ՎԻՃԱԿԻ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար երէկ այցելեց երկրի հարաւային սահմանները։ Կազիանթէպի եւ Քիլիսի մէջ ան տեղւոյն վրայ քննարկեց զօրքերուն կացութիւնը ու տեղեկութիւններ քաղեց «Եփրատի վահան» գործողութեան ընթացքին շուրջ։ Այցելութեան ընթացքին զօրավար Աքարին ընկերացան ցամաքային եւ օդային զօրքերու հրամանատարները։
Զօրավար Հուլուսի Աքար գործողութեան կեդրոնին մէջ շրջանի հրամանատարութիւններէն տեղեկութիւններ քաղեց «Եփրատի վահան» գործողութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղեալ գործողութիւններու վերջին կացութեան եւ իրադարձութիւններուն մասին։ Բարձրաստիճան զինուորականներ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահին տեղեկացուցին իրենց համապատասխան արժեւորումները։
Թուրք զինեալ ուժերը «Եփրատի վահան» գործողութեան շրջագծով վերջին օրերուն դարձեալ ազդու հարուածներ կը հասցնեն ԻՇԻՊ-ին «(Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում)։ Ահաբեկչական կազմակերպութեան Ռաքքա քաղաքէն Էլ Պապ մեկնած չորս պարագլուխներ սպաննուած են վերջին օրերուն։ Ծանօթ է, որ Էլ Պապ երկար ժամանակէ ի վեր թրքական բանակին կողմէ պաշարուած է։ Վերջին գործողութիւններուն ընթացքին ընդհանրապէս ոչնչացուած են յիսունմէկ ահաբեկիչներ։ Մինչ այդ, Սուրիոյ բանակի զօրքերն ալ կը յառաջանան դէպի Էլ Պապ։ Երկրի ղեկավար Պեշար Էսատին ենթակայ զօրքերը արդէն խզած է դէպի Էլ Պապ առաքումներու ճանապարհը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, սուրիական բանակը շաբաթավերջին ձեռք անցուց Էլ Պապի հարաւի Այաշիէ գիւղաքաղաքն ու բլուրը։ Այաշիէն կը գտնուի Էլ Պապի հարաւ-արեւելքին, քաղաքէն 4 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ։ ԻՇԻՊ-ի գործնական մայրաքաղաքը՝ Ռաքքան եւ Էլ Պապը միացնող միակ ճանապարհէն հազիւ կէս քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Այաշիէն, ինչ որ ԻՇԻՊ-ի տեսակէտէն ունի ճակատագրական նշանակութիւն։ Ներկայ պայմաններով՝ Սուրիոյ բանակը հնարաւորութիւն կ՚ունենայ կրակի տակ առնելու ահաբեկիչներուն տեսակէտէ կենսական այդ ճանապարհը։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Սուրիոյ ներքին պատերազմի կողմերը պատրաստ են երկխօսութեան։ Աւստրիական «Փրոֆիլ» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ Լաւրով յայտնեց, որ Ժընեւի բանակցութիւնները յետաձգուած են Փետրուարի 20-ին եւ իրենք զանազան քայլերու կը ձեռնարկեն՝ այդ գործընթացը խրախուսելու համար։ Ռուս նախարարը յոյս յայտնեց, թէ Դամասկոսի ղեկավարութիւնն ու Սուրիոյ զինեալ ընդդիմութիւնը պիտի անցնին ուղղակի շփման մէջ։ Սուրիոյ ապագային վերաբերեալ քննարկումներուն եւ կառավարութեան հետ շփումներուն ցարդ չէին մասնակցած զինեալ ընդդիմադիրները։ Անոնք առաջին անգամ Աստանայի բանակցութիւններուն ընթացքին շփուեցան իրարու հետ։ Այսպէսով, ըստ Լաւրովի, Սուրիոյ կողմերը ի յայտ բերին, որ պատրաստ են երկխօսութեան՝ որքան որ ալ չփոխեն իրենց դիրքորոշումները։