ԷՐՏՈՂԱՆԷՆ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ վաւերացուց՝ Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ օրէնքը։ Ծանօթ է, որ վերջին օրերուն հանրային կարծիքը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւէր Պեշթեփէի վաւերացման եւ այսպէսով Էրտողան արդէն վերջնական հաւանութիւնը տուաւ Սահմանադրութեան փոփոխութեան։ Վաւերացեալ օրէնքը Հանրապետութեան նախագահին կողմէ ուղարկուեցաւ վարչապետարան՝ որպէսզի ներկայացուի հանրաքուէի։
Այսպէսով Էրտողանի վերջնական վաւերացումով երկրին առջեւ յստակացաւ հանրաքուէի հորիզոնը։ Կառավարութեան բանբերը՝ փոխ-վարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ երէկ յայտարարեց, որ հանրաքուէն հաւանաբար տեղի ունենայ Ապրիլի 16-ին եւ Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը պիտի հրապարակէ վերջնական թուականը։ Ինչպէս ծանօթ է, Արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղն ալ նախընթաց օր խօսած էր նոյն թուականին մասին։ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմն ալ երէկ հաստատեց նոյն թուականը, մինչ Սահմանադրութեան փոփոխութեան նախագիծը լոյս տեսաւ նաեւ Պաշտօնաթերըին մէջ։
Հիմա արդէն երկրի օրէնսդրութեան նախատեսած ձեւով Թուրքիա պիտի առաջնորդուի հանրաքուէի մը, որով կը նախատեսուի բարեփոխել երկրին Սահմանադրութիւնը։ Եթէ Սահմանադրութիւնը փոխուի, ապա երկրի կառավարման համակարգը խորհրդարանականի փոխարէն պիտի դառնայ նախագահական։ Հանրային կարծիքին մօտ արդէն սկսած է բուռն բանավէճ մը այս նիւթին շուրջ։