ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ գիտական թեմաթիկ հետազօտութիւններու վերաբերեալ պայմանագրերու կնքնման արարողութիւն մը։ Նախարարութեան եւ իր գործընկեր գիտական կազմակերպութիւններուն միջեւ տեղի ունեցաւ այս տարուան թեմաթիկ պատուէրներու իրականացման վերաբերեալ պայմանագրերու կնքնման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետի խորհրդական Մհեր Տէրտէրեան։
Հաւաքոյթի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ ըսաւ. «Այս բոլոր իրաւագիտական, լեզուաբանական, ցեղասպանագիտական, պատմագիտական եւ սփիւռքագիտական հետազօտութիւնները, զորս տեւական ժամանակէ ի վեր կը պատուիրենք, խիստ անհրաժեշտ են նախարարութեան ռազմավարութիւնը, Սփիւռքի համայնքներուն հետ ճիշդ աշխատելու մարտավարութիւնը մշակելու համար։ Կը կարծեմ, նիւթերը ճիշդ ընտրուած են»։ Ապա Հրանոյշ Յակոբեան անգամ մը եւս ներկայացուց գիտական կառոյցներէն պահանջուած հետազօտութիւններու նիւթերը։ Միեւնոյն ժամանակ ան կարեւորեց փորձառութեան ուսումնասիրութիւնը՝ Իրանի, Իսրայէլի, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի նման երկիրներու պարագային, ուր եւս կ՚ապրի հայոց Սփիւռքը։
Պայմանագրերու կնքնման արարողութեան մասնակցեցան Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, Արեւելագիտութեան կաճառի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրազտեան, Լեզուի կաճառի տնօրէն Վիքթոր Կատուալեան, Գրականութեան կաճառի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան, Երեւանի Պետական համալսարանի փոխ-վերատեսուչ Ռուբէն Մարկոսեան, «Պրիւսով» Պետական լեզուահասարագիտական համալսարանի փոխ-վերատեսուչ Ցոլակ Յակոբեան, Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի խորհրդական Գէորգ Դանիէլեան, Երեւանի Պետական համալսարանի Պատմութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Էդիք Մինասեան, «Նորավանք» գիտակրթական հիմնարկի տնօրէն Գագիկ Յարութիւնեան, «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն» գիտահետազօտական հիմնարկի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեան, ինչպէս նաեւ այլ մասնագիտութիւններէ գիտնականներ. ինչպէս՝ թրքագէտներ, իրաւաբաններ, ցեղասպանագէտներ եւ այլն։
Ներկաները կարծիքներ փոխանակեցին ծրագրի արդիւնաւէտութեան, հետազօտութիւններու անհրաժեշտութեան, անոնց արդիւնքներու կիրառականութեան վերաբերեալ։
Վարչապետի խորհրդական Մհեր Տէրտէրեան նշեց, որ բազմակողմանի, լուրջ հետազօտութիւնները շատ կարեւոր եւ առաջնահերթ են պետական քաղաքականութեան նոր, արդիական մօտեցումներ մշակելու համար։ Իր կարգին, Հրանոյշ Յակոբեանն ալ շեշտեց, որ ձեռնարկուելիք հետազօտութիւնները պիտի հանդիսանան նոր մօտեցումներու, նոր հարցադրումներու առանցքը։