2017 Հա­յուն «Վե­րա­նո­րո­գու­մի» Գոր­ծըն­թա­ցը

«Քրիս­տո­նէա­կան մօ­տե­ցու­մով, մարդն է վե­րա­նո­րոգ­ման կի­զա­կէ­տը»

Ա­րամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետ

Աս­տուա­ծա­բա­նու­թիւ­նը՝ քրիս­տո­նէա­կան-աս­տուա­ծաշն­չա­կան, ե­թէ մէկ կող­մէ ու­նի հա­մա­մարդ­կա­յին տե­սա­դաշտ եւ պա­րու­նա­կու­թիւն, բայց միեւ­նոյն ժա­մա­նակ՝ ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն, ուր իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ կ՚ըն­դե­լու­զուի  հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մշա­կոյ­թին, քա­ղա­քակր­թու­թեան եւ կեն­ցա­ղի հետ եւ այս բո­լո­րին ընդ­մէ­ջէն՝ ա­նոր/ա­նոնց ապ­րած կեան­քին ու փոր­ձա­ռու­թեան կու տայ նկա­րա­գիր եւ ինք­նու­թիւն:

Սա­կայն հիմ­նա­կան կը մնայ այն, որ քրիս­տո­նէա­կան Աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան միտք բա­նին «փո­փո­խու­թիւն» յա­ռա­ջաց­նել է մար­դուն եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան կեան­քե­րուն հա­մար (Ճե­սէ Մու­կամ­պէ եւ Մայ­քըլ Կայ, 2009): Եւ այս ի­մաս­տով, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը իւ­րա­քան­չիւր տա­րուան սե­մին հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը կը հրա­ւի­րէ «ի­րենց մտա­ծում­նե­րուն, աշ­խա­տանք­նե­րուն ու կեան­քին մէջ լու­սար­ձա­կի տակ բե­րե­լու ազ­գին ու ե­կե­ղեց­ւոյ առըն­չուած ար­ժէք մը, խոր մտա­հո­գու­թեան մը կամ լուրջ սպա­սում մը»: Եւ այս «ար­ժէ­քի», «մտա­հո­գու­թեան» եւ «սպա­սու­մի» գի­տակ­ցու­թիւ­նը վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տի ջան­քե­րէն մին է՝  «փո­փո­խու­թիւն» յա­ռա­ջաց­նե­լու մեր ան­հա­տա­կան, հա­ւա­քա­կան ու ազ­գա­յին կեան­քե­րուն մէջ: Եւ փո­փո­խու­թիւ­նը, ե­թէ մէկ կող­մէ «հնա­մաշ գոր­ծե­լա­կեր­պե­րէ եւ յռռի կեն­ցա­ղա­կեր­պե­րէ» հե­ռու մնալ է, բայց նաեւ է՛ «կրօ­նա­կան, ազ­գա­յին ու բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու ամ­րօ­րէն կառ­չիլ», հե­տա­մուտ ըլ­լա­լով «բա­ցուե­լու, քննա­կան ու զգու­շա­ւոր մօ­տե­ցու­մով մեզ շրջա­պա­տող ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն»:

Եւ այս հաս­կա­ցո­ղու­թեան մէջ եւ ա­նոր ընդ­մէ­ջէն կ՚ար­ժէ վեր առ­նել 2017 թուա­կա­նը վե­րա­նո­րո­գու­մի տա­րի յայ­տա­րա­րե­լու վե­հա­փա­ռին քայ­լը:

Ար­դա­րեւ, Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կոս իր «վե­րա­նո­րո­գու­մի» բա­ցատ­րու­թեան կը սկսի աս­տ-ւա­ծաշն­չա­յին տե­սան­կիւ­նէն՝ զե­տե­ղե­լու հա­մար զայն մեր ազ­գա­յին-հա­ւա­քա­կան-հա­սա­րա­կա­կան կեան­քե­րուն մէջ: Ո­րով­հե­տեւ, եւ ինչ­պէս վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը կը մատ­նանշէ, «Աս­տուա­ծա­շուն­չը իր էու­թեամբ, իր խոր­քով ու նպա­տա­կով մար­դը դէ­պի հո­գե­ւոր ու բա­րո­յա­կան վե­րա­նո­րո­գում ա­ռաջ­նոր­դող երկ­նա­յին պատ­գամ մըն է՝ Աս­տու­ծոյ յայտ­նու­թեամբ փո­խան­ցուած մար­դուն»:

