­ծու­նէու­թեան կը սկսէր քա­ղա­քա­կան դաշ­տին մէջ իր հա­մա­կիր­նե­րու թի­ւին ա­ճէն ետք, շար­ժու­մը կը վե­րա­ծէր զի­նուո­րա­կան մի­լի­սի եւ ա­պա մեծ բա­խու­մի մը կը ձեռ­նար­կէր լի­բա­նա­նեան բա­նա­կի Սայ­տա տե­ղա­կա­յուած մէկ գուն­դին հետ (Յու­նիս, 2013):

Բա­խում­նե­րը կ՚ա­ւար­տէին Ա­սի­րի յան­ցա­խու­մբի ան­փա­ռու­նակ վախ­ճա­նով: Մինչ ա­նոր տաս­նեակ զի­նեալ­նե­րը կը ձեր­բա­կա­լուէին, ան կը յա­ջո­ղէր խոյս տալ եւ եր­կու տա­րի ըն­դյա­տա­կեայ մնա­լէ եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու մի­ջո­ցաւ բա­նա­կին դէմ պայ­քա­րե­լու մա­սին իր «պատ­գամ­նե­րը» հրա­պա­րա­կե­լէ ետք կը ձեր­բա­կա­լուէր Պէյ­րու­թէն թռչիք առ­նել պատ­րաս­տուող օ­դա­նա­ւի մը մէջ՝ (Օ­գոս­տոս, 2015) բո­լո­րո­վին դի­մա­փո­խո­ւած ու ան­ճա­նա­չե­լի դի­մագ­ծե­րով:

Ա­սի­րի մա­սին այս նա­խա­մու­տը կեն­սա­կան է հասկ­նա­լու հա­մար Համ­րա­յի ա­հա­բե­կի­չին պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը: Ալ Ա­սի, որ հի­ւան­դա­պահ էր Սայ­տա­յի «Ալ Հա­մու­տ» հի­ւան­դա­նո­ցէն ներս, կը հա­մա­րուէր Ա­սի­րի հա­մա­կիր­նե­րէն մին: Ըստ պաշ­տօ­նա­կան տուեալ­նե­րու, ան նաեւ մաս կազ­մած էր այդ յան­ցա­խում­բին ու չէ բա­ցա­ռուած, որ Սայ­տա­յի «Ապ­րա» շրջա­նի դէպ­քե­րու ա­տեն բա­նա­կին դէմ զէնք բարձ­րաց­նող­նե­րու շար­քին էր:

Ահ­մատ Ա­սի­րի ձեր­բա­կա­լու­մէն ետք ալ քիչ է թի­ւը այն մեկ­նա­բան­նե­րուն, ո­րոնց կար­ծի­քով ա­նոր հե­տե­ւորդ­նե­րու թի­ւը բա­ւա­կան մեծ է ու հա­կա­ռակ ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րու տա­րած ա­չա­լուրջ աշ­խա­տանք­նե­րուն, ցայ­սօր ալ անհ­նար է ամ­բող­ջո­վին «ար­մա­տա­խի­լ» ը­նել այդ զի­նեալ­նե­րը, կամ ա­նոնց ար­մատ­նե­րը «կտրե­լ»:

Ինչ­պէս տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով ալ այս սիւ­նա­կով գրած ենք այն մա­սին, որ այս զի­նեալ բջիջ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան հիմ­նա­կան «աղ­բիւ­ր­»ը տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ գտնուող գաղ­թա­կա­յան­ներն են:

Ըլ­լան ա­նոնք պա­ղես­տի­նեան կամ նոյ­նիսկ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով «առ­ժա­մա­պէ­ս» Լի­բա­նան հաստա­տուած սու­րիա­ցի­նե­րու գաղ­թա­կա­յան­նե­րը: Իսկ գաղ­թա­կա­յան­նե­րու լուծ­ման հար­ցը ցարդ այս հանգ­րուա­նին ե­րե­ւե­լի չէ, պարզ ա­նոր հա­մար, որ պա­տե­րազ­մի վտանգ­նե­րէն խոյս տուած այդ գաղ­թա­կան­նե­րուն մե­ծա­գոյն տո­կո­սը Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թեան դէմ ըմ­բոս­տա­ցած սու­րիա­ցի­ներ (սիւն­նի) են:

Լի­բա­նա­նեան ա­ռօ­րեա­յին ու­շա­դիր կեր­պով հե­տե­ւող­նե­րուն հա­մար գաղտ­նիք մը պար­զած պի­տի չըլ­լամ, ե­թէ նշեմ, որ Լի­բա­նա­նի մէջ ա­մէ­նօ­րեայ դրու­թեամբ Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) կամ Սու­րիոյ մէջ պա­տե­րազ­մող տար­բեր խմբա­ւո­րում­նե­րու հա­մա­կիր կամ ան­դամ տաս­նեակ սու­րիա­ցի­ներ կը ձեր­բա­կա­լուին:

Շատ յա­ճախ ա­նոնք կ­­՚են­թար­կուին հար­ցաքն­նու­թեան ու ա­պա ա­զատ կ՚ար­ձա­կուին, իսկ շատ մը պա­րա­գա­նե­րու կը տա­րուին ա­ռանց ա­տոր ալ բա­ւա­կան անմ­խի­թար վի­ճակ ու­նե­ցող ու խճո­ղո­ւած լի­բա­նա­նեան բան­տե­րը:

Սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցը լա­րուած ու­ժա­նակ մըն է Լի­բա­նա­նին հա­մար: Ու այս վտան­գին մա­սին գի­տեն բո­լոր կող­մե­րը:

