ՍԻՐԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ՔԱՆԴԱԿ

Ե­րե­ւա­նի Սի­րա­հար­նե­րու այ­գիի տա­րած­քին պի­տի տե­ղադ­րուի «Սի­րա­հար­ներ» ար­ձա­նը: Տե­ղադր­ման հա­մա­ձայ­նու­թիւն տա­լու հա­մար հար­ցը ընդգր­կուած է Ե­րե­ւա­նի ա­ւա­գա­նիի յա­ռա­ջի­կայ նիս­տի օ­րա­կար­գին մէջ, կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի կայ­քէ­ջը:

Քան­դա­կին հե­ղի­նա­կը Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­կան նկա­րիչ, քան­դա­կա­գործ Դա­ւիթ Ե­րե­ւան­ցին է (Դա­ւիթ Նի­կո­լի Բա­բա­յեան):  Ա­նոր գոր­ծե­րը տե­ղադ­րուած են աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ Փա­րի­զի եւ ա­նոր ա­րուար­ձան­նե­րուն մէջ տե­ղադ­րուած է Դա­ւիթ Ե­րե­ւան­ցիի շարք մը գոր­ծե­րը:

Ա­նուա­նի քան­դա­կա­գոր­ծին հե­ղի­նա­կած աշ­խա­տանք­նե­րէն են՝ Մեծ Ե­ղեռ­նի զո­հե­րուն նուի­րուած յու­շար­ձա­նը (Լի­լաս քա­ղա­քի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ, Ֆրան­սա), Կո­մի­տա­սի յու­շար­ձա­նը (Փա­րիզ), «Ղա­րա­բաղ­ցի կի­նը» քան­դա­կը (1988, Ե­րե­ւան), Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեա­նի յու­շար­ձա­նը (2008, Ե­րե­ւան), «Վարք յա­ւեր­ժու­թեան» քան­դակ (2012, Ե­րե­ւան), Գրի­գոր Հաս­րա­թեա­նի յու­շա­քա­րը: Հե­ղի­նակ է նաեւ դրուա­գում­նե­րու («Կո­մի­տաս», 1968, պրոնզ, «Աղ­ջիկ», 1972, պղինձ եւ այլն), գե­ղան­կար­նե­րու, դի­ման­կար­նե­րու, մե­տայլ­նե­րու, զար­դե­րու:

«Քան­դա­կա­գործ Դա­ւիթ Ե­րե­ւան­ցիի հե­ղի­նա­կած եւ Ե­րե­ւան քա­ղա­քին նուի­րա­բե­րած «Սի­րա­հար­ներ» քան­դա­կա­յին աշ­խա­տան­քը Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տին կից գե­ղա­րուես­տի յանձ­նա­ժո­ղո­վի կող­մէ ար­ժա­նա­ցած է հա­ւա­նու­թեան եւ առ­կայ է նաեւ Ե­րե­ւան քա­ղա­քի Սի­րա­հար­նե­րու այ­գիի տնօ­րի­նու­թեան հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը», ը­սուած է ա­ւա­գա­նիի ո­րոշ­ման նա­խագ­ծին մէջ:

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017