Քրիս­տո­նէա­կան աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան եւ ա­նոր մարդ­կա­յին ան­հա­տա­կա­նու­թեան ու կեան­քին մէջ «փո­փո­խու­թիւն» յա­ռա­ջաց­նե­լու հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը կը սկսի Աս­տուա­ծա­շուն­չի Հին Կտա­կա­րա­նէն: Ե­հո­վան՝ Հին Կտա­կա­րա­նի Աս­տու­ծոյ ա­նուա­նու­մը, եւ ա­նոր «խոս­տու­մը» «իր ժո­ղո­վուր­դին», ի­մա՝ յոյ­սը…: Եւ այս խոս­տու­մը՝ յոյ­սը, ակ­նե­րեւ է Հին Կտա­կա­րա­նի շատ մը գիր­քե­րուն մէ­ջէն՝ սկսե­լով Ե­լից գիր­քէն: Հրեայ ժո­ղո­վուր­դի քա­ռա­սուն եր­կար տա­րի­նե­րու ա­նա­պա­տին մէջ թա­փա­ռու­մը պէտք է ըն­կա­լել որ­պէս Աս­տուած-ժո­ղո­վուրդ յա­րա­բե­րու­թեան, ի­րա­րու նկատ­մամբ վստա­հու­թեան եւ ի­րա­րու առըն­չուե­լու  գրա­ւա­կա­նը: Եւ թէ Աս­տու­ծոյ «խոս­տու­մը»՝ «յոյ­սը», որ «իր ժո­ղո­վուր­դը» պի­տի հասց­նէ «խոս­տա­ցուած եր­կի­րը», պէտք չէ ան­պայ­մա­նօ­րէն առըն­չել «մէկ ժո­ղո­վուր­դի» պատ­մու­թեան, եւ ոչ ալ «եր­կի­րը» պէտք է հասկ­նալ ներ­կայ օ­րե­րու մի­ջի­նա­րե­ւե­լեան հո­ղի ու տա­րա­ծքաշր­ջա­նի քա­ղա­քա­կան ու ռազ­մա­վա­րա­կան հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու բա­ցատ­րու­թեան մէ­ջէն: «Իր ժո­ղո­վուր­դը» ու­նի ընդ­հան­րա­կան (հա­մա­մարդ­կա­յին) բա­ցատ­րու­թիւն եւ մեկ­նա­բա­նու­թեան  հաս­կա­ցո­ղու­թիւն: Իսկ «եր­կիր»ը խոս­տումն է հաս­նե­լու նո­րին ու նոր սկիզ­բին եւ բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­մար (Նա­յիմ Ա­թիք, 1995): Եւ Հին Կտա­կա­րա­նի մար­գա­րէու­թիւն­նե­րու մէ­ջէն կը տես­նենք այս հա­մա­պար­փակ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը: «Ո՛վ կղզի­ներ, ին­ծի մտիկ ը­րէք, ո՛վ ժո­ղո­վուրդ­ներ, հե­ռուէն ա­կանջ տուէք… որ­պէս­զի մին­չեւ երկ­րին ծայ­րը իմ փրկու­թիւնս ըլ­լայ» (Ե­սա­յեայ 49:1,6): Ու տա­կա­ւին նոյն Մար­գա­րէու­թիւն­նե­րու մէջ՝ այս նո­րին՝ ի­մա՛ վե­րա­նո­րո­գու­մի խոս­տու­մը կ՚ե­րե­ւի. «Իմ տունս ա­նոր մէջ պի­տի շի­նուի… իմ քա­ղաք­նե­րը նո­րէն բա­րիք­նե­րով պի­տի յոր­դին եւ Տէ­րը նո­րէն Սիո­նը պի­տի մխի­թա­րէ» (Զա­քա­րեայ 1:16-17):

Բայց կայ այս նոյն «խոս­տու­մին»՝ յոյ­սին ի­րա­կա­նա­ցու­մը: Եւ այս կու գայ Նոր Կտա­կա­րա­նի մէջ Աս­տու­ծոյ՝ «Մե­սիա­յով»՝ ի­մա՛ Քրիս­տո­սով: Եւ խոս­տու­մը՝ (ի­մա՛ յոյ­սը եւ ա­նոր յա­ռա­ջա­ցու­ցած փո­փո­խու­թիւ­նը) մար­դուն  վե­րա­նո­րո­գու­մի հաս­կա­ցո­ղու­թեան մէջ էր, որ ի­րա­կա­նա­ցաւ Աս­տու­ծոյ մար­դե­ղու­թեամբ: Եւ հոս է, որ պէտք է կամր­ջել Հին Կտա­կա­րա­նի Աս­տուա­ծը՝ Ե­հո­վան ու Նոր Կտա­կա­րա­նի Մե­սիան՝ Քրիս­տո­սը՝ որ­պէս մէկ ինք­նու­թիւն: Ե­հո­վա­յին յոյ­սի խոս­տու­մը՝ մար­դուն վե­րա­նո­րո­գու­մը, որ կ՚ի­րա­կա­նա­նայ Մե­սիա­յին՝ Քրիս­տո­սի յայտ­նու­թեամբ:

