Չորեքշաբթի 20, Նոյեմբեր 2024
ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԹՈՒՐՔԻԱ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս երկօրեայ աշխատանքային այցելութեան մը համար այսօր կը ժամանէ Թուրքիա։ Տարեմուտի դրութեամբ պաշտօնի կոչուած ընդհանուր քարտուղարը առաջին անգամ կը հիւրընկալուի Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ։ Ան ձեռնարկած է տարածքաշրջանային այցելութեան մը եւ այդ ծիրին մէջ շփումներ կ՚ունենայ Թուրքիոյ մէջ։
Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Կիպրոսի հիմնախնդիրը, Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններն ու մանաւանդ մարդասիրական կացութիւնը։ Կողմերը ծաւալուն կարծիքի փոխանակումներ կ՚ունենան նաեւ միջազգային կամ տարածքաշրջանային բնոյթով հարցերու շուրջ։
Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017