ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎ

Հռո­մի մէջ իր ա­ւար­տին հա­սաւ Ա­րե­ւե­լեան Ուղ­ղա­փառ եւ Կա­թո­լիկ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան երկ­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին աս­տուա­ծա­բա­նա­կան միա­ցեալ յանձ­նա­ժո­ղո­վին նստաշր­ջա­նը։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, իր տե­սա­կին մէջ 14-րդ այս ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցած էր նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը։

Ըստ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի աղ­բիւր­նե­րուն, Հռո­մի նիս­տե­րուն ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Սուրբ Հա­ղոր­դու­թեան խոր­հուր­դի պատ­մա­կան զար­գաց­ման, ծի­սա­կան-աս­տուա­ծա­բա­նա­կան եւ ե­կե­ղե­ցա­բա­նա­կան ար­տա­յայ­տում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Երկ­խօ­սու­թեան հա­մար նա­խա­տե­սուած «Ս. Հա­ղոր­դու­թեան խոր­հուր­դը եւ ե­կե­ղե­ցին» նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ ի­րենց աս­տուա­ծա­բա­նա­կան զե­կոյց­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լէ վերջ, եզ­րա­փա­կիչ փու­լին միա­ցեալ աս­տուա­ծա­բա­նա­կան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը քննար­կե­ցին նաեւ յա­ռա­ջի­կայ հան­դիպ­ման ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։

Ըստ ըն­կա­լեալ հեր­թա­գա­յու­թեան, յանձ­նա­խում­բի յա­ջորդ նիս­տը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ՝ բարձր հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ եւ օրհ­նու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի։ Ժո­ղով­նե­րը նա­խա­տե­սուած են 29 Յու­նուար-5 Փետ­րուար 2018 թուա­կա­նին։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին պի­տի քննար­կուին եր­կու ե­կե­ղե­ցա­կան ըն­տա­նիք­նե­րէ ներս ա­պաշ­խա­րու­թեան, ձեռ­նադ­րու­թեան եւ հի­ւան­դաց օծ­ման սրբա­զան խոր­հուրդ­նե­րուն շուրջ ձե­ւա­ւո­րուած ըն­կա­լում­նե­րը եւ ծի­սա-աս­տուա­ծա­բա­նա­կան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2017