ՀԱՐԻՐԻԻ ՄՕՏ ԶՐՈՅՑ

Ե­րէկ, Լի­բա­նա­նի Վար­չա­պետ Սաատ Հա­րի­րի հիւ­րըն­կա­լեց Պէյ­րու­թի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Սա­մուէլ Մկրտչեա­նը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, դես­պա­նը շնոր­հա­ւո­րեց վար­չա­պե­տը՝ նշա­նակ­ման ու նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման կա­պակ­ցու­թեամբ։ Մկրտչեան անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նի եւ Լի­բա­նա­նի պատ­մա­կան կա­պե­րուն, քա­ղա­քա­կան բարձր մա­կար­դա­կի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու վա­ղե­մի բա­րե­կա­մու­թեան։ Դես­պան Մկրտչեան կա­րե­ւո­րեց այդ կա­պե­րու լրաց­ման եւ ամ­րապնդ­ման նպա­տա­կով տնտե­սա­կան եւ ա­ռեւտ­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցու­մը, զբօ­սաշր­ջու­թեան խթա­նու­մը։ Ընդգ­ծուե­ցաւ նաեւ բարձ­րաս­տի­ճան փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն պար­բե­րա­կա­նու­թիւն հա­ղոր­դե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Սա­մուէլ Մկրտչեան ներ­կա­յա­ցուց Հա­յաս­տա­նի ներդ­րու­մա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, կա­ռա­վա­րու­թեան ձեռ­նար­կած բա­րե­փո­խում­նե­րը՝ գոր­ծա­րա­րու­թեան հա­մար ա­ռա­ւել դիւ­րին պայ­ման­նե­րու ստեղծ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծու­նէու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նող լի­բա­նա­նեան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու դրա­կան փոր­ձա­ռու­թեան եւ այդ բո­լո­րի ծա­նօ­թաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։ Նշուե­ցաւ վեր­ջին տա­րի­նե­րու զբօ­սաշր­ջու­թեան ծա­ւալ­նե­րու ընդ­լայ­նու­մը, այդ ո­լոր­տէն ներս եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կա­րա­յին բնոյ­թը։

Վար­չա­պետ Հա­րի­րի եւս կա­րե­ւո­րեց եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ տնտե­սա­կան կա­պե­րու խթան­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Ան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց իր կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս նա­խա­պա­տուու­թիւն տալ բա­րե­կամ Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ ու խոս­տա­ցաւ գոր­ծադ­րել հա­մա­պա­տաս­խան ջան­քեր։

Զրու­ցա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին նաեւ այս տա­րուան ըն­թաց­քին Հա­յաս­տան-Լի­բա­նան միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի հեր­թա­կան նիս­տը գու­մա­րե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

Միւս կող­մէ, Լի­բա­նա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճպրան Պա­զիլ Պէյ­րու­թի մէջ վեր­ջերս այ­ցե­լեց Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) «Տե­միր­ճեան» կեդ­րո­նը։ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017