Ո­ւոլ­թըր Պրուկ­ման (2001) «նոր»ը կը նկա­րագ­րէ Քրիս­տո­սի խա­չին հաս­կա­ցո­ղու­թեան ընդ­մէ­ջէն: Ան կը ներ­կա­յաց­նէ, թէ Քրիս­տոս «քննա­դա­տեց» հի­նը, երբ այս աշ­խար­հի մէջ էր եւ իր մա­հուամբ խա­չին վրայ քան­դեց այն բո­լո­րը, զորս քննա­դա­տեց: Իր յա­րու­թեամ­բը շի­նեց «նոր»ը՝ վե­րա­նո­րո­գուած հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը, որ­պէս­զի մարդ­կու­թիւ­նը ու­նե­նայ նոր սկիզբ: Եւ այս նոր սկիզբն է, որ մար­դուն եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան կեան­քե­րուն մէջ կը յա­ռա­ջաց­նէ փո­փո­խու­թիւն՝ վե­րա­նո­րո­գու­մի տես­լա­կա­նով: Եւ այս վե­րա­նո­րո­գու­մի տես­լա­կա­նը վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը կը դնէ որ­պէս «ան­յե­տաձ­գե­լի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն»:

«Եւ այս վե­րա­նո­րո­գու­մի կի­զա­կէ­տը, քրիս­տո­նէա­կան մօ­տե­ցու­մով, մարդն է…»: Մար­դուն փո­փո­խու­թիւնն է, վե­րա­նո­րո­գումն է, որ յա­ռաջ պի­տի տա­նի հա­ւա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­նո­րո­գու­մը: Եւ ե­կե­ղե­ցի հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը պէտք է ըն­դար­ձա­կել նոյ­նինքն այս նոր՝ վե­րա­նո­րո­գուած մարդ­կա­յին կեան­քի տե­սա­դաշ­տէն: Հոն, ուր ե­կե­ղե­ցին «իր կեան­քին ու ա­ռա­քե­լու­թեա­նը օ­րա­կար­գին վրայ միշտ ա­ռաջ­նա­հերթ տեղ տուաւ վե­րա­նո­րո­գու­մին» (Ա­րամ Ա. վե­հա­փառ հայ­րա­պետ):

Ո­րով­հե­տեւ ե­կե­ղե­ցին  այս վե­րա­նո­րո­գուած եւ վե­րա­նո­րո­գող կեան­քե­րը տե­ւա­պէս «ար­տադ­րե­լու» հրա­մա­յա­կա­նին մէջ գտնուած է ու պէտք է շա­րու­նա­կէ ը­նել նոյ­նը:

Ե­թէ Քրիս­տո­սի խա­չը եւ յա­րու­թիւ­նը աշ­խար­հը չփո­խե­ցին, բայց Ան փո­խեց Իր ա­ռա­քեալ­նե­րը: Եւ ա­ռա­քեալ­նե­րը փո­խե­ցին աշ­խար­հը (Ճոան Տե­լափ­լէյն, 2012): Եւ վե­րա­նո­րո­գու­մի գոր­ծըն­թա­ցը փո­փո­խու­թիւն յա­ռա­ջաց­նե­լու մէջ է: Ե­թէ այս փո­փո­խու­թիւ­նը չըլ­լայ՝ քրիս­տո­նէա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թե­նէն եւ ա­նոր պրիս­մա­կէն, սխալ բան մը պա­տա­հած պի­տի ըլ­լայ: Փո­փո­խու­թիւ­նը եւ ա­նոր հետ յա­ռաջ ե­կած նորն ու նո­րու­թիւ­նը շա­րու­նա­կուող եւ տե­ւա­պէս ա­ճող, զար­գա­ցող եւ վե­րա­նո­րո­գող գոր­ծըն­թաց մըն է, ուր ան­հա­տա­կան եւ հա­ւա­քա­կան մեր կեան­քե­րը տե­ւա­պէս կը վե­րա­նո­րո­գուին:

