Գառնիի Մէջ Ճոպանուղի Կառուցում

Հա­յաս­տա­նի Բնա­պահ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սէ Գառ­նիի մէջ ճո­պա­նու­ղի կա­ռու­ցել: Այս մա­սին լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ ար­տա­յայ­տուած է Հա­յաս­տա­նի Բնա­պահ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ար­ծուիկ Մի­նա­սեան։ Ան նշած է, որ ի­րենք շուրջ 180 մի­լիոն տո­լա­րի ներդ­րու­մա­յին ծրա­գիր­ներ պի­տի ի­րա­կա­նաց­նեն։

«Մենք մեր ներ­կայ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը որ­դեգ­րած ենք շրջա­կայ մի­ջա­վայ­րի պահ­պա­նու­թեան ուղ­ղեալ գան­ձատ­րա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­մախմբ­ման եւ նպա­տա­կա­յին ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ», ը­սած է Ար­ծուիկ Մի­նա­սեան:

Ման­րա­մաս­նե­լով Գառ­նիի ճո­պա­նու­ղիի ծրա­գի­րը, նա­խա­րա­րը նշած է, որ ա­նի­կա կը նե­րա­ռէ Քա­րե­րու սիմ­ֆո­նիա­յի յու­շար­ձա­նը ու Խոս­րո­վի ան­տառ ար­գե­լո­ցը:

«Կ՚ու­զենք ի­րա­կա­նաց­նել ծրա­գիր մը, որ ու­ղիղ կապ պի­տի ու­նե­նայ նաեւ Խոս­րո­վի ան­տառ ար­գե­լո­ցի հետ եւ հե­տաքրք­րա­կան շղթայ պի­տի ա­պա­հո­վէ: Ընդ­հա­նուր նպա­տակն է ու­նե­նալ ճո­պա­նու­ղի մը, որ կ՚ա­պա­հո­վէ ել­քը ձո­րի վրա­յէն եւ այ­ցե­լու­նե­րը կը տա­նի Քա­րե­րու սիմ­ֆո­նիա­յի մօտ», ը­սած է նա­խա­րա­րը՝ ա­ւելց­նե­լով, որ նախ­նա­կան գնա­հատ­մամբ ծրա­գի­րը կ՚ար­ժէ շուրջ 5 մի­լիոն տո­լար:

Ար­ծուիկ Մի­նա­սեան նշած է նաեւ, որ այժմ կ՚աշ­խա­տին նա­խագ­ծում­նե­րու վրայ: Կը նա­խա­տե­սուի կա­ռու­ցել նաեւ կա­մուրջ եւ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սուած տե­ղե­կա­տուա­կան կեդ­րոն­ներ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2017