«Յետ­վի­րա­բու­ժու­թեան Խնամք»

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Լի­բա­նա­նա­հայ օգ­նու­թեան խա­չի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­ռող­ջա­պա­հա­կան յանձ­նա­խում­բին եւ «Ա. Պուլ­ղուր­ճեան» ըն­կե­րաբժշ­կա­կան կեդ­րո­նի նա­խազ­գու­շա­կան բա­ժան­մուն­քին, «Թնճու­կեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Յետ­վի­րա­բու­ժու­թեան խնամք» նիւ­թով դա­սա­խօ­սու­թիւն, զոր ներ­կա­յա­ցուց հի­ւան­դա­պահ Վի­քի Հեր­կե­լեան:

Ա­ռող­ջա­պա­հա­կան յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ Սի­րուն Վար­դա­պե­տեան բա­ցատ­րեց, որ ա­ռող­ջու­թիւ­նը իւ­րա­քան­չիւ­րիս պի­տի ըն­կե­րա­նայ մին­չեւ մահ: Ան դի­տել տուաւ, որ ա­ռող­ջու­թիւ­նը կրնայ խախ­տիլ, վատ­թա­րա­նալ, ուս­տի պէտք է դի­մել եր­կու գլխա­ւոր ուղ­ղու­թեան՝  դե­ղօ­րայ­քի օգ­տա­գոր­ծում կամ  վի­րա­բու­ժա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն:

Ա­ռա­ջի­նին պա­րա­գա­յին, դե­ղե­րուն կա­նո­նա­ւո­րու­թեամբ ու հեր­թա­կա­նու­թեամբ հե­տե­ւե­լով կա­րե­լի է բա­րե­լա­ւել ա­ռող­ջու­թիւ­նը: Երկ­րոր­դին պա­րա­գա­յին, վի­րա­հա­տու­թեան ըն­թաց­քին եւ ան­կէ ետք խնամ­քի բա­ժի­նով, ո­րուն կը վե­րա­բե­րի օ­րուան դա­սա­խօ­սու­թիւ­նը:

Հի­ւան­դա­պահ Վի­քի Հեր­կե­լեան դա­սա­խօ­սու­թեան սկսաւ՝ բա­ցատ­րե­լով, որ բո­լորս ալ վի­րա­հա­տու­թեան են­թար­կուած ենք եւ ա­ռա­ւել կամ նուազ չա­փով ծա­նօթ ենք ըն­թաց­քին ու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն՝ ա­ւելց­նե­լով, որ ա­նի­կա ու­նի իր պատ­րաս­տու­թեան բա­ժի­նը, վի­րա­հա­տա­կան ըն­թացքն ու ա­նոր յա­ջոր­դող խնամ­քը:

Ան բա­ցատ­րեց վի­րա­բու­ժա­կան գոր­ծո­ղու­թեան պատ­րաս­տու­թեան ըն­թաց­քին մա­սին, ուր բժիշ­կը կը յանձ­նա­րա­րէ կա­տա­րել զա­նա­զան ախ­տա­ճա­նաչ­ման քննու­թիւն­ներ, ո­րոնք անհ­րա­ժեշտ են նախ­քան վի­րա­բու­ժու­թեան հանգ­րուան­նե­րը: Հի­ւան­դը նաեւ կը հան­դի­պի բժիշ­կին, որ անհ­րա­ժեշտ բո­լոր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը կ՚առ­նէ եւ հի­ւան­դը կը պատ­րաս­տէ վի­րա­բու­ժու­թեան փու­լե­րուն: Այս բա­ժի­նով դա­սա­խօ­սը յի­շեց քաղց­կե­ղի պա­րա­գան,  երբ ան­հա­տը անհ­րա­ժեշտ է տե­ղեակ պա­հել, պատ­րաս­տել, որ­պէս­զի ան ա­մե­նայն գի­տակ­ցու­թեամբ գոր­ծակ­ցի ու նպաս­տէ բուժ­ման ըն­թաց­քին:

Հի­ւան­դա­պա­հը ման­րա­մաս­նօ­րէն բա­ցատ­րեց, թէ գոր­ծո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ի՛նչ պէտք է ըլ­լայ խնդրոյ ա­ռար­կայ ան­ձին գոր­ծակ­ցու­թեան բա­ժի­նը, յատ­կա­պէս երբ բժիշ­կը ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս դադ­րե­ցու­ցած կ՚ըլ­լայ դե­ղօ­րայ­քը: Ան­հա­տը պէտք է քա­ջա­տե­ղեակ ըլ­լայ դե­ղե­րու գոր­ծա­ծու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քին մա­սին: Այս բա­ժի­նով Վի­քի Հեր­կե­լեան ման­րա­մաս­նօ­րէն բա­ցատ­րեց յետ­վի­րա­բու­ժա­կան խնամ­քի մա­սին՝ նշե­լով, որ զգա­յազր­կիչ դե­ղի ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու ան­կէ արթն­նա­լը կա­խեալ է օգ­տա­գոր­ծուած զգա­յազր­կիչ դե­ղին քա­նա­կէն: Այս բա­ժի­նի մէջ նաեւ անհ­րա­ժեշտ է ի­րա­զեկ ըլ­լալ, թէ ան­հա­տը կը տա­ռա­պի՞ ո­րե­ւէ գերզ­գայ­նու­թե­նէ: Այս հանգ­րուա­նին նաեւ անհ­րա­ժեշտ է հե­տե­ւիլ ընդ­հա­նուր ցա­ւե­րու, սրտխառ­նու­քի, մարմ­նի զա­նա­զան շար­ժում­նե­րուն, ձեռ­քե­րու, ոտ­քե­րու, ինչ­պէս նաեւ հո­գե­բա­նա­կան ազ­դա­կին:

Վի­րա­բու­ժու­թե­նէ ետք խնամ­քը կը շա­րու­նա­կուի նաեւ տան մէջ: Այս փու­լին անհ­րա­ժեշտ է ճշգրտօ­րէն հե­տե­ւիլ բժիշ­կի թե­լադ­րանք­նե­րուն, դե­ղե­րուն օգ­տա­գոր­ծու­մը ըլ­լայ կա­նո­նա­ւոր ու հե­տե­ւո­ղա­կան: Զգու­շու­թեամբ հե­տե­ւիլ ո­րե­ւէ բար­դու­թեան, որ կրնայ ծա­գիլ: Յա­ճախ վի­րա­բու­ժու­թե­նէ ետք բժիշ­կը կը յանձ­նա­րա­րէ մար­ձու­մի հե­տե­ւե­լու ժա­մա­նա­կա­մի­ջոց մը, որ­պէս­զի ան­հա­տը վե­րա­դառ­նայ իր բնա­կան կեան­քին:

Իբ­րեւ եզ­րա­կա­ցու­թիւն՝ հի­ւան­դա­պա­հու­հին թե­լադ­րեց.

ա.- Ան­պայ­ման շա­րու­նա­կա­բար հե­տե­ւիլ հի­ւան­դին բուժ­ման ըն­թաց­քին՝ նուա­զեց­նե­լու հա­մար բար­դու­թիւն­նե­րու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը վի­րա­բու­ժա­կան գոր­ծո­ղու­թե­նէն ետք,

բ.- Նախ­քան հի­ւան­դա­նո­ցէն մեկ­նի­լը՝ բա­ւա­րար տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու­նե­նալ խնամ­քի վե­րա­բե­րեալ,

գ.- Ինչ­պէս նաեւ ո­րե­ւէ հար­ցի պա­րա­գա­յին դի­մել բժիշ­կին:

Ա­ւար­տին Վի­քի Հեր­կե­լեան զա­նա­զան բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով ու օ­րի­նակ­նե­րով պա­տաս­խա­նեց ներ­կա­նե­րու հար­ցում­նե­րուն:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2017