Եւ վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը վե­րա­նո­րո­գու­մի այս աստուա­ծա­բա­նա­կան միտք բա­նին է, որ կը  դնէ մեր ազ­գա­յին-հա­ւա­քա­կան կեան­քե­րուն հա­մար եւ՝ 2017 տա­րուան որ­պէս գի­տակ­ցու­թիւն: Ո­րով­հե­տեւ, եւ ինչ­պէս վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը կ՚ըն­դար­ձա­կէ իր տե­սու­թիւ­նը, «կա­րե­լի չէ բա­ժան­ման գիծ մը քա­շել քրիս­տո­նէա­կան ու ազ­գա­յին մօ­տե­ցում­նե­րուն կամ ար­ժե­ւոր­ման մի­ջեւ»: Եւ այս ի­մաս­տով, մեր հա­մա­հայ­կա­կան (սփիւռք եւ հայ­րե­նիք) վե­րա­նո­րո­գու­մի գոր­ծըն­թա­ցը կը սկսի նոյ­նինքն հայ մար­դէն: Իւ­րա­քան­չիւ­րէս…

Հայ մար­դուն վե­րա­նո­րո­գու­մը կա­րե­ւոր հիմք է: Բայց կայ նոյն­քան գի­տակ­ցու­թիւ­նը: Իւ­րա­քան­չիւր վե­րա­նո­րո­գուած հայ անհ­րա­ժեշտ է, որ դառ­նայ «Ա­ռա­քեալ»…: Ա­ռա­քեալ, որ պար­տի  վե­րա­նո­րո­գել միւս հա­յը… Ու բո­լո­րը միա­սին հայ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ Ազգ ու Հայ­րե­նիք: Եւ վե­հա­փա­ռը կը դնէ այս ի­րա­կա­նու­թիւ­նը հա­յուն դի­մաց՝ որ­պէս մար­տահ­րա­ւէր: «Իւ­րա­քան­չիւր ազ­գի զա­ւակ՝ որ­պէս հա­րա­զատ ան­դա­մը մեր Մեծ Ըն­տա­նի­քին, որ կո­չուած է իր ապ­րած կեան­քի ո­րա­կով ու հա­րուստ գոր­ծե­րով կա­րե­ւոր նպաս­տը բե­րե­լու մեր ե­կե­ղեց­ւոյ, ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին…»:

Հա­յուն վե­րա­նո­րո­գու­մի գոր­ծըն­թա­ցը հայ մար­դէն կը սկսի, բայց կը շա­րու­նա­կուի՝ հաս­նե­լու հա­մար հա­ւա­քա­կա­նու­թեան, ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին: Ա­պա թէ ոչ, եւ ինչ­պէս վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը կը զգու­շաց­նէ.  «Մեր հա­մայ­նա­կան կեան­քե­րը դէ­պի մե­կու­սա­ցում, աղ­քա­տա­ցում ու ճահ­ճա­ցում կրնան եր­թալ»:

Հայ մար­դուն վե­րա­նո­րո­գու­մը: Թող որ 2017 տա­ր-ւան հա­մար դառ­նայ ա­ռա­քե­լու­թիւն, ուր իւ­րա­քան­չիւր հայ կը վե­րա­նո­րո­գուի, բայց նաեւ կը դառ­նայ… Ա­ռա­քեալ: Եւ կը վե­րա­նո­րո­գէ միւս հա­յը: Ու բո­լորը միա­սին կը վե­րա­նո­րո­գեն հայ­կա­կան հա­ւա­քա­կան կեան­քը:

Եւ ա­սի­կա հա­յուն վե­րա­նո­րո­գու­մի գոր­ծըն­թացն է, ուր իւ­րա­քան­չիւր հայ կը վե­րա­նո­րո­գուի եւ կը վե­րա­նո­րո­գէ: Հայ ան­հա­տը եւ նաեւ՝ հայ­կա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն(ներ)ը:

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ


Օգ­տա­գոր­ծուած աղ­բիւր­ներ.

Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կոս, «Վե­րա­նո­րո­գու­մի տա­րի», 2017: Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւն Հա­յոց Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ, Ան­թի­լիաս, Լի­բա­նան, 2017:
Jesse N. K. Mugambi and Michael R. Guy, Contextual Theology Across Cultures (Nairobi: Action Publishers, 2009).
Walter Brueggemann. The Prophetic Imagination (Minneapolis: Fortress Press, 2001).
Naim S. Ateek, «A Palestinian Perspective: Biblical Perspectives on the Land», in Voices from the Margins, ed. R.S. Sugirtharajah (London: Orbis Books, 1995).
Joan Delaplane, «A Future Full of Hope», The Living Pulpit (January-March 2012).

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017