Գի­տեն ա­յո՛, բայց կը գի­տակ­ցին նաեւ, որ ա­ռանց սու­րիա­կան տագ­նա­պին մա­նա­ւանդ «քա­ղա­քա­կան հան­գու­ցա­լուծ­մա­ն», անհ­նար է առ­նուազն մաս­նա­կի լու­ծում­ներ տալ այդ վտան­գա­ւոր հար­ցին:

Վե­րա­դառ­նա­լով Լի­բա­նա­նի մէջ ա­հա­բեկ­չու­թեան առ­կայ վտանգ­նե­րու թե­մա­յին, պէտք է յստա­կօ­րէն ընդգ­ծել եւ հասկ­նալ, որ ցայ­սօր ալ այդ երկ­րին մէջ ա­հա­բեկ­չու­թեան մեծ վտանգ­նե­րը չեն դադ­րած:

Ի­րա­նի իս­լա­մա­կան հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նա­տան մօտ ե­ղած պայ­թու­մէն, կամ Պէյ­րու­թի հա­րա­ւա­յին ա­րո­ւար­ձան­նե­րը ցնցած եւ մարդ­կա­յին հա­րիւ­րա­ւոր կեան­քեր խլած, կամ թէ «սիւն­նի հա­մայն­քի մայ­րա­քա­ղա­ք» հա­մա­րուող Թրի­փո­լիի եր­կու մզկիթ­նե­րուն դէմ ե­ղած ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թում­նե­րը, բո­լորն ալ ու­նին մէկ հե­ռա­ւոր նպա­տակ, որն է հրահ­րել միջ­դա­ւա­նա­կան խլրտում­ներ եւ եր­կի­րը տա­նիլ նոր ան­վե­րահս­կե­լի վի­ճակ­նե­րու:

Ճիշդ է նաեւ, որ երկ­րի նոր նա­խա­գա­հին դէ­պի Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա կա­տա­րած քայ­լե­րը կը մի­տին «մա­րե­լ» սիւն­նի-շիի լա­րուա­ծու­թեան օ­ճախ­նե­րը, բայց ա­մէն պա­րա­գա­յին Լի­բա­նա­նի մէջ կայ խաւ մը, որ ինք­զինք պար­տուած կ­­ը զ­­գայ:

Այդ պար­տուա­ծու­թիւ­նը ան­շուշտ կապ ու­նի Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին ներ­կայ ըն­թաց­քէն եւ սիւն­նի աշ­խար­հին ընդ­հա­նուր շփո­թէն: Հա­լէ­պի, Ա­տէ­նի, Մու­սու­լի եւ այլ շրջան­նե­րու մէջ սիւն­նի­նե­րը մեծ հա­րուած­ներ ստա­ցած են:

Խնդի­րը միայն ա­տով չի սահ­մա­նա­փա­կուիր: Կայ նաեւ տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ (օ­րի­նակ՝ Ռաք­քա, Իտ­լիպ, Ա­տէն, Պա­շի­քա) ծնունդ ա­ռած եւ «սուրբ պա­տե­րազմ­նե­րու» մաս­նակ­ցած զի­նեալ­նե­րու հար­ցը: Այդ զի­նեալ­նե­րէն շա­տեր այ­սօր սկսած են հե­ռա­նալ այդ քա­ղաք­նե­րէն ու «բոյն շի­նե­լ» ա­ւե­լի ա­պա­հով վայ­րե­րու մէջ:

Ու չէ բա­ցա­ռուած, որ այդ «հանգստա­ւէ­տ» քա­ղաք­նե­րէն ըլ­լան Լի­բա­նա­նի Թրի­փո­լի եւ Սայ­տա քա­ղաք­նե­րը, ո­րոնք տար­բեր ա­ռում­նե­րով ալ «ան­վե­րահսկե­լի» քա­ղաք­ներ են:

Ու­րեմն ճիշդ պի­տի ըլ­լայ ը­սել, որ Պէյ­րու­թի մէջ կա­տա­րուած ա­հա­բեկ­չու­թեան փոր­ձը «ան­մե­ղ» եւ «ան­հա­տա­-կան» նա­խա­ձեռ­նու­թեան մը ար­դիւնք է:

Ա­ւե­լի ուշ պարզ պի­տի դառ­նան այդ դէպ­քին տուն տուող, դէպ­քը ծրագ­րող ու հրահ­րող, ա­ւե­լի ուշ ալ պատ­րաս­տող բո­լոր կող­մե­րը:

Խնդի­րը միայն այս դէպ­քը չէ: Հար­ցը ա­հա­բեկ­չու­թեան հաս­կա­ցու­թեան ար­մատ­նե­րու վե­րա­ցումն է, որ այս հանգ­րուա­նին դժուար ի­րա­կա­նա­նա­լի գոր­ծըն­թաց մըն է:

Օ­մար Ալ Ա­սիի ձեր­բա­կա­լու­մէն ժա­մեր անց լի­բա­նա­նեան ա­րա­բա­տառ «Ալ Ախ­պա­ր» օ­րա­թեր­թը կը խո­րագ­րէր հե­տե­ւեա­լը՝ «Costa սրճա­րա­նի անձ­նաս­պա­նը իր քննիչ­նե­րուն՝ չեմ զղջա­ցած եւ պատ­րաստ եմ կրկնել անձ­նաս­պա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը»:

Ա­հա նման հո­գե­բա­նու­թեան մը առ­ջեւ է Լի­բա­նա­նի հան­րու­թիւ­նը ու յստակ է նաեւ, որ ա­հա­բեկ­չու­թիւն կա­տա­րե­լու հո­գե­վի­ճա­կը խոր ար­մատ­ներ ու­նի բա­ւա­կան ար­մա­տա­կան հա­մա­ր-ւած կարգ մը շրջա­նակ­նե­րու մօտ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Յունուար 28, 2017