Չորեքշաբթի 20, Նոյեմբեր 2024
ՀԱՆՐԱՔՈՒԷԻ ԹՈՒԱԿԱՆԸ ԿՐՆԱՅ ԶՈՒԳԱԴԻՊԻԼ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԻՆ
Արդարատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ այս առաւօտ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ TRT-էն։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ սահմանադրութեան բարեփոխման ուղղեալ հանրաքուէին համար որպէս թուական կը նախատեսուի Ապրիլի 16-ը։ Այսպէսով, եթէ այդ թուականը վերջնականօրէն յստակենայ, ապա հանրաքուէն պիտի զուգադիպի Ս. Զատկի տօնին։
Պեքիր Պոզտաղ յայտնեց, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան չունի որեւէ տատամսում եւ հանրաքուէն կը նախատեսուի Ապրիլի 16-ին։
Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017